Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերի կէս գիշերին սահմանագծումի համաձայնութեան վերջին տարբերակը առաքեց Լիբանանին եւ Իսրայէլին:
Երէկ առաւօտեան այդ տարբերակին դրական ազդեցութիւններուն մասին արտայայտուեցան զոյգ երկիրները:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ առաւօտեան բարձրացաւ Պաապտա` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին յանձնելու համար Հոքշթայնէն ստացած սահմանագծումի տարբերակը:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, թէ հասած են լուծումի մը, որ երկու կողմերը կը գոհացնէ` աւելցնելով, որ Լիբանան իր բոլոր իրաւունքները ստացած է:
Պու Սաապ նշեց, որ նախագահ Աուն նախագահական իր նստաշրջանին սկսաւ նաւթի հրամանագիրի հրապարակումով` մաղթելով, որ ան իր նստաշրջանը կ՛աւարտէ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեամբ:
Ան նկատել տուաւ, որ նախագահ Աուն Լիբանանին տրամադրուած համաձայնութեան վերջնական տարբերակին շուրջ պէտք եղած բոլոր խորհրդակցութիւնները պիտի կատարէ:
Պու Սաապ շեշտեց, որ սահմանագծումի իմաստով առաջարկուած ամերիկեան համաձայնութիւնը Իսրայէլի հետ համաձայնագիր չի նկատուիր` աւելցնելով, որ Լիբանան Իսրայէլը չի ճանչնար:
Ան աւելցուց, որ այս տարբերակը ընդունելու որոշումը կը տրուի հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին կողմէ:
«Կանայի նաւթահորին պարագային Լիբանան իր ամբողջական իրաւունքները ձեռք ձգած է, եւ իր բնական հարստութիւնները պիտի չբաժնէ Իսրայէլի հետ, իսկ Իսրայէլ կրնայ իր հատուցումները ստանալ «Թոթալ» ընկերութենէն եւ ոչ թէ Լիբանանէն, որովհետեւ Լիբանան 2017-ին համաձայնագիր ստորագրած է «Թոթալ»-ի հետ», ըսաւ ան:
Նախագահական պալատը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան վերջնական տարբերակը Լիբանանի համար գոհացուցիչ է, անոր պահանջները կատարած է եւ անոր բնական հարստութիւնը պաշտպանած:
Նախագահական պալատի հաղորդագրութեան մէջ մաղթանք կատարուեցաւ սահմանագծումի համաձայնութիւնը մօտիկ ապագային գոյացնելու, ինչպէս նաեւ յայտնուեցաւ, թէ նախագահ Աուն բոլորին հետ պիտի խորհրդակցի այս իմաստով Լիբանանի պաշտօնական միացեալ կեցուածքը ճշդելու:
Երեկոյեան նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն, որ շնորհաւորեց նախագահ Աունը սահմանագծումի բանակցութիւններուն աւարտին առիթով:
Պայտըն շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ նեցուկ կը կանգնին Լիբանանի ու անոր կայունութեան, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ առիթ տալու անոր, որ օգտուի իր բնական հարստութիւններէն:
Միքաթիի Մօտ
Պու Սաապ այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն յանձնեց Հոքշթայնի յղած համաձայնութեան վերջնական տարբերակը:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յոյս յայտնեց, որ սահմանագծումի թղթածրարը ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին հասնի իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ ամերիկացի բանագնացին ճիգերը յաջողած են` Լիբանանի իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով:
Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի որդեգրած միացեալ կեցուածքին ու իր իրաւունքներուն նկատմամբ ցուցաբերած կառչածութեան շնորհիւ կարելի եղած է յանգիլ այս արդիւնքին:
«Բոլորս կը մաղթենք, որ այս թղթածրարը պատշաճ կերպով աւարտի, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան ջուրերուն մէջ կազի հանքերու հորատման գործնական քայլերուն անցնիլ», ըսաւ ան:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան վարչակազմին` անոր ի գործ դրած ջանքերուն եւ Հոքշթայնի բծախնդրութեան ու համբերութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ֆրանսայի, որ իր կարգին ուղղակիօրէն ներդրում ունեցաւ այդ համաձայնութեան յանգելու հոլովոյթին մէջ:
Այն Թինէի Մէջ
Ապա ան ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր յանձնեց համաձայնութեան վերջնական տարբերակը:
Պու Սաապ յայտնեց, որ Հոքշթայն իր պատրաստած նոր տարբերակին մէջ նկատի ունեցած է Լիբանանի կողմէ արձանագրուած դիտողութիւնները, հետեւաբար Լիբանան պատճառ չունի մերժելու զայն, որովհետեւ իր բոլոր պահանջներուն ընդառաջում արձանագրուած է, «հետեւաբար բանակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները հասած են իրենց աւարտին», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ լիբանանեան միացեալ կեցուածքին շնորհիւ կարելի եղած է համաձայնութիւն գոյացնել եւ հզօր դուրս գալ բանակցութիւններէն:
«Ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը պիտի յանձնենք ՄԱԿ-ին, որովհետեւ անիկա Լիբանանի եւ Լիբանանի կողմէ ճանաչում չունեցող երկրի մը միջեւ չէ, այլ` Միացեալ Նահանգներու, որ իբրեւ բանակցող նկատի ունեցաւ լիբանանեան պահանջները», հաստատեց Պու Սաապ:
Վարչապետարանին Մէջ
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութ ժամանեց ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան տնօրէն Լորան Վիվիէն, որ կէսօրին այցելեց վարչապետարան, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի «Թոթալ»-ի պատասխանատուներէն խնդրեց անմիջապէս սկսիլ պեղումի աշխատանքին:
Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ իբրեւ ուժանիւթի նախարարութիւն իրենք ուղղակիօրէն առնչուած են հորատումի աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ «Թոթալ» արագ գործադրութեան ծրագիր մը պիտի պատրաստէ, որուն գործադրութիւնը դիւրացնելու նպատակով նախարարութիւնը գումակային բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի պատրաստէ:
Ֆայեատ շեշտեց, որ աշխատանքը լուրջ է, թղթածրարը դրական է ու կ՛արտօնէ Լիբանանը դէպի այլ տեղ` նաւթային երկիրներու շարքին փոխադրել:
Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանան աւելի փայլուն ապագայ մը պիտի ունենայ` տնտեսական իր տագնապը լուծելու իմաստով:
Պէտք է աւելցնել, որ Իսրայէլի կողմէ սահմանագծումի համաձայնութիւնը որակուեցաւ պատմական:
Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ նշեց, որ Լիբանանի հետ պատմական համաձայնութեան մը յանգած են` ծովային սահմանագծումին առումով:
Ան շեշտեց, որ Իսրայէլի սեղմ կառավարութիւնը այսօր ժողով մը պիտի գումարէ` վաւերացնելու համար ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը: