Առաջին Անգամ Ըլլալով Մէկ Օրուան Մէջ
Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 589-ի
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 10,347-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 589 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 581-ը` տեղացիներ, իսկ 8-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 109 պարագաներ մահացած են, իսկ 2928 ուրիշներ` ապաքինած:
Առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին հիւանդանոցները 80 առ հարիւրով լեցուած են, եւ կը գտնուինք շատ վտանգաւոր կացութեան դիմաց:
Արաժի յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի դասաւորումով երեք դաշտային հիւանդանոցներ պիտի ուղարկուին Թրիփոլի, հարաւային Լիբանան եւ Պեքաա:
Իր կարգին, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան հասած է համաճարակի ամէնէն դժուար փուլին` հաստատելով, որ հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ միայն 20 անկողին մնացած է:
«Քորոնա»-ի համաճարակի արագ տարածումին պատճառով ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան տուած որոշումը կը սկսի գործադրուիլ վաղը` ուրբաթ, 21 օգոստոս 2020-էն մինչեւ 7 սեպտեմբեր 2020: Որոշուած է բոլոր հաստատութիւններն ու վաճառատուները փակ պահել եւ երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 կրակմարի դրութիւն հաստատել:
Լիբանանի բոլոր նահանգներուն մէջ, ամէն տեսակի վաճառատուները, շուկաները, ծովափները, լողաւազանները, մարզասրահները, մարզադաշտերն ու խաղավայրերը պիտի մնան փակ:
Ինչպէս կարգ մը այլ հաստատութիւններ, Պէյրութի միջազգային օդակայանը իր աշխատանքը սովորական կերպով պիտի շարունակէ: