Մինչ «Քորոնա» ժահրը արագընթաց կը տարածուի` վարակելով մեծ թիւով քաղաքացիներ, ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կ’որոշէ փակել երկիրը ` հակակշռելու կացութիւնը:
Սեփական մարզի ներկայացուցիչներ կը մերժեն այս որոշումը`վաճառատուներու փակումը նկատելով անխոհեմ քայլ:
Անոնց կարծիքով, աշխատիլ փափաքողները կրնան բաց պահել իրենց վաճառատուները:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի հաստատեց, որ օրէնքը պիտի գործադրեն այն հաստատութիւններուն եւ վաճառատուներուն դէմ, որոնք կը մերժեն փակումին յանձնառու մնալ:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 11.580-ի բարձրացաւ` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 628 նոր դէպք, որոնցմէ 619-ը` տեղացիներ, իսկ 9-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 116 պարագաներ մահացած են, իսկ 3204 ուրիշներ` ապաքինած:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու առողջապահութեան նախարարութեան յայտարարութիւններուն` դիմադրել կարենալու համար «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ դէպի անորոշութիւն չուղղուելու համար:
Պէյրութի արաբական համալսարանը կատարած իր այցելութեան աւարտին Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի Հանրապետութեան:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ դպրոցական վերամուտը սեպտեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ:
Մաժզուպ հաստատեց, որ իրենք պիտի որդեգրեն դասարանային եւ առցանց կրթական մեթոտները` աւելցնելով, որ պայմաններու վատթարացման պարագային պիտի վերադառնան առցանց կրթութեան ձեւերուն: