ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան: Լիբանանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Երեւանի մէջ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի գործընկերներուն հետ եւ պիտի մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17րդ գագաթնաժողովին:
Նախագահ ընտրուելէն ետք, ասիկա Աունի՝ Հայաստան երկրորդ այցելութիւնը պիտի ըլլայ: