Ամերիկացի հանրածանօթ դերասանուհի Լորէն Պաքոլ մահացաւ: Ան 89 տարեկան էր: 1924-ին, Պրուքլին ծնած Պաքոլ, հոլիվուտեան ասպարէզը սկսած էր բաւական կանուխ, տակաւին 19 տարեկան հասակին: Առաջին դերը մարմանաւորած էր իր ապագայ ամուսնոյն Համփըրի Պոկարթի կողքին՝« Թու Հէվ Էնտ Հէվ Նաթ» ժապաւէնին մէջ: Պոկարթի մահէն ետք, Պաքոլ ամուսնացաւ Ճէյսըն Ռոպարտզի հետ: