Ապրիլը Լոս Անճելըսի մէջ կը յայտարարուի «Հայոց պատմութեան ամիս»: Նախաձեռնութիւնը Լոս Անճելըսի շրջանային խորհուրդի ներկայացուցիչներ Ճենիս Հանինը եւ Քեթրին Պարգըրինն է, կը յայտնէ Cerritos Community News-ը:
«Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ կը բնակի Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող ամենամեծ հայ համայնքը: Այս ամիս մենք լաւ հնարաւորութիւն ունինք ներկայացնելու հայ ժողովուրդի հարուստ մշակոյթը, ամերիկահայերու նուաճումները, եւ միանալ տեղաբնակներուն` ոգեկոչելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը»,-panarmenian.net-ի փոխանցմամբ, ըսած է Հանը:
Հանը Լոս Անճելըսի շրջանային խորհուրդի ապրիլ ամսուան իւրաքանչիւր նիստին կը խօսի ամերիկահայերու եւ հայկական կազմակերպութիւններու նուաճումներու մասին:
2017 թուականէն սկսած, Լոս Անճելըսի շրջանն արդէն երրորդ անգամ ապրիլը կը յայտարարէ «Հայոց պատմութեան ամիս»: Մինչ այդ կը նշուէր միայն ապրիլ 24-ը` որպէս Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: