Կառավարութեան Կազմութեան Կիսապաշտօնական
Խորհրդակցութիւնները Սկսան
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները տակաւին ծանր կ՛ազդեն ամբողջ երկրին վրայ:
Մայրաքաղաքը սուգի մէջ է, հակառակ անոր որ մեծ ճիգեր ու ջանքեր ի գործ կը դրուին կեանքի չնչին նշոյլներ ստեղծելու նպատակով:
Մինչ Մոզամպիքի կառավարութիւնը կը հաստատէ, որ ինք պատասխանատու չէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, լիբանանցիներուն առօրեային մէջ 4 օգոստոսի պայթումին ցնցումի ալիքները ամէնուրեք առկայ են:
Մինչ մարդիկ հետզհետէ կը սկսին իրենց աչքերը բանալ եւ ընկալել Պէյրութի խոր վէրքը, նաւահանգիստին մէջ հետախուզական աշխատանքները եւ քրէական փաստահաւաքներու գործունէութիւնը կը շարունակուի:
Այս շրջագիծին մէջ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ բանակը կը շարունակէ նաւահանգիստին մէջ եւ անոր կից վնասուած վայրերուն աշխատանքները` մաքրելով եւ հաւաքելով պայթումին գործած աւերները:
Վճռաբեկ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Խուրի կը շարունակէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող հետաքննութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ ան երէկ հարցաքննեց մեծ թիւով բանակի սպաներ, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցի բարձրաստիճան ոստիկաններ:
Նշենք, որ Պէյրութի Արդարութեան պալատին մէջ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին փոխանցուած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը հետապնդող դատախազի թեկնածուին անունը, որ առաջարկուած էր արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմի կողմէ:
Նաժըմ առաջարկած էր, որ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին մօտ դատախազ Սամեր Եունես ստանձնէ նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հետապնդումը, սակայն Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը մերժեց Եունեսի թեկնածութիւնը` պահանջելով առաջարկել նոր թեկնածուի մը անունը:
Նաժըմ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին յղեց նամակ մը` անկէ պահանջելով, որ հիմնաւորումներ ներկայացնէ դատախազ Սամեր Եունեսը մերժելու իր որոշումին վերաբերեալ:
Նկատի ունենալով այս իրականութիւնը` Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը կը պատրաստուի Նաժըմին յղել լուսաբանական նամակ մը:
Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ամին Օրըմ այցելեց պայթումին վայրը, ուր ստուգեց որոնողական աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:
Ապա ան այցելեց բանակի ծովային խարիսխը, որ կը գտնուի Պէյրութի նաւահանգիստին կողքին, ինչպէս նաեւ այցելեց բանակի Քարանթինայի զօրանոցը` ծանօթանալով արձանագրուած վնասներուն:
Օրըմ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններուն համար եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Ան հաստատեց, որ պէտք է նեցուկ կանգնիլ քաղաքացիներուն, յատկապէս անոնց, որոնք մարդկային եւ նիւթական վնասներ կրած են, ինչպէս նաեւ թելադրեց պաշտպանել քաղաքային կառոյցները:
Օրըմ ընդգծեց, որ ներկայ փուլը տագնապալի է եւ զգայուն` աւելցնելով, որ պէտք է մնալ զգաստ եւ պատրաստ` դիմագրաւելու համար շտապ որեւէ կացութիւն:
Բանակայիններուն ուղղած իր խօսքը եզրափակելով` Օրըմ յայտնեց, որ անոնք պէտք է վստահ ըլլան, որ բանակը օր մը օրանց հայրենիքին սիրոյն գործելէ չի դադրիր: «Դուք լիբանանցիներուն յոյսն էք, եւ ձեր անսահման զոհողութիւններուն շնորհիւ պիտի կարենանք այս տագնապալի օրերը դիմակայել, իսկ հայրենիքը պիտի պահպանենք` ինչքան ալ զոհողութիւնները սուղ ըլլան», ըսաւ ան:
Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր` ընկերակցութեամբ առեւտուրի եւ տնտեսութեան ու հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարներու պաշտօնակատարներ Ռաուլ Նաամէի եւ Միշել Նաժժարի, այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան նաւահանգիստի տնօրինման եւ յանձանձումի նոր նշանակուած ընդհանուր տնօրէն Պասեմ Քայսիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:
Աքր գնահատեց Պէյրութի նաւահանգիստին ի գործ դրած ջանքերը, ինչպէս նաեւ բանակին աշխատանքը` յատկապէս Լիբանան հասած ցորենի նոր պահեստը պահպանուած կերպով ամբարելու իմաստով:
Նաամէ իր կարգին յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին բեռներ բարձրացնող 16 կրունկներէն 12-ը տակաւին կը գործեն եւ նաւահանգիստ հասնող նաւերուն բեռները կը պարպեն:
Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք պետական բոլոր կառոյցներուն հետ կը գործակցին, որպէսզի մշակեն թափանցիկ գործիքակազմ մը` նպատակ ունենալով օժանդակութիւնները վնասուող քաղաքացիներուն արդար կերպով բաշխել:
Խէյր ընդգծեց նաեւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի արձանագրուած նիւթական վնասներուն գնահատումն ու ցանկագրումը կատարելու:
Ան հաստատեց, որ այս իմաստով ամէնէն աւելի բանակին հետ կը գործակցին:
Խէյր շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ հնագիտական արժէք ներկայացնող շէնքերն ու կալուածները լուրջ հարուածներ ստացողներն են:
Հանրապետութեան նախագահութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու է, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող հետաքննութիւնը շարունակուի եւ ամբողջական կերպով կատարուելէ ետք ներկայացուի լիբանանցիներուն:
Անդրադառնալով այն տեղեկութիւններուն, թէ հանրապետութեան նախագահութիւնը Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն 20 յուլիս 2020-ին ստացած է նամակ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ նաւահանգիստը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ ամոնիոմ նայթրէյթ քիմիական նիւթ, հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ նախագահ Աուն այդ մասին տեղեակ պահած է Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ նախագահ Աուն նախանձախնդիր է նաւահանգիստի պայթումին ամբողջ ճշմարտութիւնն ու անոր պատասխանատուները բացայայտելու:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը` ընկերակցութեամբ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուրի:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն եւ Մանսուր նախագահ Աունին ներկայացուցին նաւահանգիստին մէջ կատարուած որոնողական եւ փրկարար աշխատանքին, ինչպէս նաեւ քանդումը վերացնելու աշխատանքին տարբեր փուլերը:
Նախագահ Աուն ստուգեց նաեւ օտար պետութիւններու կողմէ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնող օժանդակութիւններն ու անոնց բաշխումի եղանակները` վնասներ կրած քաղաքացիներուն:
Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Այցելեց Նախագահ Աունի
Նախագահ Աուն երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասը, որուն կ՛ընկերակցէր պաշտօնական պատուիրակութիւն մը:
Մաաս նախագահ Աունին ներկայացուց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ցաւակցութիւնները` Պէյրութի պայթումին պատճառած զոհերուն համար:
Ան հաստատեց, որ Գերմանիա պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք կարենան շրջանցել այս աղէտը:
Մաաս յայտնեց, որ Պէյրութ կատարած իր այցելութիւնը զօրակցական է` աւելցնելով, որ Լիբանան իր երիտասարդութեան վստահութեան պիտի չարժանանայ, եթէ տնտեսական արմատական բարեկարգումներ չկատարէ:
«Մենք կը զօրակցինք բարեկարգումներ կատարելու քայլին եւ կը հաւատանք, որ Լիբանան հզօր մեկնարկի եւ տնտեսական խոր բարեկարգումներու կարիք ունի», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն ողջունեց Մաասի այցելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մերքելին:
Ան ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք կը կատարուին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները մեղմացնելու եւ երկրին տնտեսական տագնապը լուծելու առումով:
Նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն հարազատներուն, ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն` լիբանանցիներուն, որպէսզի մայրաքաղաքը հարուածած այս աղէտէն կարենան դուրս գալ:
Ֆելիփէ Զ. թագաւորը հաստատեց, որ սպանացիները կը զօրակցին լիբանանցիներուն` խոստանալով Սպանիոյ կողմէ յաւելեալ օժանդակութիւն ուղարկել Լիբանանին:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆելիփէ Զ. թագաւորին` ընդգծելով, որ նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած նիւթական վնասներուն նախնական գնահատումը ցոյց կու տայ, թէ Լիբանան աւելի քան 15 միլիառ տոլարի կարիք ունի` վերակառուցելու նաւահանգիստը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ, որ յայտնեց, թէ լիբանանեան պետութեան կողմէ սննդեղէնի կարգ մը տեսականիին շնորհուած օժանդակութիւնը տակաւին առկայ է, եւ ինք այդ իմաստով օրական դրութեամբ հրամանագիրներ կը ստորագրէ:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող ցորենը չորս ամսուան համար բաւարար է` աւելցնելով, որ երկիրը ցորենի կամ հացի տագնապ չի դիմագրաւեր:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի հասնի Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Աունի եւ լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններուն հետ:
Ուահապ Կ՛անդրադառնայ
Թրքական Գործօնին
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին կողմէ գրաւուած «Լութֆալլա» նաւը Թուրքիայէն Լիբանան հասած էր` աւելի ուշ անոր փոխադրած պայթուցիկ նիւթերը Սուրիա հասցնելու նպատակով:
Ուահապ նշեց, որ հրավառութեան համար պայթուցիկներ պատրաստող «Շամմաս» ընկերութեան արտօնուած է ամոնիոմ նայթրէյթ նիւթը պարբերաբար ունենալ, եւ այդ ալ` միայն 10 քկ կշիռքով:
«Մենք կը խօսինք 2700 թոն ամոնիոմ նայթրէյթի մասին. հետեւաբար այս մէկը վարչական սխալ մը չէ, իսկ եթէ կը փափաքիք ճշմարտութիւնը բացայայտել, ապա պէտք է մտածել Թուրքիոյ ուղղութեամբ, ուր կը կայանայ ամբողջ իրականութիւնը», ըսաւ ան:
Նշենք, որ ան զետեղած էր նաեւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ գործուած Շուղուրի կամուրջի պայթումին վիտէոն, որ նոյնանման էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին:
Ան յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրա Թուրքիայէն ամոնիոմ նայթրէյթ կը ստանար:
Պէյրութի Նահանգապետը, Պըրրին, Ուազնին Ու Մուրթատան
Կը Մերժեն Հնագիտական Արժէք Ունեցող Շէնքերու
Եւ Կալուածներու Վաճառքը
Պէյրութի նահանգապետ, դատախազ Մարուան Ապպուտ յայտնեց, որ երէկ Պէյրութի քաղաքապետութեան ոստիկանութենէն պահանջեց բնակիչները պարպել այն շէնքերէն, որոնք փուլ գալու ենթակայ են:
Ապպուտ հաստատեց նաեւ, որ աւանդական ճարտարապետական արժէք ունեցող շէնքերուն եւ կալուածներուն վաճառքը արգիլուած է:
Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ելեւմուտքի եւ մշակոյթի նախարարներու պաշտօնակատարներ Ղազի Ուազնիի եւ Ապպաս Մուրթատայի հետ:
Պըրրի անոնցմէ պահանջեց արգիլել Պէյրութի հնագիտական արժէք ունեցող շէնքերու եւ կալուածներու վաճառքը:
Ուազնի իսկոյն հրապարակեց հրամանագիր մը, որ կ՛արգիլէ հնագիտական արժէք ունեցող շէնքերուն վաճառքը` առանց մշակոյթի նախարարին արտօնութիւնը ստանալու:
Իր կարգին, Մուրթատա իրաւական եւ վարչական դասաւորումներ կատարեց` պաշտպանելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած կալուածներուն հնագիտական արժէքը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ զգուշացուց քաղաքապետարանը` հնագիտական արժէք ունեցող շէնքերը քանդելու որեւէ անխոհեմ քայլէ, որ կրնայ ոճիրի համազօր նկատուիլ եւ ծառայել միջնորդներուն շահերուն:
Լիբանանին Տրամադրուած
Օժանդակութիւնները Կը Շարունակուին
Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններուն շրջագիծին մէջ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հաստատեց, որ Իրան պատրաստ է մասնակցելու Պէյրութի նաւահանգիստին վերակառուցման:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ:
Անոնք քննարկեցին շարք մը հարցեր եւ հաստատեցին Լիբանանին զօրակցելու Մոսկուայի եւ Ռիատի պատրաստակամութիւնը:
Երեկոյեան Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ Լիբանանեան Կարմիր խաչին տրամադրուեցաւ 726 հազար եւրոյի օժանդակութիւն մը:
Քուէյթեան զինուորական երկու օդանաւեր երէկ հասան Պէյրութի միջազգային օդակայան` Լիբանան հասցնելով տասնեակ թոներով սննդեղէն, ինչպէս նաեւ բժշկական պիտոյք` իբրեւ օժանդակութիւն` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած քաղաքացիներուն:
Միւս կողմէ, բանակը երէկ Եգիպտոսէն ստանձնեց 5 թոն ալիւրի, ինչպէս նաեւ բժշկական պիտոյքի գերմանական օժանդակութիւն:
Կառավարութեան Կազմութեան
Կիսապաշտօնական Խորհրդակցութիւններ
Կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն սկսելու առումով, երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ շիի զոյգը` Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը կը մերժեն Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը:
Այս տեղեկութիւնները անմիջապէս հերքուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի շրջանակներուն կողմէ:
Միւս կողմէ, Ազգաին ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան տագնապի լուծման առումով Մաքրոնի ի գործ դրած ջանքերը:
Էլիզէի պալատը երէկ հաղորդեց, որ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ եւ հաստատած, որ բոլորը պէտք է վերջ տան Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամտութիւններուն, եւ պէտք է զօրակցին նոր կառավարութեան մը կազմութեան:
Մաքրոն երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի օժանդակելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու կարելիութիւնները:
Մաքրոն Փութինէն խնդրեց, որ Ռուսիա աշխուժ մասնակցութիւն ունենայ Լիբանանի օժանդակութեան խորհրդաժողովին:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Ռուսիա կը նախընտրէ, որ Լիբանանի մէջ կազմուի չափանիշները լրացնող ազգային միասնականութեան դահլիճ մը` գլխաւորութեամբ Սաատ Հարիրիի:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքը երէկ Մեհրապի մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն նախագահեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:
Նիստէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պահանջեն անկախ վարչապետ, անկախ նախարարներ եւ չէզոք կառավարութիւն:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի վրայ աննախընթաց միջազգային ճնշում կը բանեցուի` կառավարութիւն կազմելու իմաստով:
Ժահժահ նկատել տուաւ, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքին անդամները` Մուսթաքպալի եւ Ժողովրդավարական հանդիպումի հետ հրաժարելու սեմին կը գտնուէին, երբ մետասաներորդ պահուն վերջին երկուքը նախընտրեցին չաճապարել:
Ժահժահ նշեց, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխանները խորհրդարանի այսօրուան նիստին պիտի չմասնակցին:
Ան հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առումով Հզօր հանրապետութիւն պլոքը միջազգային հետաքննութիւն կը պահանջէ:
Երեկոյեան Ժահժահ երեսփոխան Փիեռ Պու Ասին եւ նախկին նախարար Մըլհեմ Ռիաշին գործուղեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի մօտ:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ հրաժարականը ճիշդ որոշում է, եւ Լիբանանի իշխող ներկայ վարչակազմին հետ կարելի չէ հաշտուիլ:
Պէտք է աւելցնել, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան հայրենիքը` նուիրեալներու կամքով, միշտ պատրաստ է ոտքի կանգնելու:
Պլոքը ընդգծեց, որ երկրին ազգային առաջնահերթութիւնը այսօր Պէյրութը իր աղէտէն փրկելն է, անյայտ կորսուածները գտնելը, վիրաւորները բուժելն ու երկիրը վերակառուցելը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապին եւ անոր կառավարութեան, որոնք նախորդ ամիսներուն ընթացքին ճիգ չխնայեցին` Լիբանանի փրկութեան առումով:
Յայտնենք, որ յուլիսեան պատերազմին Լիբանանի յաղթանակին առիթով, վաղը` ուրբաթ, 14 օգոստոսին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը: