Անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսի հետ ծիծաղաշարժ դէպք մը պատահեցաւ` Լոս Անճելըսի Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի մէջ տեսաձայնային ձեռնարկի ընթացքին:
Գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղաեւ մօտեցաւ ամպիոնին, միացուց նորոյթ դիւրակիր համակարգիչը եւ հպարտութեամբ լսարանին կոչ ըրաւ դիտել Ատրպէյճանի տեսարանները պատին ամրացուած մեծ պաստառին վրայ: Սակայն սարսափով նկատեց, որ պաստառին վրայ կ’երեւի մասնակի սառած պատկեր մը:
Հիւպատոսի օգնականներն ու Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահը նետուեցան բեմ եւ սկսան սեղմել դիւրակիր համակարգիչին վրայի բոլոր հնարաւոր կոճակները, քանի որ հիւրերը անհամբեր կը սպասէին: Սակայն անոնց փորձերը մնացին ապարդիւն. պարոն Աղաեւ ոչ միայն չկրցաւ ցուցադրել իր հայրենի երկիրը, այլեւ չկրցաւ անգամ ներկայացնել իր ելոյթը, քանի որ «անհնազանդ» դիւրակիր համակարգիչը արգելափակած էր անոր նիւթը:
Յուսահատած ատրպէյճանցի դիւանագէտը սկսաւ խօսիլ անպատրաստ` գրպանէն հանելով թուղթի կտոր մը, որուն վրայ խզբզած էր քանի մը նշում: Այսպիսին էր երեկոյի անյաջող սկիզբը, որ նախատեսուած էր Ատրպէյճանի տպաւորիչ յառաջընթացը ցուցադրելու եւ լսարանին բարձր գիտարուեստներու սարքերով շլացնելու համար:
Գլխաւոր հիւպատոսը` ողջ դասախօսութեան ընթացքին շատ յուզուած կ’երեւէր: Հաւանաբար, անոր համար անսովոր էր ելոյթ ունենալու նման վեհաժողովի մը ընթացծքին կամ ջղայնացած էր, որովհետեւ «դահլիճին մէջ ներկայ էին հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներ», ներառեալ` ես եւ խումբ մը հայեր:
Պարոն Աղաեւը մանրամասն խօսեցաւ Հայաստանի կողմէ իր երկրի տարածքի մէկ հատուածի «բռնագրաւման» մասին` նկատի ունենալով Արցախի ազատագրումը: Այս հակամարտութիւնը անուանելով «Ատրպէյճանի գերագոյն խնդիր», ան ցաւով նշեց, որ «մէկ միլիոն ատրպէյճանցի այսօր փախստական դարձած է»:
Այնուամենայնիւ, ան չկրցաւ բացատրել, թէ միլիառաւոր քարիւղի տոլարներու եկամուտ ունեցող կառավարութիւնը ինչու թոյլ տուած է, որ իր այդքան մեծ թիւով քաղաքացիները աւելի քան 20 տարի ապրին ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ:
Գլխաւոր հիւպատոսն՝ ընդօրինակելով թրքական վարչակարգը, լուրջ սխալ թոյլ տուաւ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանելով «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւն»: Կ’արժէ՞ արդեօք ատրպէյճանցի պաշտօնեաները ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վիրաւորեն հայերը, երբ անոնք արդէն անելանելի վիճակի մէջ են արցախեան հարցով: Ինչո՞ւ Ատրպէյճանի ղեկավարները կ’ուզեն բարդացնել իրենց գործը` կապուելով Թուրքիոյ ժխտողականութեան հետ եւ աւելի թշնամացնելով հայերը` քիչ հաւանական դարձնելով անոնց հետ խաղաղ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու հնարաւորութիւնը:
Պարոն Աղաեւ` իր ելոյթին մէջ` բոլորովին անտեսելով Ատրպէյճանի քաղաքացիներու, ներառեալ նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու` մարդու իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարումը, Ատրպէյճանը կեղծօրէն ներկայացուց իբրեւ «կրօնական եւ ազգային հանդուրժողականութեան» երկիր: Ան շարունակեց պատմութիւնը նենգափոխել՝ մոռնալով հայերու ջարդերը Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ, եւ պնդեց, որ հայերը լիարժէք ազատութիւն ունեցած են Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ: Ան նաեւ մահմետական Ատրպէյճանը ներկայացուց իբրեւ «քրիստոնէութիւն ընդունած հնագոյն պետութիւներէն մէկը, 313 ք.ա. »:
Լսարանին մէջ քանի մը հոգիի կողմէ նախապէս համաձայնութեան եկած որոշ հարցերէն ետք, թէ ինչ «հանդուրժողական» է Ատրպէյճանը «լեռնային հրէաներ»-ու հանդէպ եւ ինչ լաւ յարաբերութիւններու մէջ է Իսրայէլի հետ, Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահը զգուշօրէն խուսափեցաւ թոյլ տալու ինծի հարցում ուղղել: Բարեբախտաբար, երկու այլ հայերու` Հայ երիտասարդական միութեան նախագահ Արութին Յարութիւնեանին եւ Հայ իրաւաբանական միութեան նախագահ Կարօ Ղազարեանին ընձեռնուեցաւ հարցեր տալու հնարաւորութիւն: Երկուքն ալ բարձրացուցին ատրպէյճանցի կացինահարող զինուոր Ռամիլ Սաֆարովի հարցը, որ Հունգարիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի դասընթացներու ժամանակ սպաննած էր քնացած հայ սպան: Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ Սաֆարովը բանտէն վաղաժամկէտ ազատելէն եւ Ատրպէյճանին արտայանձնելէն ետք` նախագահ Ալիեւը ներում շնորհեց եւ փառաբանեց կացինահարող մարդասպանը: Ատրպէյճանցի գլխաւոր հիւպատոսը` ապուշօրէն հակադրուելով իր նախագահին` յայտարարեց, որ Ատրպէյճանր «չարդարացներ» Սաֆարովի ոճրագործութիւնը:
Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ պարոն Աղաեւի յայտնուիլը առիթ կու տայ քանի մը մտահոգիչ հարցերու: Ինչո՞ւ Խորհուրդը նման անսովոր քայլի գնաց` ցած պաշտօնով գլխաւոր հիւպատոս մը հրաւիրելով, որպէսզի ներկայացնէ «հակոտնեայ տեսակէտ» Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի` միեւնոյն վայրին մէջ Սեպտեմբեր 24-ի ելոյթին: Հետաքրքրական է, թէ Ատրպէյճան ինչո՞վ խթանած է Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդը` կրտսեր դիւանագէտի ելոյթը ապահովելու համար, որ հաւանաբար նուաստացնէ հեղինակաւոր կազմակերպութեան վարկը:
Օրեր անց, երբ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան կայքէջի մէջ տեղադրուեցաւ պարոն Աղաեւի ելոյթը` դիւրակիր համակարգիչի հետ առնչուած խափանումները խնամքով հանուած էին խստօրէն խմբագրուած տեսանիւթէն: 48 րոպէ տեւողութեամբ ճառը եւ հարց ու պատասխանի ժամանակահատուածը կրճատուած էին մինչեւ 15 րոպէ:
Գլխաւոր հիւպատոսի` դիւրակիր համակարգիչի հետ առնչուած միջադէպը բնորոշ է Ատրպէյճանի շատ աւելի մեծ խնդիրներուն: Երկրի ղեկավարները միլիառաւոր տոլարներ ծախսած են մեծ քանակութեամբ արդիական ռազմական գործիքներ ձեռք բերելու համար: Սակայն, եթէ անոնք չեն գիտեր որ մէկ կոճակը սեղմել, ապա նորագոյն զէնքերը կ’ըլլան նոյնքան անօգուտ, ինչքան պարոն Աղաեւի դիւրակիր համակարգիչը:
Նախագահ Ալիեւը սփիւռքահայերուն Ատրպէյճանի «գլխաւոր թշնամի» որակելու փոխարէն, աւելի շատ պէտք է մտահոգուի իր դիւանագէտներով, որոնք չեն կրնար նոյնիսկ դիւրակիր համակարգիչ օգտագործել: Անճարակ պաշտօնեաները աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի համար, քան հայկական «թշնամին»: