2013 Դեկտեմբեր ամսուն սկիզբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Սոնա Զէյթլեանի «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» հատորը:
Զէյթլեանի բառերով` ««Հայ կնոջ ուղիին հետքերով» աշխատասիրութիւնը անձնական ուղեւորութիւն մըն է հայ կնոջ պատմութեան բազմակողմանի հանգրուաններուն` հեթանոսական շրջանէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը»: Արդարեւ, 326 էջերէ բաղկացած հատորը իր մէջ կը պարունակէ տասնէ աւելի գլուխներ, որոնց մէջ հեղինակը պատմական հանգրուանումով անդրադարձած է հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան` հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն ընթացքին, այսպէս` հեթանոսական շրջանին, քրիստոնէութեան սկզբնաւորութեան, օսմանեան դարաւոր տիրապետութեան ժամանակ, 20-րդ դարու դարագլուխին (Ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն, աքսոր), Հայաստանի Ա. հանրապետութեան շրջանին, ազգային վերականգնումի ընթացքին, Խորհրդային Միութեան շրջանին, Հայաստանի Բ. հանրապետութեան շրջանին: Ինչպէս նաեւ անդրադարձած է հայոց թագուհիներուն, Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի հայուհիներուն: Վերջին երկու գլուխներով Զէյթլեան անդրադարձած է «Սփիւռքի մարտահրաւէրը եւ կիներու երկրորդ շարժումի մը համակարգը» եւ «Ներկայի մարտահրաւէրներ. կիներու երկրորդ շարժումի մը համակարգը» նիւթերուն շուրջ: Հատորին վերջաւորութեան զետեղուած են քարտէսներ եւ նկարներ:
Սոյն հատորը հրատարակութիւնն է «Գէորգ Մելիտինեցի մրցանակին», թիւ 79: