«Հաճոյքով կը հաղորդենք, որ գիրքի ձեւով հրատարակուեցաւ ու այսօրուընէ սկսեալ գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դրուի մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի նոր գիրքը, որ «Մարդիկ, որոնք անցան կեանքիս մէջէն» շարքի երեք հատորներէն առաջինն է: Ինչպէս ընթերցողները կը յիշեն, այս շարքին մէջ հեղինակը կարօտալից ու սիրոյ զգացումներով կը խօսի անձերու մասին, որոնք անցան իր կեանքին մէջէն ու բանով մը իրենց ազդեցութիւնը թողուցին: Շարքը պիտի ամբողջանայ երեք հատորներով: Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ յիշուած անձերէն ոմանց լուսանկարներուն», կը տեղեկացնէ «Մարմարա» օրաթերթը:
Հեղինակը կը գրէ, որ մեռնողները կը շարունակեն ապրիլ զիրենք յիշողներուն շնորհիւ: Երբ կու տանք անոնց անունները, կը փոխադրուինք դէպի անցեալ, կարօտով կը յիշենք ապրուած կամ չապրուած հին օրերը:
Գիրքը կը կազմէ «Յուշատետր» շարքին 88-րդ հատորը: Շարքին յաջորդ երկու հատորները պիտի հրատարակուին շուտով: