ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լիլիթ Թադեւոսեան ընտրուեցաւ Վճռաբեկ դատարանի նախագահ` 102 կողմ, 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Վճռաբեկ դատարանի նախագահի պաշտօնին համար Լիլիթ Թադեւոսեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Բարձրագոյն դատական խորհուրդը:
Յիշեցնենք, որ Վճռաբեկ դատարանի նախագահի պաշտօնը թափուր դարձաւ, երբ նախկին նախագահ Երուանդ Խունդկարեան նախորդ Սեպտեմբերին ընտրուեցաւ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր: