Շաբաթավերջի ամէնէն տիրական պատկերներէն մէկը հանդիսացաւ հացի փուռերուն առջեւ լիբանանցիներուն երկար շարքերը, որովհետեւ տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ կարգ մը փուռեր պիտի փակուին, հացատուները հաց պիտի չբաժնեն խանութներուն, նպարավաճառներուն եւ հանրախանութներուն: Այս լուրերը մտահոգութեան եւ շփոթի ալիք մը ստեղծեցին արդէն իսկ տնտեսական ու ընկերային ծանր պայմաններու տակ կքած քաղաքացիներուն մօտ, որոնք փութացին հաց ապահովելու, ինչ որ պատճառ դարձաւ երկար շարքերու եւ կարգ մը փուռերու մէջ` հացի սպառումի:
Այս կացութեան անդրադառնալով` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ ալիւրի եւ ցորենի հսկայ պաշարներ կան, ուստի հացի տագնապ չկայ` հրաւիրելով լիբանանցիները խուճապի չմատնուելու:
Այս հարցը հետապնդեց նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապ, որ հեռաձայնային կապեր հաստատեց համապատասխան կողմերուն հետ եւ նախարար Ռաուլ Նաամէին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին յանձնարարեց շուտով սերտել այս հարցը եւ գտնել այնպիսի միջին լուծում մը, որ քաղաքացիներուն բեռը չի ծանրացներ ու կը թեթեւցնէ փռապաններուն կրած վնասը:
Փուռերու սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմ երէկ` կիրակի, 28 յունիսին հաղորդեց, որ, ընդառաջելով տարբեր մակարդակներու վրայ գործող պատասխանատուներուն փափաքին, հացատուներու սեփականատէրերը հաց բաժնեցին բոլոր նպարավաճառներուն եւ հանրախանութներուն` յուսալով, որ այս խնդիրը արմատական կերպով իր լուծումը կը գտնէ մօտիկ ապագային, որովհետեւ այս ձեւով կարելի չէ գոյատեւել: Ան այլընտրանք նկատեց հացի բաշխումը փուռերուն պարտականութիւնը ըլլալէ դադրեցնելը:
Շաբաթ օր տարբեր լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, որ գործադուլի չդիմելու համար այս քայլը առած են` դիտել տալով, որ փռապաններուն զօրակցելու խոստումը տակաւին կը մնայ խօսք, որովհետեւ գործնական քայլեր չկան մինչեւ օրս` յստակացնելով, որ փուռերը մեծ վնասներ կը կրեն, որովհետեւ ցորենէն եւ ալիւրէն զատ տարբեր տեսակի ծախսեր ունին իրենք, տոլարին դիմաց լիբանանեան թղթոսկին արժեզրկուած է, ինչ որ պատճառ կը դառնայ մեծ վնասներու: Ըստ անոր, տոպրակ մը հացին ծախսը 1750 լ. ոսկի է, իսկ անիկա այսօր կը վաճառուի 1500 լ. ոսկիի: Իպրահիմ շեշտեց, որ 900 կրամ կշռող հացին տոպրակը պէտք է ծախուի 2000 լ. ոսկիի եւ ոչ 1500` շեշտելով, որ գինի փոփոխութեան համար որոշում պէտք է տայ տնտեսութեան նախարարութիւնը, որովհետեւ իրենք այդ իրաւասութիւնը չունին: Առ այդ, իրենք կրնան միայն հաց չծախել, որպէսզի լուսարձակ բանան այս տագնապին վրայ:
Հացի տագնապը լուսարձակի տակ առնելու այս մթնոլորտը, կարգ մը փուռերուն դռներուն փակումը` առանց յստակ պատճառի, ըստ կարգ մը կողմերու, կը յուշէ, որ տագնապը որոշ չափով շինծու է, հացը նպարավաճառներուն եւ հանրախանութներուն բաժնելու պարունակէն անդին է եւ կը միտի ճնշում բանեցնել, որպէսզի հացին սակը աւելնայ:
Այս բոլորին լոյսին տակ կարգ մը շրջաններու մէջ խորհրդանշական ցոյցեր կատարուեցան ընդհանրապէս երկրին մէջ տիրող տնտեսական ծանր կացութեան դէմ, յատկապէս լիբանանցիին հացին եւս դպչելու փորձերուն իբրեւ մերժումի արտայայտութիւն: