Հակառակ անոր որ լիբանանցիները կը հետեւին իրենց բնակարաններուն մէջ մնալու եւ անոնցմէ դուրս գալու կարելիութիւնները նուազեցնելու ցուցմունքներուն, բայց եւ այնպէս առողջապահութեան նախարարութիւնը դարձեալ կոչ ուղղեց անոնց` կառչած մնալու իր տուած որոշումներուն եւ բնակարանային մեկուսացման ենթարկուելու` տունէն դուրս ելլելու քայլը ձգելով միայն շատ կարեւոր պարագաներու:
Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով երէկ մահացաւ քաղաքացի մը, իսկ վարակուածներուն թիւը հասաւ 133-ի, այսինքն` երէկ վարակուածներուն թիւը 13-ով բարձրացաւ:
Մահացող քաղաքացին 90 տարեկան ծերունի մըն էր, որ նաեւ քաղցկեղէ կը տառապէր եւ շաբաթներէ ի վեր առողջական անկայուն վիճակի մէջ կը գտնուէր:
Սակայն Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժինին մէջ երէկ կէսօրէ ետք յիսուննոց կին մը մահացաւ: Հիւանդանոցին տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ կինը շունչի նեղութիւն եւ սրտի հարցեր ունէր, սակայն ջերմութիւն չունէր, ոչ ալ` թոքերու բորբոքում: Հիւանդանոցին տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ մահացող կնոջ «Քորոնա» ժահրի քննութիւն կատարուած է եւ արդիւնքը այսօր կը ստացուի:
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իրենք տարրալուծարանային շատ խիստ եւ համաշխարհային չափանիշներու հիման վրայ բժշկական քննութիւններ կը կատարեն: «Հետեւաբար պէտք չէ հետեւութիւններ կատարել եւ վճիռներ արձակել նախքան վերջնական արդիւնքները իմանալը: Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած այս ծանր օրերուն ու պայմաններուն ընթացքին պէտք է զգուշ ըլլալ եւ ժողովուրդին մտահոգութիւնները չբազմապատկել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ երէկ կէս գիշերէն ետք Լիբանանի քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը կանգ առաւ չորս օրուան համար:
Տըքուէյնէի քաղաքապետութիւնը երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ իր շրջանին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագան արձանագրուած է:
Քաղաքապետ Անթուան Շախթուրա ըսաւ, որ վարակուած տիկինը «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան անձնակազմի անդամներէն է, եւ ան «Քորոնա» ժահրով վարակուած է Մատրիտէն հասած գործընկերոջ մը կողմէ:
Քաղաքապետութիւնը յայտնեց նաեւ, որ վարակուած տիկինը արդէն ինքզինք բնակարանային ինքնամեկուսացումի ենթարկած է, եւ առողջական վիճակը կայուն է:
Քաայի քաղաքապետութիւնը երէկ յայտնեց, որ Քաայի բնակիչներէն` Ա. Տ., որ Ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ է` աժիւտանի աստիճանով, վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Քաղաքապետութիւնը աւելցուց, որ ան իր աշխատանքին բերումով երեք ամիսէ ի վեր Քաա չէ այցելած` նշելով, որ անոր առողջական վիճակը կայուն է, եւ ինք կը գտնուի Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջական մեկուսարաններէն մէկուն մէջ:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը այսօր Պաապտայի մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ, պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ելեւմտական ու տնտեսական իրադարձութիւնները:
Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ կառավարութիւնը վաղուան իր նիստին ընթացքին «Քեփիթըլքոնթրոլ»-ի ծրագիրը վաւերացնէ: Ան հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ ծրագիրին վերջնական ձեւը ըլլայ այնպէս, որ կարելի ըլլայ պահպանել դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն, յատկապէս փոքր հաշիւ պահք դրած քաղաքացիներուն գումարները:
Ուազնի նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ մշակել բարեկարգումի ամբողջական ծրագիրը, որ մէկ ամսուան ընթացքին հաւանաբար կը հասնի իր աւարտին:
Ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ յայտարարեց, որ ինքնաշարժներու յատուկ մեքանիքի քննութեան կեդրոնը պիտի փակուի, իսկ երթեւեկի վերաբերող բաժանմունքին պաշտօնէութիւնը նուազագոյնի պիտի իջնէ` աշխատանքը սահմանափակելով այդ բաժանմունքին վարչական բաժինին վրայ, որպէսզի միայն անհրաժեշտ գործառնութիւնները կատարուին:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող բանտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերուն շարքերուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ չկան:
Ֆահմի դիտել տուաւ, որ բանտերը լրիւ հականեխուած են, եւ Լիբանանի Կարմիր Խաչը պատրաստ է որեւէ վայրկեանի հասնիլ բանտ եւ կասկածելի ոեւէ պարագայ փոխադրել հիւանդանոց` կատարելու համար «Քորոնա» ժահրի յատուկ բժշկական քննութիւնները:
Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրին պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը երէկ որոշեց բջիջային հեռաձայններուն` «Ալֆա» եւ «Թաչ»-ի բոլոր բաժանորդներուն համար տրուած ծառայութիւնը մէկ ամիսով երկարաձգել:
Նախարարութեան որոշումին համաձայն, կանխաւ վճարուող գիծերու պարագային, ծառայութեան ժամկէտը մէկ ամիսով պիտի երկարաձգուի, իսկ անոնք, որոնք ամսական դրութեամբ կը կատարեն իրենց նիւթական պարտաւորութիւնը` առիթ պիտի ունենան մէկ ամիս ետք կատարելու իրենց վճարումը:
Նախարարութիւնը հրապարակած էր նաեւ այլ որոշում մը, որուն համաձայն, այն քաղաքացիները, որոնք քաղաքային հեռաձայնի հաղորդակցութեան ծառայութեան համար իրենց բաժանորդագրութեան նիւթական պարտաւորութիւնը չեն կատարած, առիթ պիտի ունենան մինչեւ 21 ապրիլ 2020 վճարում ընելու:
Նախարարութեան որոշումին համաձայն, 22 ապրիլ 2020-էն սկսեալ նիւթական իր պարտաւորութիւնը չկատարող քաղաքացին չի կրնար իր բնակարանէն հեռաձայնել, սակայն կը շարունակէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստանալ: Իսկ հեռաձայն ստանալու ծառայութիւնն ալ կը կասեցուի 4 մայիս 2020-ին:
Նախարարութիւնը նշեց, որ 2019-ի օգոստոս, սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամիսներուն համար քաղաքացիական հեռաձայնի ծառայութեան համար իրենց նիւթական պարտաւորութիւնը չկատարած քաղաքացիները 4 մայիս 2020-ին կը կորսնցնեն իրենց յատուկ հեռաձայնի թիւը:
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի հետ: Քննարկուեցան նախարարութեան կողմէ կառավարական հիւանդանոցները սարքաւորելու դրութիւնը` «Քորոնա» ժահրի արագ տարածման պարագային:
Հարիրի Հասանի հետ քննարկեց Սայտայի վերանորոգուած կառավարական հիւանդանոցին երկրորդ յարկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներուն համար սարքաւորելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ կարելի է Սայտայի կառավարական հիւանդանոցին հին շէնքը տրամադրել վարակուածներուն:
Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքայի նախագահ Ասատ Խուրի ըսաւ, որ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիի եւ Դրամատուներու միութեան միջեւ նախանցեալ օր գոյացած համաձայնութիւնը իրենց չի վերաբերիր, եւ որ իրենք համաձայն չեն այդ որոշումին:
Ան կոչ ուղղեց բոլոր պաշտօնեաներուն` յանձնառու մնալու Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան որոշումին` հաստատելով, որ դրամատան ոեւէ պաշտօնեայի աշխատանքի ներկայանալը «անհամ» կացութիւն կը ստեղծէ:
Ան կոչ ուղղեց դրամատուներուն, իրենց դռները ոչ ոքի դիմաց բանալու` կարենալ պահպանելու համար թէ՛ պաշտօնէութեան եւ թէ՛ հաշիւ ունեցողներուն առողջութիւնը:
Խուրի շեշտեց, որ իրեն համար անյստակ են այն պատճառները, որոնց իբրեւ հետեւանք Դրամատուներու միութիւնը դրամատուները փակ պահելու որոշումը խախտեց` Ուազնիի հետ հանդիպելէ ետք:
«Նախանցեալ օր դրամատուներու մասնաճիւղերէն մէկը բացաւ իր դռները, եւ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներ երկար շարք մը բռնեցին անոր առջեւ: Այս իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամէն մարդ իրազեկ չէ տիրող կացութեան եւ լաւապէս չէ ըմբռնած առկայ վիճակը` հակառակ տրուած ամէն տեսակի ցուցմունքներուն: Մեր պատասխանատուութիւնն է առիթ չտալ, որ մարդիկ որեւէ վայրի մէջ խճողուին եւ համախմբուին: Եթէ իրենց դռները բացած դրամատուներէն մէկուն մէջ ««Քորոնա» ժահրի վարակումի պարագայ արձանագրուի, ապա դատական հայց պիտի ներկայացնեմ այդ դրամատան դէմ եւ հաշուետուութեան կանչեմ պատասխանատուները», շեշտեց Խուրի:
«Սփինիզ» վաճառատան Հազմիէի մասնաճիւղը յայտարարեց, որ վաճառատունը շուրջօրեայ դրութեամբ պիտի գործէ` աւելցնելով, որ իր աշխատանքային ժամերուն շրջագիծին մէջ առաւօտեան ժամը 8:00-9:00 պիտի յատկացնէ միայն ծերունիներուն եւ յղի կանանց, որպէսզի անոնք կարենան իրենց գնումները կատարել առանց խճողումի մէջ մտնելու ստիպողութեան` առ ի նախազգուշութիւն «Քորոնա» ժահրի տարածման:
Աննայայի Մար Մարուն վանքին կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ վանքը պիտի հետեւի մարոնի համայնքի միաբանութեան աբբահայր հայր Նաամթալլա Հաշեմի ցուցմունքներուն, որոնց համաձայն, պիտի փակեն բոլոր վանքերը, եկեղեցիներն ու ուխտատեղիները, իսկ պատարագները պիտի սփռուին առցանց:
Մար Մարունի վանքը, ուր կը գտնուի նաեւ Մար Շարպելի դամբարանը, յայտնեց, որ պիտի փակէ իր դռները` հաւատացեալներուն կոչ ուղղելով Դիմատետրի ընդմէջէն հետեւելու աղօթքներուն ու ժամերգութեան:
Ընկերային Ապահովագրութեան Ազգային Սնտուկը Բժշկական Քննութեան Համաձայնութիւնը Պիտի Տայ Ելեկտրոնային Ձեւերով
Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքի երէկ հրապարակեց թիւ 21 շրջաբերականը, որուն հիման վրայ որոշուեցաւ բժշկութեան յատուկ համաձայնութիւնները քաղաքացիներուն շնորհել ելեկտրոնային ձեւերով:
Շրջաբերականին համաձայն, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի Պէյրութի կեդրոնին տնօրէնը, ինչպէս նաեւ 2 պաշտօնեաներ պէտք է ուղղուին աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ գործառնութիւնը ամբողջացնել եւ քաղաքացիին բժշկական քննութեան արտօնութիւն տալ:
Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը իւրաքանչիւր նահանգի համար ճշդեց ե-նամակի յատուկ հասցէ, որուն պէտք է ուղարկուին ապահովագրուած հիւանդին անունը, հօր անունը եւ մականունը, ինչպէս նաեւ հարկ եղած բոլոր փաստաթուղթերը:
Պէյրութի պարագային ե-նամակի հասցէն է. [email protected]
Լեռնալիբանանի պարագային ե-նամակի հասցէն է. [email protected]
Հարաւային Լիբանանի եւ Նապաթիէի պարագային ե-նամակի հասցէն է. [email protected]
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի պարագային ե-նամակի հասցէն է. [email protected]
Պեքաայի եւ Պաալպեք-Հերմելի պարագային ե-նամակի հասցէն է. [email protected]