Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 527-ի, Մահացածներունը` 18-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 55-ի
«Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանը, երկրին մէջ իր քաղաքացիներուն առողջական անվտանգութիւնը ապահովելու զուգահեռ, երէկ գործնական քայլերու անցաւ` ապահովելու նաեւ արտերկրի իր քաղաքացիներուն առողջական կայունութիւնը:
Առաւօտեան վարչապետ Հասսան Տիապ, ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթիի, զբօսաշրջութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի եւ տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատի, ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստուգեց որդեգրուած բոլոր միջոցառումները` արտերկրի լիբանանցիները դիմաւորելու նպատակով:
Ծաղկազարդի առցանց օրհնութիւններով ու բարիքներով լեցուն այս օրը ճիշդ է, որ սովորական պատարագներու եւ թափօրներու օր չեղաւ Լիբանանի համար, սակայն անիկա նշանակալից եղաւ քաղաքացիներուն առողջապահութիւնը երաշխաւորելու առումով:
Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած երէկուան հաղորդագրութեան մէջ յայտնուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 527-ի:
Վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 7 նոր պարագաներ, իսկ շաբաթ երեկոյեան մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայ մը, որ ութսուն տարեկաննոց կին մըն էր, եւ ան արդէն իսկ մահացու հիւանդութենէ կը տառապէր: Այսպիսով, մահացողներուն թիւը կը հասնի 18-ի:
Աւելի ուշ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հիւանդանոցին առողջական մեկուսարաններուն մէջ կան «Քորոնա» ժահրով 35 վարակուածներ, ինչպէս նաեւ այլ հիւանդանոցներէ 12 այլ վարակուածներ հասած են Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց:
Հիւանդանոցին տեղեկագիրին համաձայն, երէկ «Քորոնա» ժահրէն բուժուած է մէկ պարագայ, այս հիմամբ ալ բուժուած պարագաներուն թիւը բարձրացած է 55-ի:
Նոյն տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 6 այլ պարագաներ ուղղուած են իրենց բնակարանները, ուր անոնք պիտի շարունակեն իրենց մեկուսացումը:
Անդրադառնալով այս արդիւնքներուն` առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի` լիբանանցիներուն կողմէ բնակարանային մեկուսացման շնորհիւ, «եւ կը խնդրենք բոլորէն շարունակել այդ ընթացքը», ըսաւ Հասան:
Ան հաստատեց, որ նախարարութիւններուն միջեւ աշխատանքի համադրումը եւ զիրար ամբողջացնելու առումով համագործակցութիւնը օրինակելի էր` աւելցնելով, որ անկիւնադարձային ժամկէտը ապրիլի աւարտն է: «Եթէ մեր ծրագիրը վատ ազդեցութիւն չկրէ` արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձին պատճառով, ապա մենք մեր ճշդած ժամանակացոյցին համաձայն կ’ընթանանք», ըսաւ ան:
Առողջապահութեան նախարարը երեկոյեան ժամը 7:00-ին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Ռիատէն Պէյրութ հասած օդանաւին մէջ գտնուող բոլոր լիբանանցիները «Քորոնա» ժահրով չեն վարակուած` աւելցնելով, որ եթէ անոնք կը փափաքին ուղղուիլ իրենց բնակարանները, ապա իրենց ընտանիքներէն միայն մէկ հոգի կրնայ ներկայանալ պանդոկ, որպէսզի անոր հետ կարենան տուն վերադառնալ:
Հասան ընդգծեց սակայն, որ անոնք պէտք է 15 օրուան բնակարանային մեկուսացումի ենթարկուին:
Համատ Հասան շնորհաւորեց առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմերը, նախարարութիւնները, ինչպէս նաեւ ճամբորդները, որոնք հեզասահօրէն կրցան ապահովել արտերկրի լիբանանցիներուն հայրենիք փոխադրութիւնը:
«Տակաւին կարելի չէ յայտարարել, որ Լիբանան կրցած է տապալել «Քորոնա» ժահրին տարածումը: Կրնանք ըսել, որ քննութեան առաջին փուլը աւարտած ենք, սակայն քաղաքացիները պէտք է յանձնառու մնան բոլոր ցուցմունքներուն, որպէսզի կարենանք յաջողութեամբ դուրս գալ այս համաճարակին վտանգէն», ըսաւ ան:
Արտերկրի Լիբանանցիները Հասան Պէյրութ` Խոստանալով Յարգել 14 Օրուան Բնակարանային Մեկուսացման Պայմանը
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ երէկ դիմաւորուեցան արտերկրի լիբանանցիները, որոնք «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կազմակերպած չորս թռիչքներուն շնորհիւ` ապահով փոխադրուեցան իրենց հայրենիքը:
Սէուտական Արաբիայէն, Ապու Տապիէն, Լակոսէն եւ Ապիճանէն հասած լիբանանցի քաղաքացիները ենթարկուեցան բժշկական քննութիւններու եւ փոխադրուեցան համապատասխան պանդոկներ, ուր անոնք 24 ժամ մնալէ ետք, իրենց յանձնած բժշկական քննութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի ուղղուին իրենց բնակարանները, ուր պէտք է 14-օրեայ բնակարանային մեկուսացումի ենթարկուին, կամ ուղղուին հիւանդանոց` առողջական մեկուսարաններու մէջ ստանալու համար բժշկական խնամքը:
Վարչապետ Տիապ առաւօտեան ժամը 10:00-ին այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստուգեց որդեգրուած միջոցառումներն ու պատրաստուածութիւնը` ընդունելու արտերկրի լիբանանցիները:
Այցելութիւնը աւարտելէ ետք Տիապ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հետեւի որդեգրուած բոլոր քայլերուն եւ կ’ողջունէ բոլորին ջանքերն ու աշխատանքը:
Վարչապետը ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը հոգայ իր բոլոր քաղաքացիները: «Հաստատ կը մնայ այն իրականութիւնը, որ այս կառավարութիւնը պիտի ըլլայ լիբանանեան բոլոր շրջանները, բոլոր լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, համայնքային ու յարանուանական տարբերութիւնները իրարու կամրջող կառավարութիւնը:
«Այս կառավարութիւնը բոլոր լիբանանցիները իրարու միացնելու կառավարութիւնն է, եւ ան տիւ ու գիշեր կ’աշխատի նոր Լիբանանի մը ծնունդին ի խնդիր` ո՛չ միայն ելեւմտական եւ տնտեսական առումով, այլ նաեւ ամէն իմաստով», յայտնեց ան:
Վարչապետ Տիապ յոյս յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի ստեղծած ճգնաժամը ամէնէն մօտիկ ապագային կ’աւարտի եւ անոր վնասները նուազագոյնին կը հասնին` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիները ապահով կերպով Պէյրութ վերադարձնելը իրենց համար կարեւոր է:
Ան հաստատեց, որ օդանաւային տոմսերու իմաստով օժանդակութիւն պիտի յայտարարուի, իսկ ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմանները նկատի առնելով 80 միլիառ լ. ոսկի պիտի յատկացուի բոլորէն աւելի կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Տիապ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կառչած մնալու կառավարութեան ցուցմունքներուն եւ յանձնառու մնալու ընդհանուր զօրաշարժի ու կրակմարի դրութեան, այլապէս կառավարութիւնը պիտի ստիպուի աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրել` նեղութիւն պատճառելով քաղաքացիներուն:
Նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը ունի հիմնականին մէջ բժշկական երեք անձնակազմեր, որոնք կը գտնուին օդանաւերուն, օդակայանին եւ պանդոկներուն մէջ:
Հասան հաստատեց, որ Լիբանան վերադարձող քաղաքացիները, որոնք ստորագրած են փաստաթուղթ մը` խոստանալով յարգել 14 օրուան բնակարանային մեկուսացման պայմանը, բաժնուած են չորս խումբերու, որոնք իրարմէ կը զանազանուին իրենց ձեռքին կրած գունաւոր ապարանջաններով:
Կանաչ ապարանջան կրողները անոնք են, որոնք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կատարած են 72 ժամ առաջ, եւ դեսպանատան կողմէ անոնց քննութեան եւ վարակուած չըլլալուն արդիւնքը վաւերացուած է:
Դեղին ապարանջան կրողները անոնք են, որոնք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն չեն կատարած եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու ախտանիշներ չունին: Կապոյտ ապարանջան կրողները անոնք են, որոնք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն չեն կատարած եւ տարբեր հիւանդութիւններ կրնան ունենալ, իսկ կարմիր ապարանջան կրողները անոնք են, որոնք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն չեն կատարած եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու ախտանիշներ ունին:
Ան հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնելէ ետք, անոնք բոլորը դարձեալ պիտի ենթարկուին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան` օդակայանին մէջ գործող բժշկական անձնակազմին կողմէ, եւ ապա պիտի փոխադրուին պանդոկ` ապահովական ուժերուն հսկողութեամբ:
«Պանդոկին մէջ բժշկական անձնակազմը ստուգած պիտի ըլլայ պանդոկի պաշտօնեաները եւ ապա արտերկրի լիբանանցիները պիտի տեղաւորէ իրենց սենեակներուն մէջ», շեշտեց ան:
Համատ Հասան նկատել տուաւ, որ այս առաքելութիւնը պէտք է յաջողցնել, որպէսզի տունդարձ կատարել ցանկացող արտերկրի բոլոր լիբանանցիները կարենանք իրենց հայրենիքը փոխադրել:
Հասանի կատարած այս յայտարարութիւններէն ետք, առաջին օդանաւը Պէյրութ հասաւ Ռիատէն: Սէուտական Արաբիայէն լիբանանցի քաղաքացիներ փոխադրող օդանաւը կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան` փոխադրելով 78 ճամբորդ:
Յետմիջօրէին կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հասան ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ արտերկրի լիբանանցիները դիմաւորելու իմաստով ճշդուած բոլոր սկզբունքները յարգուած են, եւ աշխատանքը ընթացած է մշակուած գործիքակազմին համաձայն:
«Առողջապահութեան նախարարութիւնը, այլ նախարարութիւններու հետ գործակցաբար, հսկայական ջանքեր ի գործ դրած է: Առողջապահութեան նախարարութեան այսօրուան աշխատանքը օրինակելի է` պաշտպանելու համար լիբանանցիներուն առողջութիւնը», ըսաւ ան:
Հասան նկատել տուաւ, որ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքները վեց ժամ ետք կարելի է ձեռք ձգել` աւելցնելով, որ այդ արդիւնքներուն հիման վրայ է, որ դուրսէն եկող քաղաքացիներուն յաջորդ ուղղութիւնը պիտի ճշդուի:
Հասան աւելցուց, որ արտօնելի չէ, որ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենայ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու ճիգերուն վրայ:
Երկրորդ օդանաւը հասաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ապու Տապիէն:
Նոյն կազմակերպուածութեամբ Լիբանան վերադարձող 78 քաղաքացիները ենթարկուեցան բժշկական իրենց քննութիւններուն եւ ապա ուղղուեցան իրենց համար նախատեսուած պանդոկները:
Ապու Տապիէն Պէյրութ հասնելէ եւ օդակայանին մէջ բժշկական քննութիւններուն ենթարկուելէ ետք, քաղաքացի մը փախուստ տուաւ օդակայանէն` այն պահուն, երբ հանրակառք պէտք էր բարձրանար` պանդոկ ուղղուելու համար:
Ներքին ապահովութեան ուժերը անմիջապէս ձեռնարկեցին զայն որոնելու աշխատանքին:
Երեկոյեան տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հասան յայտնեց, որ այդ բացթողումը ապահովութեան ուժերուն կողմէ արձանագրուած է` աւելցնելով, որ փախուստ տուած լիբանանցին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կատարած է, եւ անոր արդիւնքները ժխտական են, այլ խօսքով` ան «Քորոնա» ժահրով վարակուած չէ:
Կը նախատեսուէր, որ երեկոյեան ժամը 11:45-ին` Լակոսէն եւ ժամը 12:50-ին` Ապիճանէն Լիբանան հասնէին արտերկրի լիբանանցիները փոխադրող 3-րդ եւ 4-րդ օդանաւերը:
Լիբանան հասնող արտերկրի քաղաքացիները դրուատեցին լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած ջանքերը` զիրենք ապահով կերպով Լիբանան փոխադրելու իմաստով:
Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը կայացուց յատուկ որոշում մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետ Տիապի պահանջին ընդառաջելով եւ արտերկրի մէջ գտնուող լիբանանցի ուսանողներուն օժանդակելու միտումով, ընկերութիւնը որոշած է 50 առ հարիւրի զեղչ մը տրամադրել այն ուսանողներուն, որոնք ի վիճակի չեն իրենց օդանաւային տոմսին սակը վճարելու:
Նշենք, որ Լիբանան վերադարձող իւրաքանչիւր քաղաքացի անձամբ կը հոգայ իր օդանաւային տոմսին ծախսը, որ կը տարուբերի 1800-3900 տոլարի միջեւ, իսկ «Միտըլ Իսթ» կը հոգայ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր արտերկրի քաղաքացիի «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան եւ միօրեայ պանդոկին ծախսը:
Նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ Լիբանանի մշակած առողջապահական գործիքակազմը միաժամանակ 400 մարդու կրնայ հասնիլ եւ ոչ աւելի, «այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր փուլի համար ճշդուած են 4 օդանաւեր: Այսպիսով, մենք կրնանք երաշխաւորել երկրին մէջ ապրող լիբանանցի քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն առողջական ապահովութիւնը», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան նշեց, որ երկրորդ փուլին` վաղը, երեքշաբթի, 7 ապրիլին, չորս այլ օդանաւեր արտերկրի լիբանանցիները պիտի փոխադրեն Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, ինչպէս նաեւ արաբական եւ ափրիկեան երկու երկիրներէ, որոնք տակաւին ճշդուած չեն:
Ան նկատել տուաւ, որ յառաջիկայ փուլերուն ընթացքին երկու կամ երեք օրը անգամ մը Լիբանան պիտի հասնին 4 օդանաւեր:
Ապտել Սամատ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր դեսպանատուներուն միջոցով լաւագոյնս կ’աշխատի` արտերկրի իր քաղաքացիները տեղեակ պահելու Լիբանան վերադառնալու պայմաններուն մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահով կերպով զանոնք Լիբանան փոխադրել` ցանկութիւն յայտնուելու պարագային:
Նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ այցելեց այն պանդոկները, որոնք դիմաւորեցին արտերկրի լիբանանցիները:
Ան «Լենքեսթըր Փլազա» պանդոկէն յայտնեց, որ այսօր իրենք կը գտնուին նոր պարտականութեան մը առջեւ, եւ կ’ուզեն անպայման յաջողցնել զայն` ապահովելու համար արտերկրի լիբանանցիներուն ապահով Լիբանան փոխադրութիւնը:
Մշարրաֆիէ ընդգծեց, որ լիբանանցիները մէկ մարմին են` ըլլան անոնք երկրին մէջ ապրող, թէ արտերկրի մէջ գտնուող քաղաքացիներ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը տիւ ու գիշեր աշխատած է` ապահովելու համար իր արտերկրի քաղաքացիներուն տունդարձը:
Ան նշեց, որ իրենք ցարդ կրցած են 700 սենեակ ապահովել, 35 հանրակառքեր, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներ, որպէսզի երաշխաւորեն լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահով փոխադրութիւնը:
Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Լիբանանցիներուն Տունդարձին Եւ Այդ Ուղղութեամբ Տուաւ Իր Ցուցմունքները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հետեւեցաւ արտերկրի լիբանանցիները «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կազմակերպած յատուկ թռիչքներով Պէյրութ փոխադրելու միջոցառումներուն, եւ այդ իմաստով տուաւ իր ցուցմունքները:
Նախագահ Աուն հետեւեցաւ այս իմաստով իրեն ներկայացուած բոլոր տեղեկագիրներուն` ընդգծելով, որ պէտք է լաւագոյն հոգատարութեամբ դիմաւորել արտերկրի լիբանանցիները եւ անոնց տրամադրել պէտք եղած բժշկական խնամքը:
Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի ընդունի Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն անդամները` ներկայութեամբ վարչապետ Տիապի եւ խորհրդատուներու:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն Լիբանանի օժանդակող երկիրներու անդամներուն պիտի ներկայացնէ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ առողջապահական կացութեան մանրամասնութիւնները, «Քորոնա» համաճարակին ունեցած հետեւանքները` երկրին տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վրայ, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
Կը նախատեսուի, որ կարգ մը նախարարութիւններ Լիբանանի օժանդակող երկիրներու անդամներուն ներկայացնեն շարք մը ծրագիրներ եւ քննարկեն այդ ծրագիրները գործադրելու իմաստով այդ երկիրներուն տրամադրելիք օժանդակութեան կարելիութիւնը:
Նշենք, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն անդամներն են Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, ՄԱԿ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական լիկայի դեսպանները:
Նիստին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչը:
Խմբագիրներու Սենտիքան Կ՛ողջունէ Լրագրողները
Խմբագիրներու սենտիքան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ գործող բոլոր լրագրողները եւ անոնց ի գործ դրած ջանքերը` հետեւելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու պետութեան ջանքերուն, քաղաքացիներուն ընդհանուր զօրաշարժին եւ կրակմարի դրութեան իրավիճակը ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու արտերկրի լիբանանցիներու ժամանումի մանրամասնութիւններուն:
Սենտիքան ապահովութեան ուժերէն եւ բանակէն խնդրեց, որ անոնք դիւրացնեն լրագրողներուն աշխատանքը` նկատի ունենալով կառավարութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ զանոնք բացառութիւններու շարքին նկատելու հանգամանքը:
Սենտիքան կոչ ուղղեց լրագրողներուն առաւելագոյն չափով նախազգուշութիւններու դիմելու` պահպանելու համար իրենց եւ զիրենք շրջապատող ընկերութեան առողջութիւնը:
Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Նոր Որոշումներ Կու Տայ
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց նոր որոշում մը, որուն հիման վրայ այսօր` երկուշաբթի, 6 ապրիլ 2020-էն սկսեալ` ցնոր տնօրինութիւն, ինքնաշարժներուն երթեւեկը պիտի սահմանափակուի հետեւեալ ձեւով. այն ինքնաշարժները, մոթորսիքլեթները եւ փոխադրակառքերը, որոնց թիւերը անզոյգ թիւերով կ’աւարտին, երթեւեկելու իրաւունք ունին միայն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, իսկ այն ինքնաշարժները, մոթորսիքլեթները եւ փոխադրակառքերը, որոնց թիւերը զոյգ թիւերով կ’աւարտին, երթեւեկելու իրաւունք ունին միայն երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը:
Որոշումին մէջ նշուեցաւ, որ 0 թիւը զոյգ կը նկատուի:
Անշուշտ դիմակներն ու ձեռնոցները պայման են:
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ կիրակի օրուան ընթացքին ամէն տեսակի ինքնաշարժի, մոթորսիքլեթի եւ փոխադրակառքի երթեւեկութիւնը արգիլուած է:
Այս որոշումէն զերծ կացուցուած են զինուորական եւ ապահովութեան ուժերու փոխադրակառքերն ու ինքնաշարժները, քաղաքացիական պաշտպանութեան ինքնաշարժները, հիւանդատարները, եւ Կարմիր խաչի յատուկ ինքնաշարժները, բժշկական անձնակազմի, դեղագործներու, դիւանագէտներու, լրագրողներու, լրատուամիջոցներու ինքնաշարժները, ճաշի առաքումի համար օգտագործուող մոթորսիքլեթները, աղբատար ինքնաշարժները, ալիւր, բանջարեղէն, հաւազգի, ծխախոտ, կաթ, ջուր, հիւանդանոցային պիտոյք եւ վառելանիւթ փոխադրող ինքնաշարժներն ու փոխադրակառքերը:
Այս որոշումը խախտելու պարագային, ապահովութեան ուժերը պիտի տուգանեն քաղաքացիները եւ օրինական միջոցներու պիտի դիմեն:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց նաեւ հիւանդանոցային կարիքներ ունեցող քաղաքացիներուն դիմելու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պատկանող 125 թէժ գիծին, որպէսզի անոնք պէտք եղած օժանդակութիւնը ստանան:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երեկոյեան ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած գրառումով հաստատեց, որ տրուած այս որոշումներուն իմաստով խախտումներ արձանագրելու պարագային, պիտի ստիպուին որդեգրուած միջոցառումները աւելի եւս խստացնել` հասնելով մինչեւ երթեւեկելու իրաւունքը լրիւ կասեցնելու ընտրանքին:
– ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ երէկ Թաալպայայի մէջ սուրիացի քաղաքացի մը` Պասսամ Հալլաք, ինքզինք հրկիզեց իբրեւ բողոք ապրուստի իր պայմաններուն վատթարացման: Ան ծանր վիճակով փոխադրուեցաւ Պեքաայի հիւանդանոց, ուր մահացաւ:
– ՆՇԵՆՔ նաեւ, որ «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Մոհամետ Ալի Եունես սպաննուած է անծանօթներու կողմէ: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Եունես պատասխանատու էր լրտեսներու եւ գործակալներու հետապնդումին:
Պէտք է աւելցնել, որ Շաապան ամսուան կէսը աւարտելու առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն հանդէս պիտի գայ պատկերասփռուած ճառով մը: