Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 82.617-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1389 նոր վարակուածներ:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ երկրին տնտեսական վատ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն «գիտակցութեան» մակարդակը պատճառ դարձան, որ երկիրը այս վիճակին հասնի:
Ֆահմի հաստատեց, որ ինք համաձայն է Լիբանանի ամբողջական փակումին` պայմանով որ բացառութիւններ չըլլան: Ան ընդգծեց, որ իր եւ առողջապահութեան նախարարին միջեւ հարցեր չկան:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց նոր որոշում մը, որուն համաձայն` 115 գիւղաքաղաքներ փակ պիտի մնան, իսկ այսօրուընէ սկսեալ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կրակմարի դրութիւն պիտի հաստատուի` երեկոյեան ժամը 9:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:
Նախարարութեան որոշումին համաձայն, նշեալ 115 շրջաններու ճաշարանները, գիշերային զբօսավայրերը, գարեջրատուներն ու փապերը պիտի մնան փակ, իսկ խրախճանքները, հարսանիքներն ու յուղարկաւորութիւններու առիթներով հաւաքոյթները արգիլուած են:
Միւս կողմէ, այն շրջանները, որոնք բաց են, ճաշարանները պիտի գործեն իրենց կարողութեան 50 առ հարիւրին համաձայն:
Փակ շրջաններուն աղօթավայրերը իրենց կարգին փակ պիտի մնան, իսկ կրօնական բոլոր տօներն ու առիթները պիտի ջնջուին:
Նախարարութեան որոշումին համաձայն, 115 գիւղաքաղաքները կը գտնուին հետեւեալ գաւառներուն մէջ. Աքքար, Ալէյ, Պաապտա, Պաալպեք, Պաթրուն, Պընթ Ժիպէյլ, Շուֆ, Մեթն, Հասպայա, Հերմել, Ժեզզին, Ժիպէյլ, Քեսրուան, Քուրա, Մերժահիուն, Մընիէ-Տըննիէ, Նապաթիէ, Ռաշայա, Սայտա, Սուր, Զահլէ, Զղարթա եւ Արեւմտեան Պեքաա:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ փակ յայտարարուած բոլոր շրջաններուն մէջ դպրոցները եւս կը մնան փակ:
Մաժզուպի հաղորդագրութեան համաձայն, այլ շրջաններ, որոնք բաց են, դպրոցները բնականոն կերպով կը գործեն, սակայն դպրոցը փակելու առումով գոյութիւն ունեցող որեւէ պատճառի պարագային, պէտք է կապուիլ կրթութեան նախարարութեան հետ եւ համապատասխան որոշումներ տալ:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ այցելեց Տէյր Ահմարի բուժարանին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու յատուկ կեդրոնը, ուր շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի վտանգաւոր անկիւնադարձի մը վրայ` աւելցնելով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին առումով կը գտնուինք աղէտալի կացութեան մէջ:
Հասան ընդգծեց, որ պէտք է բոլորը պատասխանատուութեամբ վարուին եւ իմանան, որ Լիբանան վտանգի ենթակայ է, եւ այս իմաստով կառավարութիւնը պէտք է յանդուգն որոշումներ տայ:
Ան նշեց, որ ինք այս իմաստով խորհրդակցած է հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի հետ եւ անոր յայտնած ամբողջ երկրին մակարդակով որոշում մը տալու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երկրին մէջ կան «Քորոնա» ժահրի վարակակիրներ, որոնք հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ տեղ չեն գտներ:
Հասան նշեց, որ ամիս մը առաջ յանձնարարած են ամբողջ երկիրը երկու շաբթուան համար փակել, սակայն ի յայտ եկած է, որ պետութիւնը եւ կառավարութիւնը անկարող են նման որոշում գործադրել, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն եւ անոր ձգած աղէտալի հետեւանքներէն ետք:
Ան նշեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան գիտական յանձնախումբը այսօր առաւօտեան, իսկ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի ազգային խորհուրդը այսօր կէսօրին պիտի գումարեն նիստեր, որոնց լոյսին տակ յանձնարարականներ պիտի ներկայացնեն առ որ անկ է, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ համապատասխան որոշումներ տալ:
Հասան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը մտահոգիչ է, եւ նոր վարակակիրներուն թիւը կրնայ օրական 10 հազար պարագայի հասնիլ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած 2000 վարակակիրներու պարագային, այս թիւը պէտք է 5-ով բազմապատկել, այսինքն` օրական դրութեամբ 10.000 պարագայի մասին է խօսքը:
Ան ընդգծեց, որ երկրին մասնակի փակումը ոչ մէկ արդիւնքի յանգեցուց` աւելցնելով, որ եթէ քաղաքայինները յանձնառու մնային, կարելի կ՛ըլլար աւելի լաւ իրավիճակի մէջ ըլլալ այսօր:
Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն կարելի եղածին չափ խստացնելու «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ որդեգրուած նախազգուշութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ այս վտանգաւոր փուլը նուազագոյն վնասներով աւարտել:
Ապու Շարաֆ կոչ ուղղեց քթակապը անպայման օգտագործելու` յորդորելով նաեւ բոլորը պահպանելու ընկերային հեռաւորութեան սկզբունքը:
Առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ենթարկուի «Քորոնա» համաճարակի երկրորդ ալիքին` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքայիններուն հիւանդանոցներուն մէջ տեղ ապահովելու, եթէ կարիք զգացուի:
Արաժի շեշտեց, որ կարգ մը պարագաներ իրենց բնակարաններուն մէջ մահացած են` հիւանդանոցներուն մէջ տեղ չըլլալու պատճառով` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ իրավիճակը կը տիրէ, եւ քաղաքացիները պէտք է յաւելեալ պատասխանատուութեամբ վարուին ու նախազգուշութիւնները բծախնդրօրէն գործադրեն:
Արաժի ընդգծեց, որ երկրին կացութիւնը բաւական մտահոգիչ է` «Քորոնա»-ի համաճարակը հակակշռելու առումով: