Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները եւ պահուող անձերը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակուած է հետեւեալ գրառումը.
«Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին զարգացումները մտահոգիչ են եւ վտանգաւոր. անհրաժեշտ է անյապաղ լարուածութեան մեղմացում: Մենք կը շարունակենք Ազրպէյճանին կոչ ուղղել անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր պատերազմական գերիները եւ պահուող անձերը»:
Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութեան գրառման կից տեղադրուած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած էր 28 մայիսին: