Նախագահ Աուն «Սքայփ» Հաղորդակցութեամբ Կը Գնահատէ Բժշկական Անձնակազմերուն Նուիրուածութիւնը` Հաստատելով, Որ Անոնք Են Լիբանանցիներուն Ապահովութիւն Ներշնչողը
«Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու հիմնական միջոցին` «Տո՛ւնը մնացէք»-ի կոչը, երէկ շարունակուեցաւ իբրեւ ահազանգ հնչել Լիբանանի մէջ:
Ապահովութեան ուժերն ու բանակը հսկեցին քաղաքացիներուն տան մէջ մնալու կոչին գործադրութեան` խստացնելով իրենց որդեգրած միջոցառումները, փակելով վաճառատուներ, որոնք արտօնութիւն չունին բաց մնալու, ինչպէս նաեւ յորդորելով պտոյտի ելած քաղաքացիները ընդհատելու իրենց պտոյտը եւ վերադառնալու իրենց բնակարանները, իրենց իսկ առողջութեան պաշտպանութեան նպատակով:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 304-ի, այսինքն` միայն երէկ Լիբանանի մէջ 37 նոր պարագաներ արձանագրուած են:
Նախարարութիւնը ընդգծեց կառավարութեան որդեգրած բոլոր ցուցմունքներուն գործադրութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր օրինազանց պիտի ենթարկուի օրինական եւ քրէական հետապնդումի:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երեկոյեան հրապարակած իր տեղեկագիրին մէջ նշեց, որ իր առողջական մեկուսարաններուն մէջ կան 64 վարակուածներ, որոնցմէ 6-ը այլ հիւանդանոցներէ փոխադրուած են:
Հիւանդանոցին պատրաստած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ մեկուսարաններուն մէջ գտնուողներուն առողջութիւնը կայուն է, բացի 3 պարագաներէ, ինչպէս նաեւ տեղեկացուեցաւ, որ 3 այլ պարագաներ բուժուած են:
Նախագահ Աուն Դրուատեց Բժիշկներուն, Հիւանդապահներուն Եւ Կարմիր Խաչի Կամաւորներուն Ջանքերը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ «Սքայփ»-ի միջոցով հաղորդակցեցաւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան Կարմիր խաչի կամաւորներուն հետ:
Նախագահ Աուն դրուատեց անոնց ջանքերն ու ճիգերը` յաղթահարելու համար այս վարակը եւ փրկելու լիբանանցիներուն կեանքերը: «Այսօր դո՛ւք էք լիբանանցիներուն ապահովութիւն ներշնչողը: Ձեր ջանքերը սուրբ են, որովհետեւ դուք հոգուով եւ ձեր կեանքը վտանգի ենթարկելով կ՛աշխատիք: Այսօր քիչ են անոնք, որոնք ձեզի նման կը գործեն: Լիբանան ձեր կարիքը ունի, որովհետեւ միայն դո՛ւք էք, որ լիբանանցիներուն կոկորդը սեղմող մտահոգութիւնը կրնաք փարատել: Աշխարհը հարուածած այս համաճարակին պատճառով մենք կրնանք մեր սիրելիները կորսնցնել, սակայն մենք շնորհակալ ենք ձեր ներկայութեան, որ առիթ չտուաւ մեծ թիւով վարակուածներու մահուան», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն զրոյց մը ունեցաւ նաեւ բժիշկներուն հետ եւ լսեց անոնց հարցերը: Ան խոստացաւ ճիգ չխնայել ապահովելու համար այն օժանդակութիւնները, որոնք կ՛իրականացնեն հիւանդանոցին մէջ գործող անձնակազմին իրաւունքները:
Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ` Տո՛ւնը Մնալով Պաշտպանելու Լիբանանը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ ընդառաջելու իրենց տրուած ցուցմունքներուն: Ան աւելցուց, որ տունը մնալով լիբանանցիները կը փրկեն իրենց հայրենիքը` «Քորոնա» համաճարակէն:
Միւս կողմէ, Պըրրի կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն` օրէնսդրական իրենց աշխատանքը շարունակելու «Վիտօքոնֆըրընսինկ» հաղորդակցութեան մեթոտով:
Կառավարութեան Նիստը Կ՛ընդգծէ Կրակմարի Դրութիւնը Խախտող Շրջաններուն Մէջ Ապահովութեան Ուժերուն Եւ Բանակին Կողմէ Յաւելեալ Խստութիւն Բանեցնելու Կարեւորութիւնը
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը, նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստը աւարտելէ ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, թէ կառավարութիւնը քննարկած է երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը` աւելցնելով, որ նիստին ընթացքին ընդգծուած է «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով յայտարարուած անհատական կրակմարի դրութիւնը խախտող շրջաններուն մէջ ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին կողմէ յաւելեալ խստութիւն բանեցնելու կարեւորութիւնը:
Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ վարչապետ Տիապ նիստին ընթացքին շեշտած է ժողովուրդին օժանդակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ ընկերային համերաշխութեան եւ իրերօգնութեան անհրաժեշտութիւնը:
«Անդրադառնալով արտակարգ դրութիւն պահանջող բոլոր կոչերուն` վարչապետ Տիապ յայտնեց, թէ պիտի բաւարարուի յորդորելով անոնց, որ կարդան օրէնքն ու անոր մանրամասնութիւնները», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին «Քեփիթըլքոնթրոլ»-ի ծրագիրը քննարկուած է, եւ այդ մասին նախարարներուն դիտողութիւնները արձանագրուած են` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը պիտի շարունակուի քննարկուիլ: Նախարարը տեղեկացուց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է օրինագիծ մը, որուն համաձայն, 2020-ի պետական ամավարկի կարգ մը կէտեր ջնջուած են, որպէսզի առիթ տան քաղաքապետարաններուն եւ ազատ ասպարէզներուն գումարներ կամ օժանդակութիւններ տրամադրելու` հաւաքականութեան կամ անհատներու, պայմանաւ որ այդ օժանդակութիւնները ըլլան ընկերային եւ առողջապահական ծառայութիւններ` «Քորոնա» ժահրին դիմադրելու նպատակով:
Ապտել Սամատ յայտնեց նաեւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի պատրաստէ ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ օժանդակել Լիբանանէն դուրս գտնուող լիբանանցի ուսանողներուն:
Միւս կողմէ, երէկ վարչապետարանին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Դրամատուներու միութեան նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բուժման համար 6 միլիոն տոլար արժողութեամբ բժշկական սարքեր ապահովել:
Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր հաստատեց, որ դրամատնային մարզը պիտի ըլլայ երկրին կեանքը բնականոն դարձնող հաստատութիւններուն առաջիններէն:
Իր կարգին վարչապետ Տիապ շնորհակալութիւն յայտնեց Դրամատուներու միութեան` ընդգծելով, որ իրենց գրաւը բոլորին համագործակցութեան վրայ է:
Նշենք նաեւ, որ վարչապետը ստորագրեց թիւ 53/2020 որոշումը, որուն հիման վրայ ընդհանուր զօրաշարժէն կը բացառուին այն հաստատութիւնները, որոնք կը գործեն սննդամթերքի, սննդամթերքի ճարտարարուեստի, ջուր լեցնելու, դեղորայքի, շտճուկի եւ բժշկական պիտոյքներու, ըմպելիներու` օշարակ, զովացուցիչ, հիւթ, հականեխիչներու, ծրարումի, դիմակներու, առողջապահական տարազներու, թաշկինակի արտադրութեան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ տպարանները, բժշկական անձնակազմներն ու պետութեան կապուած ընդհանուր տնօրէնութիւններն ու քաղաքապետարանները: