Կրթական Հաստատութիւնները Աստիճանաբար
Եւ Որոշ Սահմանափակումներով Պիտի Բանան Իրենց Դռները
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 12 անձեր, որոնցմէ 6-ը արտերկրի լիբանանցիներ են:
Զեկոյցը նշեց, որ վարակուածներուն 9 առ հարիւրին առողջական վիճակը ծանր է, իսկ 65 առ հարիւրինը` թեթեւ կամ միջակ, մինչ 26 առ հարիւրը ոչ մէկ ախտանշան ունի:
Միւս կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան նախարար դոկտ. Թարիք Մաժզուպ երէկ կրթութեան նախարարութեան մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ պետական քննութիւններուն եւ կրթական տարեշրջանին մասին: Նախարարը յայտնեց, որ մեկուսացման շրջանին կարելի եղաւ աշակերտները պահել դասաւանդման մթնոլորտին մէջ պատկերասփռուած եւ առցանց միջոցներով` նշելով, որ առցանց դասաւանդումը այլընտրանք մը չէ դպրոցին: Ան դիտել տուաւ, որ առցանց դասաւանդման ձեւը մատչելի չեղաւ բոլոր աշակերտներուն:
Նախարարը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը որոշ չափով դրական է, հետեւաբար կառավարութիւնը որոշեց աստիճանաբար բանալ կրթական հաստատութիւնները: Ըստ նախարար Մաժզուպի, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագայի արձանագրուելէն անմիջապէս ետք նախարարութիւնը հետեւողական կերպով աշխատեցաւ, հանդիպումներ կատարեց եւ պատրաստեց բոլոր հաւանական տարբերակները:
Ապա նախարարը ներկայացուց կրթական տարեշրջանին եւ պետական քննութիւններուն վերաբերող ծրագիրը.
– Համալսարաններու եւ պետական քննութեան մասնակցող ընդհանուր եւ արուեստից կրթութեան դասարաններուն դասերը պիտի վերսկսին 28 մայիսին, եւ իւրաքանչիւր կրթական հաստատութեան տնօրէն պիտի որոշէ աւարտի թուականը: Կարելի է նաեւ 6 օր դպրոց յաճախել:
– Մանկապարտէզներուն եւ տարրական դասարաններուն առցանց դասաւանդումը պիտի շարունակուի մինչեւ մայիսի աւարտը, եւ աշակերտները ինքնաբերաբար պիտի յաջողին եւ անցին աւելի բարձր դասարաններ: Այս ձեւը որդեգրուած է` տրուած ըլլալով, որ այս դասարաններուն մէջ դժուար է նախազգուշական առողջապահական միջոցառումներու դիմել: Կրթական յաջորդ տարեշրջանը պիտի սկսի ամառնային արձակուրդէն ետք:
– Ընդհանուր եւ արուեստից դպրոցներու մնացեալ դասարանները տարին պիտի շարունակեն 11 յունիսէն սկսեալ խառն ձեւով` կիսաժամ դպրոց երթալով եւ առցանց: Իւրաքանչիւր դպրոցի տնօրէն պիտի պատրաստէ մեքանիզմ, որ կը միտի թեթեւցնել իւրաքանչիւր դասարանի նիւթերը: Առաջարկուած տարբերակներէն են` աշակերտները բաժնել 2 խումբի եւ իւրաքանչիւր խումբ դպրոց երթայ երեքական օր (օրական 4 ժամ), իսկ մնացեալ օրերը առցանց դասաւանդումը շարունակուի մինչեւ յուլիս: Օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներու արձակուրդէն ետք աշակերտները հոկտեմբերին կը սկսին կրթական նոր տարեշրջանի:
Նախարարը ընդգծեց, որ դպրոցական տարերշրջանի վերսկսման պիտի ուղեկցին առողջապահական, ընկերային, հոգեբանական միջոցառումները` համագործակցութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան, Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան եւ այլ համապատասխան կառոյցներու: Ան աւելցուց, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ ուղեցոյց մը, որուն մէջ պիտի բացատրէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը եւ փոխանցէ տուեալները:
– Աւարտական (պաքալորէա) եւ արուեստից դասարաններու պետական քննութիւններուն նիւթերը պիտի բաժնուին երկու մասերու` պարտադիր եւ ընտրովի: Աշակերտը կը ներկայացնէ պարտադիր նիւթերը եւ կը զատէ ընտրովի նիւթերէն քանի մը հատը: Քննութիւնները տեղի պիտի ունենան օգոստոսի կիսուն, իսկ երկրորդը առիթը պիտի տրուի սեպտեմբերին` կիրարկելով բոլոր առողջապահական միջոցառումները:
– Միջնակարդ 9-րդ դասարանի (պրէօվէ) քննութիւնները այս տարի բացառաբար չեղեալ համարուած են, եւ աշակերտները պիտի ստանան կրթութեան նախարարութեան կողմէ վաւերացուած վկայագիր, պայմանով որ անոնց անունները ընդգրկուած ըլլան 9-րդ դասարանի անուանացանկերուն վրայ եւ աշակերտները դպրոցական տարին շարունակեն 28 մայիսէն մինչեւ յուլիսի աւարտը:
Նախարարութիւնը պիտի դիմէ նաեւ այլ քայլերու, որոնք կ՛ուղեկցին այս գործընթացի գործադրման (օրինակ` դպրոցները քննիչներ ղրկել ստուգելու համար աշակերտներուն ներկայութեան պատկերը, նախազգուշական օրէնքներու գործադրութիւն եւ այլն):
Ինչ կը վերաբերի պրէօվէի քննութիւններու ազատ դիմումներուն, ապա անոնք պիտի կատարուին մէկ անգամ` օգոստոսի կիսուն: