ՄԱԿ.- Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասելպորն մտահոգ է Արցախի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներով` ատրպէյճանական եւ թրքական ուժերու յարձակումին պատճառով: «Երկիր»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին նախարարը արտայայտուեցաւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 46րդ նստաշրջանին ընթացքին:
«Տագնապներու ընթացքին մարդկային իրաւունքներու իրավիճակը անընդհատ կը վատթարանայ: Մենք անոր ականատես եղանք թուրք-ատրպէյճանական յարձակումին ընթացքին, որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի քանդումին», ըսաւ Ժան Ասելպորն: