Արուեստներու հայկական հիմնադրամը Լոս-Անճելըսի մէջ հրապարակած է գիրք Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերու ունեցած ներդրումի մասին «Yes, We Have: Expanded» վերնագիրով: Այդ մասին կը գրէ «Asbarez»-ը: Գիրքը ունի աւելի քան 800 էջ, կը ներառէ աւելի քան 700 կրճատ կենսագրութիւններ ու ԱՄՆ-ի արտօնագիրներ, որոնք տրամադրած էին հայկական ծագումով ամերիկացիները:
«Նոյնիսկ հինգ տարուան հետազօտութիւններէն ետք դեռ կը զարմանամ Ամերիկայի մէջ հայերու ձեռքբերումներու բազմազանութենէն ու հսկայ ծաւալէն, որ շատ ոգեւորիչ է»,- ըսած է Ստեփան Փարթամեան, որ կազմած է գիրքը: Այս նոր գիրքը «Yes, We Have: Expanded» շարքի հինգերորդ հատորն է: Փարթամեան այն կը հրապարակէ 2009թ.-էն ի վեր: