ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
«Լուսեղէն եւ երկնային անթառամ պսակացն
արժանի եղեն» (Ժամագիրք)
Տաճար-նաւը լոյս կը սփռէ` արեւագալի ողջոյնով…
Դատարկ հոգիներ անանց բարիքներու նախաճաշակով կը լեցուին,
հաղորդակից`
Աստուծոյ ճգնաւորներուն,
նահատակներուն,
մարտիրոսներուն,
գովելիներուն,
կամաւոր զոհերուն…
«Լո՜յս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս…»
Խունկը կը բուրէ,
Լոյսը կ՛առատանայ, կ՛աղբերանայ` բոլոր շրթներէն հոսող
Լուսաստեղծիչին գովքով…
Երկնայիններուն ընդելուզուած երկրածիններ իրար կը գերազանցեն
նորածագ Լոյսի բարեբանութեամբ`
բացուած երկինքը տեսնելու,
իմանալի Լոյսին փարելու,
աննիւթական Լոյսը հագնելու`
համածիր գգուանքին յանձնուած…
Լոյսի՜ զաւակներ
իմաստութեան,
արդարութեան,
խաղաղութեան Լոյսը ըմպած`
նոր Կեանքի առագաստը կը բանան…
Անթիլիաս – Լիբանան
30 մարտ 2022