Լիբանանցիները երէկ գտնուեցան այլ տհաճ եւ դաժան կացութեան մը դիմաց, երբ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը քաղաքացիներէն պահանջեցին ամերիկեան տոլարով եւ կամ տոլարի օրուան փոխարժէքին համապատասխանող լիբանանեան դրամանիշի սակով կատարել իրենց պարտաւորութիւնները:
Տնտեսութեան նախարարութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն կողմէ ստացագիրները ամերիկեան տոլարով ճշդելը օրինազանցութիւն է` աւելցնելով, որ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ` հսկելու համար տիրող կացութեան:
Նոյն աղբիւրները կոչ ուղղեցին քաղաքապետարաններուն` օժանդակելու այս իմաստով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոնք ելեկտրածին շարժակները գրաւելու իրաւունք ունին:
Անոնք հաստատեցին, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ ճշդուած սակ մը կայ, որուն գործադրութեան պէտք է յանձնառու մնալ:
Իր կարգին, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանի յայտնեց, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն կողմէ քաղաքացիները պատանդ առնելը մերժելի է: Ան նշեց, որ լիբանանեան օրէնքը կ՛արգիլէ սպառողին համար ստացագիրները տոլարով ճշդել, իսկ շարժակներու սեփականատէրերը անամօթաբար կը խախտեն այդ օրէնքը:
Պուսթանի անհրաժեշտ նկատեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը, դատական իշխանութիւնները եւ ապահովական կառոյցները անմիջական քայլերու դիմեն` կասեցնելու համար այդ խեղկատակութիւնը:
Լիբանանցի Քաղաքացին Կը Կատարէ Նաեւ
Համացանցի Ծառայութեան Իր Պարտաւորութիւնը`
Առանց Ստանալու Այդ Ծառայութիւնը
Միւս կողմէ, երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի միջեւ: Հանդիպումին լոյսին տակ Քըրըմ վաւերացուց չորս հրամանագիրները, որոնք ուղղակիօրէն կապուած էին «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն պահանջներուն:
Քըրըմ ելեւմուտքի նախարարութենէն խնդրեց առ հաշիւ 200 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը ապահովել:
Ան շեշտեց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն պահանջները արդարացի են, եւ հաւանական նկատեց, որ այսպիսով կարելի ըլլայ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն գործադուլը կասեցնել:
Սակայն «Օժերօ»-ի պաշտօնեաները կայացուցին երկրորդ հանդիպում մը, որուն ընթացքին հաստատեցին, որ որոշում տրուած է գործադուլը շարունակելու, մինչեւ որ վստահ ըլլան, թէ իրենց հիմնական 4 պահանջները պիտի կատարուին եւ առաւելագոյնը մինչեւ հինգշաբթի, 8 սեպտեմբեր, իրենց գումարները պիտի փոխանցուին:
«Օժերօ»-ի պաշտօնեաները ընդգծեցին, որ իրենց պահանջները չկատարուելու պարագային, իրենք պիտի վերադառնան ընդհանուր գործադուլի, այսինքն` մազութով պիտի չօժտեն հեռաձայնային հաղորդակցութեան կեդրոնները: