ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Առաւօտեան լուսաբացէդ շող մը ցաթէ՛ իմաստութեան
Բարի՛-բարի՛ արեգակէդ շիթ մը տեղա՛ լոյս բարութեան
Արդա՛ր-արդա՛ր ճաճանչներէդ կաթէ՛ ցոլքը արդարութեան
Եւ անհատնում ճենճերումէդ վառէ՛ կայծը սիրոյն անբաւ…
Այս բոլորը շաղախ դարձո՛ւր բարի լոյսիդ առաւօտեան
Թող ան մտնէ բիւր սիրտերուն, հոգիներուն լուսածարաւ
Եւ նորոգուին մարդ ու աշխարհն պատկերովն ջինջ նախաստեղծեան
Թող խորզգան լոյսիդ բերկրանքն, լոյսին բացուին արեգնացեալ…