Լիբանանի եւ Քորէայի միջեւ բարեկամական յարաբերութեանց 40-ամեակին առիթով «Քորէական հանդիսութիւն» խորագրեալ զբօսաշրջային եւ մշակութային յատուկ փառատօնին բացումը կատարուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 3 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ներկայութեամբ Քորէայի դեսպան Եունկ Տէյ Քոոնի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ հիւրերու, ներկայացուցիչներու եւ շրջանի բնակչութեան:
Լիբանանեան եւ քորէական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսականներուն ներկայացուեցան քորէական զբօսաշրջային տեսարաններ եւ արտադրութիւններ: Ապա ձեռնարկի հանդիսավար, քորէական դեսպանատան քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Հալա Ռիաշի ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին` սոյն ձեռնարկի կազմակերպման համար: Ապա ան խօսքը փոխանցեց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց քորէական դեսպանատան եւ պատկան մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին Լիբանանի եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի օժանդակութեան հանար: Պօղոսեան յայտնեց, թէ այս փառատօնի կազմակերպումը որոշուած էր աւելի քան տարի մը առաջ, սակայն Լիբանանի ծանօթ պայմաններուն բերումով անիկա յետաձգուեցաւ: Քաղաքապետ Պօղոսեան յայտնեց, թէ այս հանդիսութիւնը դրսեւորումն է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան երախտիքին` քորէական իշխանութեանց եւ յատկապէս դեսպանատան ցուցաբերած բարեկամական զօրակցութեան եւ տագնապներու յաղթահարման հասարակաց զօրաւոր ու վճռական կամքին:
Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց լիբանանեան խորհրդարանի Լիբանան – Քորէա բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ բարձր գնահատեց Քորէայի ցուցաբերած բարեկամական զօրակցութիւնը` ի նպաստ Լիբանանի: «Լիբանանի եւ Քորէայի միջեւ դիւանագիտական քառասնամեայ յարաբերութիւնները հիմնուած են հասարակաց արժէքներու եւ յատկութիւններու վրայ, յատկապէս որ երկու երկիրներն ալ ժառանգած են դարաւոր քաղաքակրթութիւններ եւ անոնց ժողովուրդները բարձր կը գնահատեն ազատութեան, կրթութեան եւ քաղաքակրթութեան արժանիքները», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի` նշելով քորէական ջոկատի ներկայութիւնը հարաւային Լիբանանի ՖԻՆԻՒԼԻ-ի ուժերու կազմին մէջ: Բագրատունի շեշտեց, որ խորհրդարանական Լիբանան – Քորէա բարեկամական յանձնախումբը ջատագով հանդիսացած է քորէական զօրակցութեան` Լիբանանի տագնապահար պայմաններուն ընթացքին` ընդգծելով, որ այս պայմանները ժամանակաւոր են եւ անպայման մայրիներու այս հայրենիքն ու ժողովուրդը պիտի վերականգնին:
Նմանապէս խօսք առաւ Քորէայի դեսպանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան այս ձեռնարկին կազմակերպման համար` շեշտելով անոր կարեւորութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութեանց զարգացման ու ամրապնդման գծով: Այս առիթով Քորէայի դեսպանը յիշեց, թէ ինչպէս իր երկիրը դիմակալած է պատերազմական պայմաններ եւ յաջողած է յաղթահարել զանոնք ու վերականգնիլ եւ վերակառուցել երկիրը: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան եւս, որ ներկայիս կը դիմակալէ ծանր ու դառն պայմաններ, շուտով պիտի կարենայ յաղթահարել զանոնք ու վերածաղկիլ` շեշտելով իր երկրին պատրաստակամութիւնը օգնելու Լիբանանին իր ներկայի ծանր պայմաններուն մէջ:
Փառատօնը, որ տեւեց աւելի քան երկու ժամ, առիթ մը եղաւ ներկայացնելու քորէական մշակոյթը: