Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումի վեցամսեակին նախօրեակին` չորեքշաբթի, 3 փետրուարի երեկոյեան լիբանանցի մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմ անծանօթներու կողմէ սպաննուեցաւ: Անոր անշնչացած մարմինը գտնուեցաւ երէկ կանուխ առաւօտեան իր վարձու ինքնաշարժին մէջ, Զահրանիի մայրուղիին կից Ապպուսիէ թաղամասին մէջ: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, ան նախորդ գիշեր իր մէկ բարեկամին տուած այցելութենէն ետք հետապնդուած եւ ատրճանակի չորս փամփուշտի զարկերով սպաննուած էր: Ըստ այլ աղբիւրներու, ոճիրը գործուած էր հինգ փամփուշտներով:
Լոքման ծնած էր Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հըրէյք շրջանին մէջ եւ ան տակաւին կ՛ապրէր նոյն շրջանին մէջ: Շրջանաւարտ էր Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանէն: Լիբանան վերադարձին ան հիմնած էր «Ումամ» հրատարակչատունը եւ կը զբաղէր մտաւորական նիւթերու հեղինակութեամբ եւ հրատարակումով: Ան բուռն կերպով քննադատած էր երկրի ղեկավարները Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի պատասխանատուութեան գծով: Նմանապէս, ընդդիմադիր կեցուածքներով ելոյթ ունեցած էր յատկապէս Լիբանանի մէջ բռնկած 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային շարժումի ընթացքին: Ան գրաւոր յայտարարութեամբ բացայայտած էր, թէ սպառնալիքներ կը ստանայ եւ զգուշացուցած էր իր, թէ իր ընտանիքին սպառնացող վտանգէն` թուելով իրեն սպառնացող կողմերուն անունները: Ժողովրդային ցոյցերու ընթացքին անոր մէկ ելոյթին առիթով հրկիզուած էր իր վրանը:
Լոքման Սլիմի սպանութիւնը դատապարտումի բուռն ալիք ստեղծեց տեղական թէ արտաքին շրջանակներու մօտ: Լիբանանի մէջ Ազգային ազատ հոսանք, Ընկերվար յառաջդիմական, Հըզպալլա, Փաղանգաւոր, Լիբանանեան ուժեր եւ այլ բազմաթիւ կուսակցութիւններ անջատ հաղորդագրութիւններով դատապարտեցին սպանութեան դէպքը` պահանջելով շուտափոյթ հետաքննութիւն եւ յանցագործներու բացայայտում ու պատժական պատշաճ տնօրինում: Զոհին ընտանիքը եւս հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց ոճիրը պահանջելով միջազգային դատական ատեան փոխանցել հարցը:
Քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւս` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ եւ այլ անձնաւորութիւններ անջատաբար դատապարտեցին դէպքը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհի ընտանիքին եւ պահանջելով ոճրագործներու արագ բացայայտում:
Նոյն ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավարը, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆ, Մարդկային իրաւանց «Հիումըն Ռայց ուոչ»-ի պատասխանատուն եւ այլ անձնաւորութիւններ եւս դատապարտեցին դէպքը` պահանջելով անմիջական հետաքննութիւն եւ յանցագործներու բացայայտում:
Սպանութեան լուրի տարածման զուգահեռ զոհին բարեկամները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին արդարադատութեան պալատին առջեւ: