Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին կողմէ լոյս ընծայուեցաւ Օսմանեան շրջանի բանակին մէջ ծառայած հարիւրապետ Թորոսեանի գիրքը՝ «Պատմութիւն, Ինքնակենսագրութիւն Եւ Իրականութիւն» խորագիրին ներքեւ։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուեցաւ Պիւլենտ Սոմայի կողմէ։ Գիրքին մէջ գրութիւններ ստորագրեցին Այհան Աքթար, Սուաւի Այտըն, Գահրաման Շաքուլ, Յովհաննէս Քըլըճտաղը եւ Թաներ Աքչամ։ Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ մամուլէն առնուած այլ գրութիւններու եւ փաստացի վկայութիւններու։
Յայտնենք, որ Թորոսեանի նիւթը օրակարգի եկած էր «Թարաֆ» թերթին կողմէ 2012 եւ 2013 թուականներուն, ստեղծելով մեծ աղմուկ։
Այսօրուան «Թարաֆ» թերթը՝ տեղեկացնելով Թորոսեանի մասին լոյս տեսած գիրքը, հարցազրոյցի լման էջ մը յատկացուցած է Թորոսեանի նիւթը արծարծելով։ Հարցազրոյցը կատարուած է թերթի աշխատակից Հիւսէյին Իսթեմիլի կողմէ, «Պիլկի» համալսարանի դասախօս փրոֆ. Այհան Աքթարի հետ։
Այհան Աքթար համարձակ տողերով կը պատմէ բոլոր այն անիրաւութիւնները, որոնք մասնաւորաբար Օսմանեան շրջանին գործուեցան հայերու, այս կարգին եւս հարիւրապետ Թորոսեանի դէմ։
Աքթար կը պատմէ, որ երբ կը խօսուի Օսմանեան բանակին մէջ փոքրամասնութիւններու բերած ծառայութեան մասին, պետութիւնը կ՛անհանգստանայ, թաքցնել, անտես առնել կը ջանայ այդ ծառայութիւնները, զանոնք վիրաւորանք կը նկատէ պետութեան կողմէ որդեգրուած այն քաղաքականութեան, որուն բուն նպատակն է պատմութիւնը իսլամացնել։
Աքթար տարօրինակ կը գտնէ, որ այս տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ պետութիւնը յանկարծ Չանաքքալէի յիշատակութեան օր մը մէջտեղ դրաւ։ Ասոր նպատակը 100ամեակի յիշատակութիւններու ազդեցութիւնը նուազեցնել էր։ Տարօրինակն այն է, որ պետութիւնը միայն չբաւականացաւ այս օրը յիշատակելով, այլ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ հրաւիրեց այդ օրուան։ Արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու այս հրաւէրը ուղղելու ընթացքին ըսաւ, որ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայեր ալ կային։ Այս արտայայտութեան դիմաց, փրոֆ. Եուսուֆ Հալաճօղլու յայտնեց, որ այս խօսքով պատմական սխալ մը գործուեցաւ, որովհետեւ այս անգամ հայեր իրաւացիօրէն պիտի ըսեն, որ քանի որ միասին փրկեցինք երկիրը, մեզ ինչո՞ւ աքսորեցիք։ Հայաստանի նախագահը անշուշտ մերժեց հրաւէրը՝ ըսելով. «Գիտենք, թէ Չանաքքալէի մէջ հայեր ալ պատերազմեցան։ Հարիւրապետ Թորոսեանն ալ հոն էր։ Բայց մարդուն ընտանիքը Սուրիոյ անապատները քշեցիք եւ սպաննեցիք»։
Այհան Աքթար կը պատմէ, որ խեղճ Թորոսեանի նիւթը յանկարծ արտաքին քաղաքականութեան նախանիւթ դարձաւ։ Բայց ապահովեց նաեւ, որ նոր պրպտումներ կատարուին Թորոսեանի կեանքին եւ ծառայութիւններուն մասին։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»