Թեհրանի վաւերագրական շարժանկարներու 6-րդ փառատօնին աշխարհահռչակ հայ երգահան, խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանին նուիրուած «Հոկտեմբեր 13, 1937» շարժանկարը արժանացած է առաջին մրցանակի: Շարժանկարի բեմադրիչը իրանցի Պագթաշ Ապթինն է: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Լորիս Ճգնաւորեան: Շարժանկարը բաւական հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է դիտողներու շրջանակներու մէջ:
Փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է երկու ցուցադրութիւններ, որոնք անցած են լեփ-լեցուն դահլիճներու մէջ: «Ես ֆիլմը շատ հաւանեցի, քանի որ այն պատմում էր իմ ու ընտանիքիս, հայ ժողովրդի եւ Հայաստանի անցեալի մասին»,- ըսած է ան:
Անդրադառնալով շարժանկարի խորագիրի ընտրութեան` «Հոկտեմբեր 13, 1937», երգահանը նշեց, որ ան կը խորհրդանշէ իր ծննդեան օրը: «Ֆիլմը սկսում է իմ այն կէս-կատակ, կէս-լուրջ խոհից, որ մարդիկ չպէտք է անուն ունենան: Հենց անունից էլ առաջանում են ամէն տեսակի լարուածութիւնները ժողովուրդների, ազգերի միջեւ»,- ըսած է խմբավարը:
Լորիս Ճգնաւորեան յաջողած է հասնիլ միջազգային ճանաչումի. ան իրականացուցած է շարք մը ձայնագրութիւններ, որոնք արժանացած են քննադատներու դրական արձագանգներուն, ղեկավարած է աշխարհի կարգ մը առաջատար նուագախումբեր` Լոնտոնի սիմֆոնիկ նուագախումբը, Վիեննայի պետական օպերայի նուագախումբը եւ այլն: 1991 թուականին ան ոտքով քալած է մինչեւ Կիւմրի, որպէսզի երկրաշարժէն աւերուած քաղաքին համար դրամահաւաք կազմակերպէ եւ քաղաքին մէջ մշակութային Ակադեմիա ստեղծէ: Նոյն այդ օրերուն ալ նկարահանուած է շարժանկար մը` «Ուխտագնացութիւն դէպի Գիւմրի», որուն սենարին հեղինակը Հրաչուհի Տատուրեանն էր:
«Նոր ֆիլմում պատմւում է նաեւ այս ուխտագնացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախացման շրջանի մասին»,- ըսած է ան: Ճգնաւորեան մեծ ներդրում ունի նաեւ Հայաստանի անկախութեան ճանաչման գործին. անկախութեան հռչակման օրերուն մեծանուն երգահանը կազմակերպած է ﬔծ համերգ մը` «Այո Անկախութեանը» խորագիրով` նպաստելու անկախութեան ճանաչման:
Կը նախատեսուի, որ «Հոկտեմբեր 13, 1937» շարժանկարը այս տարի ներկայացուի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնին: