«Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու եւ քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններու դիմելու շրջագիծին մէջ, ամբողջ երկրին տարածքին կը տիրէ ամայութիւն եւ սառած իրավիճակ:
Պէյրութի եւ արուարձաններուն, ինչպէս նաեւ հեռաւոր շրջաններու մէջ ճաշարաններն ու սրճարանները մնացին փակ, իսկ ոմանք իրենց անձնական որոշումով փակեցին իրենց վաճառատուները` յանձնառութիւն ցուցաբերելով «Տունը մնա՛»-ի արշաւին:
Բայց եւ այնպէս լիբանանցի քաղաքացիները երէկ եւս հսկայ թիւերով ուղղուեցան հանրախանութներ եւ փուռեր` մեծաքանակ գնումներ կատարելու նպատակով:
Նշենք, որ պետական թէ սեփական հաստատութիւնները հականեխելու հոլովոյթը դարձած է տիրական երեւոյթ, որ անպայման իր դրական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ` «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման առումով:
Պետական հաստատութիւնները հականեխելու արշաւին ծիրին մէջ լուրջ միջոցառումներ որդեգրուեցան նախագահական պալատին եւ խորհրդարանին մէջ:
Միւս կողմէ, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին երէկուան տուեալներով, նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»
ժահրին պատճառով երրորդ մահը արձանագրուած է, իսկ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 72-ի` նկատի ունենալով, որ երէկ վարակուած են 7 այլ պարագաներ:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին հրապարակած երէկուան տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոց ներկայացած են 158 պարագաներ, որոնցմէ 17-ն կարիք ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու, իսկ մնացեալը բնակարանային խնամքի տակ կը գտնուին` դարձեալ մեկուսարաններու մէջ:
Տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ գտնուող 19 պարագաներ ուղղուած են իրենց բնակարանները, իսկ ներկայիս 14 պարագաներ կը գտնուին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ:
Նշենք, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի պաշտօնեաները` բացի շտապ օգնութեան պաշտօնեաներէն, երէկ կատարեցին բողոքի ցոյց մը` պահանջելով իրենց իրաւունքները:
Հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ հաստատեց, որ հիւանդանոցին վարչութիւնը կը հասկնայ եւ արդարացի կը գտնէ պաշտօնեաներուն պահանջները, հակառակ անոր որ պաշտօնեաներուն հետ անհամաձայն է` անոնց պահանջները ներկայացնելու ոճին գծով:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին տնօրէնութիւնը հաստատեց նաեւ, որ պաշտօնեաներու ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը չէին բերած «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու առողջապահական մեկուսարաններուն, շտապ օգնութեան, քաղցկեղի բուժման եւ երիկամներու լուացումի բաժիններու պաշտօնեաները:
Ժիպէյլի «Մաունաթ» հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր մօտ գտնուող «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներէն երրորդը մահացած է:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընդգծեց, որ մահացած հիւանդը 79 տարեկան է եւ արդէն մահացու հիւանդութենէ կը տառապէր:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի լիբանանեան ընկերութեան առողջութիւնը ապահովելու` աւելցնելով, որ այդ իմաստով անհրաժեշտ միջոցառումներ կ՛որդեգրուին:
Հասան ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ դրած է, որ Միջազգային դրամատան տրամադրած վարկը յատկացուի կառավարական եւ սեփական հիւանդանոցներուն համար բժշկական անհրաժեշտ սարքերը ապահովելու:
Երկրին մէջ արտակարգ վիճակ յայտարարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով Հասան ըսաւ, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու յատուկ յանձնախումբին նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնը գրեթէ համազօր էր առողջապահական արտակարգ վիճակի յայտարարութեան:
Ան նշեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը գիտակից է եւ իր պատասխանատուութիւնները կը ստանձնէ:
Հասան նշեց, որ Լիբանանի առողջապահական համակարգը տակաւին կրնայ տոկալ այս կացութեան եւ ի վիճակի է իր պարտականութիւնները լիովին կատարելու:
Սեփական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մեծագոյն հիւանդանոցը միայն 20 առողջապահական մեկուսարան կրնայ տրամադրել «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն:
Ան կոչ ուղղեց պետութեան Սին Էլ Ֆիլի Լիբանանեան – քանատական հիւանդանոցը օգտագործելու:
Կրթական մարզին առումով, Լիբանանեան համալսարանը որոշեց իր դռները փակել եւ դասերն ու քննութիւնները ջնջել ցնոր տնօրինում:
Միւս կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ հաստատեց, որ պետական քննութիւնները առկայ են, եւ այդ իմաստով գումակային նախապատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ 12 մարտ 2020-19 մարտ 2020 Լիբանանի եւ Իտալիոյ, Չինաստանի, Իրանի ու Հարաւային Քորէայի միջեւ բոլոր թռիչքները կասեցուցած է:
Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու առումով ամէն տեսակի նախազգուշական միջոցի դիմած է:
Դրամատուներու պաշտօնեաներու համադաշնակցութիւնը երէկ յայտնեց, որ վաղը` շաբաթ, 14 մարտ 2020-ին, դրամատուները պիտի փակեն իրենց դռները, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք հականեխել` «Քորոնա» ժահրի տարածումէն իբրեւ նախազգուշացում:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրին սպառնացած վտանգը կ՛ենթադրէ ցամաքային անցքերու փակումը, ինչպէս նաեւ կառավարական որոշումները քաղաքականութենէ զերծ պահելու յանձնառութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ շեշտեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին ուժգնութեան դիմաց քաղաքական բոլոր նեղ հաշիւները փուլ կու գան: