Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահները Չորեքշաբթի Օր
Պիտի Քննարկեն Տնտեսական Բարեկարգումի Ծրագիրը
Մինչ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ժողովրդային շարժումին կողմէ ցոյցերը կը շարունակուին, յատկապէս Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ, երկրին իշխանութիւնները կը շարունակեն Լիբանանը տնտեսական իր տագնապէն փրկելու ջանքերը:
30 ապրիլին կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը չորեքշաբթի, 6 մայիս 2020-ին պիտի քննարկուի երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն կողմէ, նախագահական պալատին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով:
Այս հրաւէրը յղուած է քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ սահմանադրական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
Բայց եւ այնպէս, երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հանդիպումին մերժեց մասնակցիլ Մուսթաքպալ պլոքը` նշելով, որ այդ ծրագիրը քննարկելու բնական վայրը խորհրդարանն է:
Պաապտայի մէջ պատրաստուող այս հանդիպումէն անկախ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին զուտ քաղաքական բովանդակութեամբ պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ:
Իսկ կառավարութիւնը վաղը կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին իր ընթացիկ նիստը պիտի գումարէ նախագահական պալատին մէջ:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 739-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 6 վարակուածներ, որոնցմէ երկուքը Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներ, երկուքը` Կինէայէն Լիբանան հասած արտերկրի լիբանանցիներ, իսկ միւս երկուքը` Ապիճանէն Լիբանան եկած արտերկրի լիբանանցիներ:
Նախարարութիւնը նշեց նաեւ, որ 21 փետրուար 2020-էն ի վեր Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 25 մահուան պարագաներ, իսկ բուժուած են 200 ուրիշներ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան հաստատեց, որ Լիբանանի փողոցներուն մէջ տիրող կացութիւնը մտահոգիչ է եւ կը վտանգէ քաղաքացիներուն` բնականոն կեանքի վերադարձը:
Ան շեշտեց, որ պէտք է յանձնառու մնալ կառավարութեան ծրագիրին եւ շատ զգուշ ըլլալ:
Նշենք, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի Բ. փուլը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է, եւ այդ շրջագիծին մէջ այսօր Լիբանան կը հասնի Երեւան-Պէյրութ թռիչքը, որուն պարագային տեղերու սահմանափակումը վերացնելու համար երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան վարչապետ Հասսան Տիապի եւ արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթիի հետ անհրաժեշտ դասաւորումը կատարեց ապահովելու համար աւելի մեծ թիւով լիբանանահայեր Պէյրութ փոխադրելու կարելիութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր զօրաշարժի Բ. փուլի գործադրութեան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ հրապարակեց նոր որոշում մը, որուն հիման վրայ այլ վաճառատուներ եւս պիտի վերաբանան իրենց դռները:
Ներքին գործոց նախարարութեան շրջաբերականին համաձայն,
այսօր կը վերաբացուին ճաշարանները, որոնք կը գործեն շաբթուան բոլոր օրերը` առաւօտեան ժամը 5:00-էն երեկոյեան ժամը 9:00, բայց` իրենց կարողութեան միայն 30 առ հարիւրին համաձայն: Իսկ կլկլակներու մատուցումը բացարձակապէս արգիլուած է: Այդ օրէնքը խախտելու պարագային Ներքին ապահովութեան ուժերը կրնան փակել ճաշարանը:
Այրերու յատուկ սափրիչները իրենց խանութները կրնան վերաբանալ երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն երեկոյեան ժամը 5:00, պայմանով որ յաճախորդները նախապէս ժամադրութիւն առած ըլլան:
Կիներու յատուկ վարսայարդարները իրենց խանութները կրնան վերաբանալ հինգշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն երեկոյեան ժամը 5:00, կրկին` ժամադրութեամբ:
Ամբողջ շաբթուան ընթացքին իրենց դռները կրնան վերաբանալ նաեւ ինքնաշարժ վաճառող հաստատութիւններ` նոր թէ գործածուած:
Սրճարանները եւ մարզադաշտերը կը մնան փակ, իսկ ծովափը քալելը արտօնելի է առաւօտեան ժամը 5:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ բոլոր պարագաներուն ալ պէտք է դիմել անհրաժեշտ նախազգուշութիւններուն` օգտագործելով դիմակն ու ձեռնոցները: