Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լեհական պետական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լեհաստանի պետական նախարարներ Պոկնա Եանքին եւ Ատամ Քվայթքովսքին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Լեհական պատուիրակութիւնը նախագահ Աունի ներկայացուց Լիբանանի մատուցուած լեհական օժանդակութիւնները` դիմագրաւելու երկրին տնտեսական տագնապը:
Պատուիրակութեան համաձայն, Լեհաստան մեծ քանակութեամբ սննդեղէն եւ բժշկական օժանդակութիւն մատուցած է Լիբանանին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք:
Լեհ պատասխանատուները հաստատեցին նաեւ, որ Լիբանանի մէջ 500 հազար տոլարի օժանդակութիւններ պիտի բաշխուին նաեւ լիբանանցիներուն` յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ համադրաբար: Անոնք նշեցին, որ օժանդակած են Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ, Գերմանիոյ հետ գործակցաբար, մասնակցած են 3 միլիոն տոլարի օժանդակութեան, որով կարելի եղած էր վերակառուցել 10 պետական դպրոցներ:
Լեհական պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ ներկայիս կը սերտեն Լիբանանի կարիքները, որպէսզի հետագային կարենան յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրել:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին տրամադրուած լեհական օժանդակութիւններուն համար, բարձր գնահատելով երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այն զոհողութիւնները, զորս լեհ զինուորները կը կատարեն` ծառայելով հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:
Ան անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ Լիբանան Միջազգային ընտանիքին յաւելեալ օժանդակութեան կարիք ունի` դիմագրաւելու համար տնտեսական տագնապը:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ շուրջ տասը տարիէ ի վեր Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը ուղղակի իր ազդեցութիւնը ունեցած է երկրին ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն վրայ:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Լեհաստանին` զօրակցելու տեղահանուածներուն տունդարձը պահանջող լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքին:
Նախագահ Աուն դրուատեց նաեւ Լեհաստանի իրագործած մեծ նուաճումը` փտածութեան դէմ պայքարի իմաստով: Ան աւելցուց, որ այս առումով Լիբանան-Լեհաստան փոխըմբռնումի համաձայնագիր ստորագրուած է 2018-ին, եւ մաղթեց, որ Լիբանան դասեր կը քաղէ Լեհաստանի փորձառութենէն եւ փտածութեան դէմ պայքարի իր երթը կ՛ամրապնդէ: