Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10.00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք այցելեցին Լիբանանի Օգնութեան Խաչի անդամուհիները` աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Դպրեվանքի առաքելութեան ու առօրեային:
ԼՕԽ-ուհիներ դիմաւորուեցան Դպրեվանքի տեսչութեան կողմէ, Դպրեվանքի մասին տեսաերիզ մը դիտեցին եւ լսեցին Տեսուչ` Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի խօսքը: Սրբազանը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, լայն տեղեկութիւններ տուաւ Դպրեվանքի մասին եւ իր խօսքը եզրակացուց, ըսելով. «Դուք Լիբանանի Օգնութեան Խաչի ճամբով եւ մենք Դպրեվանքի ճամբով լծուած ենք մեր ժողովուրդի ծառայութեան: Իմ սպասումս է, որ ԼՕԽ–ուհիներ գործօն մասնակցութիւն ունենան Դպրեվանքի առաքելութեան մէջ` սաներ ղրկելով Դպրեվանք»:
Ապա ԼՕԽ-ուհիներ հիւրասիրեցին Դպրեվանքի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ուսանողութիւնը եւ մտերմօրէն զեկուցեցին անոնց հետ:
Ապրիլեան Յուշարձան եւ Ս. Աստուածածին Մատուռ այցելելէ ետք, ԼՕԽ-ուհիներ հրաժեշտ առին դպրեվանեցիներէն: