Վերջերս Լոս Անճելըսի Լա Քանատայի «Լանթերման» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Բարեկամութիւն» պարի համոյթի համերգը` «ճանապարհորդութիւն դէպի Հայաստան» խորագիրով: Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Եղիա Մանսուրեան:
Համերգի բեմադրման հիմնաքարը եղած է Հայաստանը` պատմական իրադարձութիւններ եւ այսօրուան կեանքը: Կազմակերպիչները համերգային ծրագիրը ներկայացուցած են իբրեւ պատմական ճանապարհորդութիւն, ուր անոնք ցուցադրած են Հայաստանի պատմութիւնը, պատմամշակութային կոթողները, զարգացած մշակոյթն ու արուեստը: Բոլոր պարային համարներուն յաջորդած են տեսահոլովակներ Հայաստանի մասին, մասնաւորապէս` Քրիստոնէութեան ընդունումը, Մեսրոպեան գիրերու գիւտը, Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներկայիս Հայաստանի յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները:
Նման ուղղուածութեան ձեռնարկներ հազուադէպ կը կազմակերպուին հայ համայնքէն ներս, ուստի այն մեծ եռանդ հաղորդեց աւելի քան 500 հանդիսատեսներուն` վերարթնցնելով Հայաստանի նկատմամբ կարօտի եւ ջերմութեան զգացումները:
«Բարեկամութիւն» պարի համոյթը բաղկացած է տարբեր տարիքային խումբերէ:
Այն ստեղծուած է 2000թ.-ին Լոս Անճելըսի մէջ: Խումբի տնօրէնն է Արսէն Օհանեան, իսկ գլխաւոր պարուսոյցը` Լուսինէ Գէորգեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութիւն