Համահայկական ուսանողական միութեանց նախաձեռնութեամբ, Փետրուար 8-ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ համալսարաններու մէջ գործող Հայ ուսանողական միութիւնները բողոքի լուռ ցոյցեր պիտի կատարեն՝ «Ուրացման արատ»ը ընդհանուր խորագիրին տակ, անգամ մը եւս ցոյց տալով, որ հայ ուսանողները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վնասուց ապահովման արշաւին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Քալիֆորնիոյ համալսարաններէն դուրս, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան նահանգներէն եւ Գանատայէն քանի մը համալսարաններու Հայ ուսանողական միութիւնները եւս պիտի մասնակցին ցոյցերուն։
Ցոյցերը տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ժամը 10-էն կ.ե. ժամը 3-ի միջեւ, իսկ անոնց զուգահեռ արշաւ մը պիտի իրականացուի ընկերային ցանցերու միջոցաւ, հետեւեալ հասցէներով՝ #StainOfDenial, #ArmenianGenocide եւ #DivestTurkey։
Այս արշաւը առիթ կը հանդիսանայ հայ ուսանողներուն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը հասցնեն համալսարաններու օտար ուսանողներուն եւ պաշտօնէութեան, միաժամանակ վերյիշելով Ցեղասպանութեան զոհերը եւ լուսարձակի տակ առնելով միասնակամ գործելու կարեւորութիւնը: Արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.all-asa.org կայքը։