«Ս. Փեթերսպուրկի հայ մարշալները, կեներալները, ատմիրալները» նորընծայ ռուսերէն գիրքը ներկայացուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի մշակութային կեդրոնին մէջ: Այս մասին տեղեկացուց գիրքի հեղինակ, տեղի Սուրբ Կատարինէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ “Հաւատամք” թերթի գլխաւոր խմբագիր Արմէն Մերուժանեան, որ իր աշխատութեան մէջ ներկայացուցած է Ռուսաստանի մշակութային մայրաքաղաքին մէջ ապրած, աշխատած, կայսերական ու խորհրդային ռազմական հաստատութիւններուն մէջ կրթութիւն ստացած ծագումով հայ զօրավարները:
Անոնցմէ շատերը իրենց ռազմական արուեստը, գիտելիքները, ունակութիւնները առաւելագոյնս դրսեւորած են դեռ Պետրոս Առաջինի արշաւանքներու, ռուս- պարսկական, ռուս-թրքական եւ ռուս-ճաբոնական պատերազմներու ժամանակ:
Գիրքին մէջ զգալի տեղ յատկացուած է այն փառապանծ հայ զօրավարներուն, ատմիրալներուն, մարշալներուն, որոնց անունները ոսկէ տառերով գրուած են ֆաշիզմի դէմ տարած յաղթանակի պատմութեան էջերուն մէջ: Գիրքին մէջ ընթերցողը կը հանդիպի նաեւ այնպիսի անուններու, որոնց մասին կը յիշատակուի առաջին անգամ: Հակիրճ կենսագրական տեղեկութիւններուն կ’ուղեկցուին զօրավարներու լուսանկարները: