Կրթութեան Նախարարութիւնը 25 Յունիսը Կը Ճշդէ
Ուսումնական Տարեշրջանը Աւարտելու Պաշտօնական Թուական
«Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարելու ծիրին մէջ գործադրուող ընդհանուր զօրաշարժը տակաւին ընթացքի մէջ է: Երէկ արդէն իսկ կրակմարի դրութիւնը սկսաւ կէս գիշերէն` մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00, շարունակելով ներառել ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերով երթեւեկելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ հետիոտն ու ինքնաշարժով փոխադրուողներուն դիմակի պարտադրութիւնը:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք յայտնեց, որ 25 յունիսը 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը աւարտելու պաշտօնական թուականն է:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1233-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 13 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 27 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 712 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 7 վարակուածներ, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն շարքին` 6 վարակուածներ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ յայտնեց, որ ընդհանուր զօրաշարժը մեղմացնելու իմաստով կառավարութեան կողմէ նոր դասաւորումներ որդեգրուեցան` նկատի ունենալով ներքին լիբանանեան իմաստով արձանագրուած լաւ տուեալները: «Հակառակ անոր որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բարձր թիւ մը ունինք, սակայն այդ վարակուածները Պէյրութ հասած արտերկրի լիբանանցիներուն մէջ են մեծաւ մասամբ եւ ոչ թէ տեղացիներուն, ինչ որ դրական տուեալ կը նկատուի», ըսաւ Հասան:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան ընկերութեան գիտակից ըլլալն ու անոր պատասխանատու վարուելակերպը մղած են կառավարութիւնը, որ մեղմացնէ ընդհանուր զօրաշարժի քայլերը: «Բայց եւ այնպէս Լիբանան հասած արտերկրի լիբանանցիները պէտք է շարունակեն իրենց մեկուսացումը, իսկ լիբանանցիները յանձնառու մնան իրենց նախազգուշութիւններուն` պահպանելու համար վարակուածներու թիւը ցած պահելու նուաճումը», հաստատեց Հասան:
Հասան ընդգծեց դիմակ կրելու կարեւորութիւնը` զայն նկատելով «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի հիմնական գործիքը: «Անշուշտ մնացեալ քայլերը, ինչպէս` համախմբումներէ հեռու մնալը, մնայուն կերպով ձեռքերը մաքուր պահելը, հականեխումն ու ընկերային հեռաւորութիւնները յարգելը իրենց կարգին կարեւոր են: Եթէ պատահի, որ տեղացիներուն մօտ վարակուածներուն թիւը դարձեալ աճ արձանագրէ, ապա տրուած դիւրութիւնները եւ երկիրը վերաբանալու քայլերը վերատեսութեան պիտի ենթարկուին: Կ՛ակնկալենք լիբանանցիներէն, որ անոնք մեզի օժանդակեն նաեւ համեմատաբար աւելի հանգիստ օրերուն ընթացքին, ինչպէս որ կատարած են դժուար պայմաններուն ընթացքին», ըսաւ ան:
Հասան յայտնեց, որ Մաժտալ Այնճարի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը կարելի եղած է հակակշիռի տակ առնել օգտագործուած խիստ միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ գիւղաքաղաքի բնակիչներուն ցուցաբերած գործակցութեան շնորհիւ:
«Այս եւս կը նկատուի նուաճում մը` լիբանանեան քաղաքացիական մակարդակի վրայ», աւելցուց Հասան:
Հասան յայտնեց, որ 8 յունիսէն սկսեալ մանկամսուրները կրնան իրենց դռները վերաբանալ եւ իրենց կարողութեան 25 առ հարիւր համեմատութեամբ գործել: