-Ե՞րբ ստեղծուած է այս լուսանկարը, ի՞նչ պայմաններու մէջ…
-Լուսանկարին աւելի ուշ կ’անդրադառնամ, փոքրիկ նախապատմութենէ մը ետք:
1993-ի ապրիլին էր, Քարվաճառի ազատագրութեան օրերուն: Քարվաճառի մէջ հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներ կային` հիմնականօրէն ծերեր, երեխաներ եւ կանայք: Տղամարդիկ, զինուորականները եւ ռազմիկները փախած էին` անզէն մարդոց ձգելով անօգնական: Մօտեցանք դրան շեմին նստած կանանց խումբին, եւ ես թրքերէն բարեւեցի իրենց: Ութսունը անց ծեր կինը կշտամբանքով նայեցաւ վրաս ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ այսքան ուշացաք: Հայերը շուտով քաղաք կը մտնեն: Մերինները ըսին` մենք կ’երթանք, որ ձեզի համար ուղղաթիռներ ուղարկենք: Իրենք թռան ու մեզի ձգեցին այստեղ… տղամարդիկ փախան, կանանց ձգեցին»:
Ես հասկցայ ամէն ինչ: Ատրպէյճանուհին մեզի իւրայինի տեղ դրած էր:
-Հայերը արդէն եկած են,- ըսի ես:
Ռազմագերիներու պատասխանատուն ես էի: Բոլորին խիստ հրահանգուած էր յարգալից ըլլալ խաղաղ բնակչութեան հետ: Մենք հաւաքեցինք զանոնք, տեղաւորուեցինք Քարվաճառի երկու շէնքերու մէջ, ես անձամբ զրուցեցի անոնց հետ եւ բացատրեցի, որ իրենց կեանքն ու պատիւը պաշտպանուած է այստեղ, քանի որ մեր կռիւը մեր դէմ զէնք հանած թշնամիին դէմ է եւ ոչ խաղաղ բնակչութեան: Որ, ի տարբերութիւն ատրպէյճանցի ռազմիկի եւ զինուորականի, մենք զէնք չենք բարձրացներ անզէն մարդու վրայ, չենք խոշտանգեր զայն, չենք վիրաւորեր մարդկային արժանապատուութիւնը: Եւ իրենք որոշ ժամանակ անց անվնաս պիտի ճանապարհուին մօտակայ քաղաքը` Գանձակ (Կիրովապատ):
-Անոնք հաւատացի՞ն… Ինչպէ՞ս կրնային հաւատալ հայերու խոստումներուն, եթէ իրենցինները չէին կատարած իրենց իսկ խոստումը, փախած էին առանց ետ նայելու` իրենց ծնողները, կիները, երեխաները ձգելով բախտի քմահաճոյքին:
-Սկիզբը, ի հարկէ չհաւատացին, շատ վախցած էին: Մենք գացինք մօտակայ գիւղերը եւ բոլորին բերինք Քարվաճառ: Գիւղերէն մէկուն մէջ հանդիպեցանք զարհուրելի տեսարանի: Վիրաւոր կին մը կը խնամէր իր մահամերձ աղջիկը: Աղջիկը գրեթէ արիւնաքամ եղած էր: Անկեղծ ըսեմ, սկիզբը ինծի թուեցաւ, թէ մերինները վիրաւորած են զայն, շատ բարկացայ, բայց քիչ անց կինը փարատեց զայրոյթս. պարզուեցաւ` ամուսինը գնդակահարած է կինն ու աղջիկը, որ «հայերու ձեռքը» չիյնան, իսկ ինքը փախած է: Մենք անմիջապէս ուղղաթիռ խնդրեցինք եւ երկուքն ալ տեղափոխեցինք Վարդենիս: Մեր բժիշկները երկուքին ալ կեանքը փրկեցին: Աղջիկը շատ ծանր վիրահատութեան ենթարկուեցաւ… Այս ամէնը եղաւ ռազմագերիներու աչքին առաջ: Անոնք ապշած էին.. անոնց մէջ կար կին մը, որ կը տարբերէր միւսներէն: 81-ամեայ Շէյխա խանումը: Բոլորը տեսակ մը առանձնակի ակնածանք ունէին անոր հանդէպ: Շէյխա խանումը բանաստեղծ էր, աշուղ, բանասաց: Սուր միտք ունէր, ճարտար լեզու ու բնատուր փիլիսոփայ էր: Ես կը սիրէի զրուցել անոր հետ: Կ’ըսէր` այս կռիւը մեր երկու ժողովուրդներուն կռիւ չէ, մենք կը սիրենք հայերը, մենք բոլորս ալ գիտենք, որ ասիկա հայերու երկիրն է, ամէն տեղ հայկական գերեզմաններ են, խաչերով զարդարուած քարեր, ամէն տեղ հայկական մշակոյթի հետքեր կան:
-Բայց, չի բացառուիր, որ կը շողոքորթէր… վախէն…
-Սկիզբը` գուցէ, բայց յետոյ` ոչ: Որովհետեւ մենք, իրապէս, շատ վեհանձնաբար վերաբերուեցանք անոր հետ: Սնունդը քիչ էր, չէր բաւեր, մենք օրը մէկ անգամ կը սնուէինք, բայց ռազմագերիներուն կ’ապահովէինք ալիւրով, մթերքով: Անոնք հաց կը թխէին, ուտելիք կը պատրաստէին եւ կը հրաւիրէին մեզ… Այդ նոյն ժամանակ ատրպէյճանցիները աշխարհով մէկ կը տարածէին, որ Քարվաճառի մէջ սոսկալի սպանդ է, որ հայերը կը մորթեն, կը խոշտանգեն խաղաղ բնակչութիւնը: Եւ ահա Ֆրանսայէն լրագրողներ եկան Քարվաճառ: Երկուքը հայ էին` լուսանկարիչներ Զաւէն Խաչիկեանը եւ երջանկայիշատակ Ռուբէն Մանգասարեանը… անոնք շատ լուսանկարեցին, զրուցեցին ատրպէյճանցիներուն հետ, տեսագրեցին. խօսեցաւ նաեւ Շէյխա խանումը: Ան ըսաւ, որ հայերը այստեղ իրենցիններէն աւելի ջերմ են: Որ իր տղաները փախան` ձգելով իրենց մայրը անպաշտպան, իսկ ահա այս հայ տղաները որքան հոգատար էին իր եւ միւսներուն հանդէպ: Կ’ուզէի այսպիսի տղաներ ունենալ` ըսաւ Շէյխա խանում մատնացոյց ընելով մեզ եւ առաջին անգամ բերնէն թռցուց, որ որդին Քարվաճառի ոստիկանապետն է, բայց փախաւ՝ մայրը ձգելով: Եւ ահա Զաւէն Խաչիկեան այդ զրոյցի ընթացքին աննկատ լուսանկարած է մեզ…
-Դուք քանի՞ տարեկան էիք այդ ժամանակ:
-30: Եւ ահա Ֆրանսայի «Libration» թերթը կը հրապարակէ այս լուսանկարը եւ կը գրէ, որ ատրպէյճանցի կինը Ֆրանսայէն եկած հայ կամաւորը աւելի կը սիրէ, քան իր որդին, նաեւ կը տպագրուի յօդուած` հրապարակելով ատրպէյճանցի ռազմագերիներու խօսքը հայերու բարեացակամ եւ մարդկային վերաբերումին մասին: Ատկէ մէկ օր ետք յօդուած մը կը տպագրէ նաեւ թրքական «Milliyet» թերթը եւ կը գրէ, որ տասնեակ հազարներով խաղաղ բնակիչներ Քարվաճառի մէջ կ’ենթարկուին սպանդի: Կը զետեղուի նոյն այդ լուսանկարը, մակագրութեամբ` ատրպէճանցի տատիկը կը գրկէ-կը համբուրէ իր թոռնիկը (զիս), եւ կ’ըսէ՝ գնա՛ քու մորթուած ու անարգուած հարազատներուն վրէժը առ հայերէն: Փարիզի մէջ ընկերներէս մէկը տեսնելով «Milliyet»-ի առաջին էջին վրայ իմ մեծադիր պատկերը, կը կարդայ թերթը եւ զարմանքով կը տեսնէ, որ իր ընկերը` Սարգիս Հացպանեանը, թուրքերը ներկայացուցած են իբրեւ ատրպէյճանցի… ան այդ նոյն ժամանակ բախտի բերմումով կը կարդայ նաեւ «Libration» թերթը եւ կը տեղեկանայ լուսանկարին իրական պատմութեան: Ու իբրեւ թուրքերու ստախօսութեան ու զրպարտանքի ցայտուն օրինակ, այս երկու թերթերը միասին կ’ուղարկէ Եւրոխորհուրդ:
-Ին՞չ եղան Քարվաճառի ռազմագերիները:
-Մենք մօտ 20 օր ապրեցանք միասին: Զանոնք Կիրովապատ ուղարկելէն առաջ յորդորեցինք երթալ իրենց տուները, վերցնել իրենց պահած թանկարժէք իրերը, վստահեցնելով, որ մենք ոչինչ կը խլենք իրենցմէ: Մենք` հայերս, ճակատագրի բերումով յաճախ ստիպուած եղած ենք ձգել մեր հարստութիւնը եւ հեռանալ մեր տուներէն, մենք մեր արեան մէջ ունինք այդ ցաւը եւ չենք նմանիր թուրքերուն: Անհեթեթութեան հասնող տեսարան էր. մեզմէ բաժանուելէ ատեն ատրպէյճանցիները կ’արտասուէին, կը գրկէին մեզ ու կու լային… զանոնք անվնաս, ապահով ճամբու դինք Կիրովապատ:
…յետոյ գիտցանք, որ երբ արտասահմանցի լրագրողներ եկած են Կիրովապատ, որպէսզի հարցուփորձ ընեն, թէ ինչպէս վերաբերած են հայերը ինենց հետ: Հակառակ բոլոր զգուշացումներուն եւ սպառնալիքներուն, Շէյխա խանումը պատմած է ճշմարտութիւնը: Ըսած է, որ հայերը Քարվաճառի մէջ աւելի լաւ կը վերաբերէին իրենց հետ, քան ատրպէյճանցիները` Կիրովապատի:
Տարիներ ետք, երբ պատերազմը արդէն վերջ գտած էր, մեր օդակայանին մէջ տեսայ այս նոյն նկարը ահռելի մեծութեամբ ցուցապաստառի վրայ… Հետաքրքրուեցայ եւ իմացայ, որ Միջազգային Կարմիր խաչը այս լուսանկարը համարած է մարդասիրութիւն խորհրդանշող տարուան լաւագոյն լուսանկար եւ միլիոնաւոր տպաքանակով տարածած բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր Միջազգային Կարմիր խաչը ներկայացուած է:
-Նաեւ փաստագրական շարժանկար նկարահանուած է այս լուսանկարին առնչութեամբ:
-Այո՛, կինովաւերագրող Ֆրետերիք Թոնոլլին շարժանկար նկարեց: Ան եկաւ Հայաստան, գտաւ զիս, յետոյ գնաց Ատրպէյճան… Անոր ֆիլմը բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու արժանացաւ: Ֆրետերիք Թոնոլլին մօր կողմէ հայ էր, բայց սկիզբը նոյնիսկ մէկ բառ հայերէն չէր խօսեր: Յետագային այնքան կապուեցաւ Հայաստանին, որ վերջին այցելութեան ժամանակ հայերէն կը խօսէր եւ կ’ըսէր, որ ինքը էութեամբ հայ է: Որ շփուելով հայերու եւ Հայաստանի հետ, հասկցած է, որ իր արեան ու ժառանգութեան մէջ կը գերիշխէ հայկականութիւնը: Յետագային ան նորէն շարժանկարներ նկարեց Հայաստանի եւ Արցախի մասին, մէկ խօսքով` դարձաւ Հայաստանի նուիրեալ եւ Հայաստանի մասին աշխարհին պատմելը դարձուց իր առաքելութիւնը:
«Շարմ» ընկերութիւնը նոյնպէս նկարահանած է վաւերագրական շարժանկար մը, ուր այս լուսանկարի պատմութիւնը ամբողջութեամբ կը ներկայացուի:
Ֆիլմ նկարահանած է նաեւ «Ինթերնիւզ»-ը, Գարեգին Խումարեանը եւ վրացուհիի մը հետ համատեղ նկարահանեցին «Մօր ձեռքերը» վերնագիրով շարժանկար մը, որ նոյնպէս արժանացած է մրցանակներու:
-Ի՞նչ շեշտադրում ունի ֆիլմը…
-Մայրը, ինչ ազգէ ալ ըլլայ, կը մնայ մայր, ու կրնայ իրեն որդիաբար վերաբերուող տղային հանդէպ մայրական զգացում տածել: Այն ձեռքերը, որ պատերազմի ժամանակ փարուած էին հակառակորդի զինուորին, մօր ձեռքեր էին` մայրական ջերմութեամբ, քնքշանքով ու սիրով լի:
Օր մը 4-րդ դասարանցի աղջիկս եկաւ տուն ու ըսաւ, որ իրենց գրականութեան դասագիրքին մէջ Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութեան հարեւանութեամբ զետեղուած է իմ եւ ատրպէյճանցի տատիկին լուսանկարը: Տեսնելով լուսանկարը` աղջիկս ուսուցչուհիին ըսած էր, որ նկարին մէջ իր հայրն է, սակայն ուսուցչուհին չէր հաւատացած: Յաջորդ օրը աղջիկս այդ նկարը տարաւ դպրոց: Յետոյ դպրոցի տնօրէնը հրաւիրեց զիս, հանդիպում կազմակերպեցին դպրոցականներու հետ… Վրացուհիին շարժանկարը կ’աւարտի Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութեան ընթերցանութեամբ: Իմ Մարիամս՝ աղջիկս, կը կարդայ:
Յ.Գ. Սարգիս Հացպանեան ծնած է Կիլիկիոյ Ալեքսանդրետ քաղաքը: Յետոյ տեղափոխուած է Ֆրանսա: Ան Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի քրոջ` Հռիփսիմէի թոռն է: Մասնագիտութեամբ կինոռեժիսոր է: 1990-ին Փարաջանովի հրաւէրով եկած է Հայաստան: Այնուհետեւ անդամագրուած է Լէոնիտ Ազգալդեանի հիմնադրած «Ազատագրական բանակ»-ին եւ մասնակցած Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան: Ամուսնացած է, ունի երկու երեխայ: Հացպանեաններու ընտանիքը կը բնակի Հայաստան:
Գայեանէ Պօղոսեան