«Լիբանանցիները Պէտք Է Յանձնառու Մնան Կառավարութեան Ցուցմունքներուն: Բոլորս Ենթարկայ Ենք Վտանգի, Պէտք Է Միասնաբար Գործենք` Կանխարգիլելու «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը»
Լիբանանցիները կը շարունակեն մնալ իրենց բնակարաններուն մէջ` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումը:
Կառավարութեան պարտադրած` առողջապահական արտակարգ վիճակի բնոյթով ընդհանուր զօրաշարժը ընթացքի մէջ է, իսկ քաղաքացիները գրեթէ ամբողջութեամբ հետեւեցան երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 յայտարարուած կրակմարի դրութեան:
Հիմնական խախտումը կատարուեցաւ Թրիփոլիի մէջ, երբ մեծ թիւով քաղաքացիներ ուրբաթ օրուան նամազին հետեւեցան մզկիթներուն կից փողոցներուն մէջ:
Անոնք անպատասխանատու կեցուածք ցուցաբերեցին` խախտելով ընդհանուր զօրաշարժի եւ համախմբումները արգիլող կառավարութեան որոշումները, իրենց եւ իրենց շուրջիններուն առողջութիւնը ենթարկելով վտանգի:
Ապահովութեան ուժերն ու բանակը երէկ երեկոյեան խստօրէն հսկեցին կրակմարի դրութեան գործադրութեան: Անոնք նախապէս զգուշացուցին քաղաքացիները` ենթարկուելու կրակմարի եւ վաճառատուները փակելու որոշումին:
Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին հրապարակած երէկուան տեղեկագիրին համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 393-ի: Նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 25 նոր պարագաներ:
Նոյն տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ «Սէն Ժորժ» հիւանդանոցին մէջ մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայ մը, որ ութսունամեայ էր եւ արդէն իսկ մահացու հիւանդութենէ կը տառապէր:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը նշեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի առաջին պարագան արձանագրուելէն ի վեր 27 պարագաներ բուժուած են: Հիւանդանոցը աւելցուց, որ առողջական իր մեկուսարաններուն մէջ կան 72 պարագաներ, որոնցմէ երեքը անկայուն վիճակի մէջ կը գտնուին:
Վարչապետ Տիապ Եւ Համատ Հասան Այցելեցին Պէյրութի Կառավարական Հիւանդանոց
Երէկ կէսօրին վարչապետ Հասսան Տիապ, ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի եւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի նախագահ Ֆիրաս Ապիատի, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ հրաւիրեց մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ ինք այցելած է հիւանդանոց եւ վկայած բժշկական անձնակազմին զոհողութիւններն ու ճիգերը` բարձր գնահատելով անոնց աշխատանքը:
Տիապ հաստատեց, որ ինք ստորագրած է ամսական աշխատավարձի յաւելումի որոշումը` շեշտելով, որ այս ամսուան աւարտին Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին պաշտօնէութիւնը իրենց աշխատավարձերը յաւելումով պիտի ստանան:
Ան շեշտեց, որ ինք կը հասկնայ լիբանանցիներուն մտահոգութեան տարողութիւնը` ընդգծելով, որ «Քորոնա» ժահրին վտանգին ենթակայ են բոլոր լիբանանցիները: «Հետեւաբար բոլորս պէտք է մէկ ճակատի վերածուինք եւ միասնաբար պայքարինք «Քորոնա»-ի տարածման դէմ: Բոլորս ենթարկուած ենք վտանգի, որովհետեւ այս ժահրը կամ ընկերային ու տնտեսական տագնապը այս կամ այն լիբանանցիին միջեւ խտրութիւն պիտի չդնէ: Ներկայ փուլը յաւելաբանութիւններու եւ քաղաքական կէտեր արձանագրելու փուլ մը չէ, եւ լիբանանցիները այս վտանգը կրնան դիմագրաւել իրենց միասնականութեամբ», շեշտեց վարչապետ Տիապ:
Ան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն` կառչած մնալու լիբանանեան պետութեան, որովհետեւ եթէ ան փուլ գայ, բոլորին պաշտպանող երդիքը կը փլի: Տիապ անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները յանձնառու մնան կառավարութեան որդեգրած ցուցմունքներուն` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` թեթեւցնելու համար լիբանանցիներուն բեռը:
Տիապ նշեց, որ Լիբանան վերադառնալ փափաքող արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձին համար կառավարութիւնը պատկերացում մը պիտի պատրաստէ մինչեւ 12 ապրիլ 2020: Ան հաստատեց, որ պետութիւնը 60 միլիոն տոլարի գումար մը յատկացուցած է բժշկական սարքեր եւ դեղօրայք ապահովելու համար:
«Այս փուլը դժուար փուլ մըն է, զոր միասին պէտք է դիմագրաւենք, որովհետեւ առանց այս վստահութեան հայրենիքը կը քանդենք», եզրափակեց Տիապ:
Իր կարգին, նախարար Հասան շեշտեց, որ Միջազգային ընտանիքի բոլոր հաստատութիւնները դրուատիքով կ՛անդրադառնան «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած ջանքերուն:
Հասան բարձր գնահատեց բոլոր բժիշկներուն, հիւանդապահներուն նուիրումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն կողմէ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու կոչին ընդառաջումը: Ան հաստատեց, որ վարչապետ Տիապ առողջապահութեան նախարարութիւնն ու կառավարական հիւանդանոցներու պատրաստութիւնը սահմանափակող բոլոր կարմիր գիծերը ջրած է, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշռել «Քորոնա» համաճարակին տարողութիւնը:
«Մեր որդեգրած այս քաղաքականութեամբ, օրական դրութեամբ մօտէն հետեւելով եւ միասնաբար գործակցելով է, որ կրցանք այս փուլին հասնիլ», ըսաւ Հասան:
Ֆիրաս Ապիատ նշեց, որ հիւանդանոցը պատրաստած է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու յատուկ հոգատարութեան 11 նոր սենեակներ` աւելցնելով, որ հիւանդանոցի պաշտօնէութեան հարցերը կ՛ուղղուին դէպի լուծում:
Պըրրի. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Արտակարգ Նիստ Գումարէ` Լիբանան Վերդառնալ Փափաքող Քաղաքացիներուն Տունդարձը Կազմակերպելու Համար»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու` Լիբանան վերադառնալ փափաքող քաղաքացիներուն տունդարձը կազմակերպելու համար: Ան նշեց, որ այլ երկիրներու մէջ «Քորոնա» ժահրի վտանգներուն ենթարկուած քաղաքացիները, յատկապէս անոնք, որոնք կ՛ապրին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր հիւանդանոցներ իսկ չկան, պէտք է վերադարձնել իրենց հայրենիքը:
Նշենք, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ դեսպանատուներուն ճամբով աշխատանքի սկսած է` գիտնալու, թէ արտերկրի լիբանանցիները կը փափաքի՞ն Լիբանան վերադառնալ, թէ՞ չէ: Ան նշեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը կ՛աշխատի բժշկական քննութիւններու ենթարկել Լիբանան վերադառնալ ցանկացող քաղաքացիները` վստահ ըլլալու համար, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն, որպէսզի զանոնք Լիբանան փոխադրող օդանաւեր տրամադրէ:
Հըթթի նշեց, որ պետութիւնը կ՛աշխատի նաեւ, որ այլ երկիրներու մէջ գտնուող լիբանանցի ուսանողներուն փոխանցուող գումարները աւելի մեծ ըլլան, որպէսզի անոնք կարենան հոգալ իրենց ծախսերը` բնակարանային մեկուսացման շրջանին:
Հարկ է աւելցնել, որ երէկ գիշեր Սենեկալի լիբանանեան դեսպանատունը յայտնեց, որ հոն ապրող 6 լիբանանցիներ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքուեցան 2019-2020 ուսման տարեշրջանը աւարտելու եւ պետական քննութիւնները չեղեալ նկատելու վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները: Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ կրթութեան մարզին վերաբերող բոլոր պաշտօնական լուրերը ստանալ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպէն:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի Համրայի եւ Պէյրութի այլ շրջաններու մէջ անձամբ հսկեց քաղաքացիներուն կողմէ պետութեան ճշդած չափանիշներուն գործադրութեան` փողոց ելլելու պարագային դիմակ եւ ձեռնոց գործածելու, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ գնումի նպատակով տունէն դուրս ելած ըլլալուն:
Ֆահմի այցելեց նաեւ սննդամթերքի քանի մը վաճառատուն` հսկելով, որ հոն եւս գործադրուին անհրաժեշտ չափանիշերը` իրարմէ հեռաւորութիւնը պահպանելու եւ վաճառատունը չխճողելու:
Ֆահմի նշեց, որ օրինազանցներուն վերաբերող մեծ թիւով խախտումներ արձանագրուած են` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերը պէտք եղած խստութեամբ կը հետեւին իրենց աշխատանքին եւ կառավարութեան որոշումները կը գործադրեն:
Միւս կողմէ, Ֆահմի ցաւ յայտնեց օրեր առաջ Մարզական Աւանին դիմաց ճշդուած օրէնքները խախտած, հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժ ունեցող վարորդին` Սելիմ Խտուժի համար, որ ընդվզումէն հրկիզած էր իր ապրուստի միակ աղբիւրը եղող իր ինքնաշարժը:
Ֆահմի հետաքրքրուած էր անոր ընկերային վիճակով, եւ ի յայտ եկած էր, որ ան համեստ դասակարգի զաւակ է եւ ընտանիքը նիւթական բաւական ծանր վիճակի մէջ կ՛ապրի: Ներքին գործոց նախարարը երէկ ընդունեց Սելիմ Խտուժը եւ իր անձնական միջոցներով ապահոված գումար մը յանձնեց անոր` իբրեւ հատուցում, որուն նպատակն է հոգալ անոր ընտանիքին:
Լիբանանեան համալսարանի համաշխարհային նախագահ Ապպաս Ֆաուուազ կարեկցանքի իր զգացումներէն մղուած Խտուժի նուիրեց նոր ինքնաշարժ մը` ստանձնելով նաեւ ինքնաշարժը արձանագրելու եւ օրինական փաստաթուղթերը ամբողջացնելու բոլոր ծախսերը:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութեան յայտարարած կրակմարի դրութիւնը լրագրողներուն չի վերաբերիր` աւելցնելով սակայն, որ պայման է լրագրողներուն իրենց անձնական քարտերը ցոյց տան ապահովութեան ուժերուն: Ան բարձր գնահատեց բոլոր լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներուն աշխատանքը` «Քորոնա» ժահրին մասին տեղեկացնելու, կանխարգիլման միջոցները ներկայացնելու եւ տարածելու անոնց առաքելութեան համար:
Սեփական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ պայման չէ, որ բոլոր սեփական հիւանդանոցները` թիւով 127, «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներ ընդունին: Ան աւելցուց, որ կան 5 հիւանդանոցներ, որոնք պատրաստ են այս մէկը ընելու: «Իւրաքանչիւր հիւանդանոց կրնայ 15-20 պարագայ ընդունիլ: Իսկ կան նաեւ 10 սեփական այլ հիւանդանոցներ, որոնք կը պատրաստուին «Քորոնա»-ով վարակուածները ընդունելու. այսպիսով սեփական հիւանդանոցները 350 պարագայ ընդունելու կարելիութիւն պիտի ունենան», ըսաւ Հարուն:
Ան նկատել տուաւ, որ եթէ «Քորոնա» համաճարակէն վարակուողներուն թիւը շատ բարձրանայ, այսինքն` հազարաւոր վարակուածներ արձանագրուին, ապա այդ պարագային բոլոր հիւանդանոցները պատրաստ պիտի ըլլան ընդունելու այդ պարագաները:
Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ յայտնեց, որ մայրաքաղաք Պէյրութը պատրաստ է առողջական մեկուսարաններ տրամադրելու: Ան նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ անկողիններ եւս պատրաստ պիտի ըլլան` «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաները ընդունելու նպատակով: Շպիպ ընդգծեց, որ յոռեգոյն պարագային նահանգապետարանը որոշած է օգտագործել նաեւ պանդոկները: Ան հաստատեց, որ Պէյրութի քաղաքապետարանը Լիբանանեան Կարմիր խաչին եւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին գումարներ յատկացուցած է առողջական մեկուսարաններ ապահովելու համար: «Ոչինչ պիտի խնայենք «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն օժանդակելու համար», շեշտեց Շպիպ:
Պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն որեւէ պանդոկ առողջական մեկուսարաններու վերածել` առանց անոր սեփականատիրոջ հաւանութեան:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրը պէտք չէ դատական իշխանութիւնները մղէ խտրական ըլլալու: Ան ըսաւ, որ ողջունելի է իրենց վճիռը լրացուցած, սակայն վեց ամիս եւս բանտարկուած արգելափակեալներուն շնորհուած ներումը` աւելցնելով, որ կան հարիւրաւոր իսլամ բանտարկեալներ, որոնք իրենց արգելափակումով կը վճարեն դատավարութիւններու ուշացման գինը, ինչպէս նաեւ տարիներէ ի վեր մնացած են բանտարկուած` առանց ստանալու իրենց վճիռը:
Հարիրի հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակի այս օրերուն խիստ կարեւոր պահանջ է, որ համաներում շնորհուի` շրջանցելով քաղաքական նեղ հաշիւները: