«Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարելու ծիրին մէջ գործադրուող ընդհանուր զօրաշարժը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 7 յունիս 2020, սկսած է ներառել ո՛չ միայն ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերով երթեւեկելու իրաւունքը, այլ նաեւ հետիոտն փոխադրուողներուն եւ ինքնաշարժով փոխադրուողներուն դիմակի պարտադրութիւնը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, թէ ոեւէ քաղաքացի, որ դիմակ չի կրեր, 50.000 լ. ոսկիի տուգանք մը պիտի ստանայ:
Մսալլեմ ընդգծեց, որ հետիոտն, հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժի կամ հանրակառքի մէջ ոեւէ քաղաքացի, որ դիմակ չի կրեր, պիտի տուգանուի: «Ասիկա անձնական, ընտանեկան եւ ազգային պատասխանատուութիւն է», ըսաւ ան:
Այս բոլորին կողքին, կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը սկսի սերտել արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու Դ. փուլին մանրամասնութիւնները:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1172-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 4 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 705 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 3 վարակուածներ, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն շարքին արձանագրուած է 1 վարակուած:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ ստուգեց նախարարութեան տարբեր բաժանմունքները: Այս այցելութեան լոյսին տակ, Հասան հաստատեց, որ նախարարութեան դռները բաց են բոլորին դիմաց: «Քաղաքացիներուն տրամադրելիք որեւէ ծառայութեան համար նախարարութիւնը պատրաստ է, յատկապէս երբ հիւանդութենէ տառապող քաղաքացիներ կը դիմեն նախարարութիւն, անոնց պահանջը պէտք է իսկոյն նկատի առնուի», շեշտեց Հասան:
Հասան ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի զլանայ` քաղաքացիներուն իր ծառայութիւնները մատուցելու առումով:
Ցոյցերն Ու Բախումները Կը Վերադառնա՞ն
Երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Այն Թինէի մէջ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:
Երիտասարդ ցուցարարներ յայտնեցին, որ Այն Թինէի մէջ խոշտանգումի ենթարկուած են, եւ իրենց ինքնաշարժներուն վրայ յարձակում կատարուած է ու ինքնաշարժները` ջախջախուած: Անոնք այս յանցանքով մեղադրեցին խորհրդարանի յատուկ ապահովութեան ուժերը:
Ապա ցուցարարները ուղղուեցան ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր բախումներ արձանագրուեցան անոնց եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Անոնք բողոքեցին Այն Թինէի մէջ իրենց վրայ գործուած յարձակումին դէմ եւ որոշ ժամանակի համար փակեցին Համրան:
Երեկոյեան ժամը 8:30-ին խումբ մը ցուցարարներ փակեցին Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, իսկ կէս ժամ ետք, Սայտայի մէջ մեծ թիւով ցուցարարներ փակեցին Էլիա հրապարակը: