ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 236
Երբ կը խօսինք Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մասին, անկախ մեր տեսակէտէն՝ անհրաժեշտ է պատասխանել, թէ Ռուսիան ընդհանրապէս ինչպէ՛ս կը վերաբերի Հայաստանի հետ:
Կովկասը միշտ ալ ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող տարածաշրջան մը եղած է Ռուսիոյ համար:
Այժմու Ռուսիան ցարական ժամանակաշրջանէն ներգրաւուած է Կովկասի աշխարհաքաղաքական բոլոր զարգացումներուն՝ պաշտպանելով իր աւանդական շահերը:
Պատմութեան ճակատագրական պահերուն անոր ռազմավարութիւնը աննպաստ եղած է հայ ժողովուրդին շահերուն:
Հայ մեծագոյն վիպասան Ռաֆֆին, Ղարաբաղի պատմութեան վերաբերող իր «Խամսայի Մելիքութիւններ» երկին մէջ, ցաւով կը գրէ. «Ռուսները, հայ մելիքների օգնութեամբ տիրելով Ղարաբաղին, թողեցին երկրամասի կառավարիչ այդ նոյն մելիքներին ոխերիմ թշնամուն՝ Իբրահիմ խանին: Իբրահիմ խանը դաւաճանեց ռուսներին եւ սպանուեց: Նրա տեղը նշանակուեց դաւաճանի աւագ որդին՝ Մեհտի խանը, որին տրուեց աւելի իրաւունքներ: Սակայն նա կատարեց աւելի մեծ դաւաճանութիւն՝ 1812 թուականին Ղարաբաղից փախաւ Պարսկաստան եւ վերադառնալով պարսկական բանակով՝ պատերազմ սկսեց ռուսների դէմ: Անհասկնալի է, ինչո՞ւ այդ ժամանակուայ ռուս չինովնիկները այդ նենգ խաներին տալիս էին առաւելութիւն Ռուսաստանին անձնազոհ ծառայած հայ մելիքների նկատմամբ»:
Այս քաղաքականութիւնը բազմիցս դրսեւորուած է հետագային:
1918- 1920 թուականներուն պոլշեւիկեան Ռուսիան, ի շահ համաշխարհային յեղափոխութեան, գործարքի մտաւ քեմալական Թուրքիոյ հետ, որուն հետեւանքով ոտնահարուեցան հայ ժողովուրդին կենսական շահերը: Հայաստանը զրկուեցաւ Կարսէն, Սուրմալուէն, Նախիջեւանէն, ապա՝ Ղարաբաղէն:
Կարելի՞ է մոռնալ 1920-ականները: Կարելի՞ է մոռնալ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի շրջափակման հանդէպ Ռուսիոյ վերաբերումը: 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին անոր երկդիմի քայլերը:
Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդի ռուսական կողմնորոշումը ընդունուած է իբրեւ միակ ճշմարիտն ու պատմականօրէն արդարացուածը: Արդեօք պատմականօրէն սխա՞լ կողմնորոշուած է Հայաստան:
Այստեղ շատ բնական եւ տրամաբանական է հարցնել՝ ճիշտ կատարա՞ծ ենք դարաւոր բարեկամի մեր ընտրութիւնը..:
Անհրաժեշտ է Ռուսիոյ ղեկավարութեան բացայայտել եւ պարզաբանել այս մեր արդար մտահոգութիւնները:
Ռուսիա նոյնպէս պարտաւոր է հաշիւ տալու այս հարցումին, ապացուցելու, որ Հայաստանը իսկապէս յենարան Մոսկուայի համար Կովկասի մէջ եւ ոչ՝ գործիք:
Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուեցան ապրիլ 1992-ին: Սակայն, նախքան այդ, 29 դեկտեմբեր 1991-ին, երկու «նորածին» պետութիւնները Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ անվտանգութեան պայմանագիր մը ստորագրեցին:
Ըներցողին ուշադրութեան պիտի յանձնեմ տասնեօթ յօդուածներէ բաղկացած պայմանագիրին երրորդ եւ հինգերորդ յօդուածները:
Երրորդ յօդուածը կ’ըսէ. «Պայմանաւորուող կողմերէն մէկուն խաղաղութիւնը խախտելու կամ անոր կարծիքով խաղաղութեանը սպառնացող կամ իր անվտանգութեան իրական շահերը խախտող իրադրութիւն յառաջանալու պարագային, այդ կողմը կրնայ միւս կողմին դիմել անյապաղ օգնութիւն ստանալու խնդրանքով, որուն անհրաժեշտութիւնը, ձեւերը եւ չափերը կ’որոշուին համապատասխան խորհրդատւութիւններ կատարելու միջոցով»:
Իսկ հինգերորդ յօդուածին մէջ կ’ըսուի. «Պայմանաւորուող կողմերէն իւրաքանչիւրը կը պարտաւորուի ձեռնպահ մնալ մասնակցելու որեւէ գործողութիւններու կամ միջոցառումներու դէմ, որոնք ուղղուած են պայմանաւորուող միւս կողմին դէմ եւ թոյլ չտալ, որ իր տարածքը օգտագործուի պայմանաւորուող միւս կողմին նկատմամբ ներխուժումի կամ բռնի գործողութիւններու նպատակով»:
Օրին, վերոյիշեալ երկու յօդուածներուն հանդէպ վերապահութիւններ ունենալու պատճառով, Ռուսիոյ Դաշնութեան Գերագոյն խորհուրդը ամբողջութեամբ չհաստատեց պայմանագիրը: Գերագոյն խորհուրդի քննարկումներուն ընթացքին լուրջ տարակարծութիւններ յառաջացան: Այս իրողութիւնը կ’ապացուցէ՞ր, թէ Ռուսիոյ քաղաքական ուժերը տարբեր պատկերացում ունէին Հայաստան-Ռուսիա փոխյարաբերութիւններուն մասին: Կարգ մը երեսփոխաններ մինչեւ իսկ մտահոգութիւն յայտնեցին, թէ Հայաստան կրնայ զինեալ հակամարտութեան մէջ ներգրաւել Ռուսիան: Ուրիշներ պահանջեցին նոյն տարազով համաձայնագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ: Եզրակացութիւն՝ թելադրուեցաւ հաւասարակշռութիւն պահպանել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Այդպէս ալ եղաւ: Մոսկուա նոյնանման պայմանագիր մը կնքեց Ազրպէյճանի հետ:
Անդրկովկասի երեք պետութիւններուն հանդէպ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան ելեւէջներէն անկախ՝ Մոսկուայի ռազմավարութիւնը միեւնոյնն է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ. զանոնք պահել իր ազդեցութեան տակ:
Ծանօթութեան չի կարօտիր, Անդրկովկասի պետութիւններէն դէպի Թուրքիա Ազրպէյճանի կողմնորոշումը, նմանապէս ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Վրաստանի յաւակնութիւնները:
Վերոյիշեալ կեցուածքները չեն նպաստեր Ռուսիոյ շահերուն:
Ժամանակակից Ռուսիան չի կրնար անտեսել այս իրողութիւնները: Մոսկուան շահագրգռուած պէտք է ըլլայ աւելի սերտ գործակցութիւն պահպանելու Հայաստանի հետ: Պատմական փորձը ցոյց տուած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ ամենավստահելի յենարանը եղած է Կովկասի մէջ:
Հետեւաբար Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան ճիշդ հունաւորումէն կախեալ է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն խորացումը եւ հետագայ զարգացումը: Միւս կողմէ՝ Հայաստան պարտի վերանայիլ ի վնաս այլ պետութիւններու, դրացի եւ օտար պետութիններու հետ յարաբերութիւններ հաստատելու արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը:
Այսօրուան դրութեամբ հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան մէջ կը գերակշռէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ հայ-ռուսական յարաբերութիւննրու հետ գերակայութիւնները պահպանելու եւ ամրապնդելու ձգտումը:
Այս ըսելով, զգացական ելակէտերը անհրաժեշտ է դուրս բերել քաղաքականութեան բառարանէն:
Հայաստան եւ Ռուսիա շահագրգռուած պէտք է ըլլան պահպանելու եւ ամրապնդելու քաղաքական, անվտանգութեան եւ տնտեսական յարաբերութիւնները: Քաղաքական փոխադարձ շահեր անհրաժեշտ է փնտռել հայ-ռուսական գործակցութեան մէջ: Հայաստան միաժամանակ պարտի հաշուի առնել Ռուսիոյ Դաշնութեան միասնութեան սպառնացող իսլամական շարժումը: Այս շարժումը իսլամական պետութիւններու մէջ դաշնակիցներ որոնելու եւ ծանր զիջումներու կը մղէ Ռուսիան: Մի՛ մռռնաք թրքալեզու վեց պետութիւններու՝ Թուրքիա, Ազրպէյճան, Ղազախստան, Ուզպեքստան, Ղրղզստան եւ Թուրքմենստան, Անգարայի մէջ կնքած համագործակցութեան համաձայնագիրը (1992): Փանթուրքիզմը գաղափարախօսութիւն չէ սոսկ, քաղաքական փաստացի գործառոյթ է…: Որո՞ւն դէմ ուղղուած է թրքալեզու պետութիւններուն դաշինքը, եթէ ոչ՝ Ռուսիոյ, Իրանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի: Իսկ երկարատեւ հարթութեան վրայ՝ Արեւմուտքի ժողովուրդներուն դէմ…: Այստեղ ինքնաբերաբար կը նոյնանան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ շահերը: Ռուսիան կը գիտակցի՞ այս իրողութեան…: Նախիջեւանը գործնապէս թրքական դառնալէ ետք, Ղարաբաղէն տարածքներ յափշտակելով, Թուրքիան Անդրկովկասի տէրը կը ձգտի դառնայ այսօր:
Գեղեցիկ օր մը Ռուսիա պիտի զգայ, որ այլեւս ընելիք չունի Կովկասի մէջ…կամ՝ ենթակայ դարձած է Անգարայի հրահանգներուն: Թուլութեան նշա՞ն է արդեօք…: Պարզապէս զարմանալ կարելի է ռուսերու այս անտարբերութեան: Անոր հեռացումը Կովկասի դուռերը պիտի բանայ Թուրքիոյ առջեւ, որ Ազրպէյճանի հետ միասին պիտի իրագործէ իր փանթուրանական ծրագիրները:
Հետեւաբար, միայն հզօր Հայաստանի պարագային Ռուսիոյ դիրքերը հզօր կը դառնան Կովկասի մէջ: Այս իրականութիւնը պարտին ի վերջոյ հասկնալ ռուս քաղաքագէտները: Անոր պէտք է նպաստէ նաեւ հայ քաղաքական միտքը, մտաւորականութիւնը:
Գալով Արեւմտեան պետութիւններուն, պատմութեան դասերը ցոյց կու տան, որ բարեգործական օգնութենէն եւ խոստումներէն բացի ոչինչ պիտի կատարեն Հայաստանի համար:
Ռազմավարական եւ բարեկամական յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ խիստ անհրաժեշտ են Հայաստանին, սակայն ոչ՝ Հայաստանի գերիշխանութեան եւ անկախութեան հաշուոյն: Ռուսիա նոյնպէս շահագրգռուած պէտք է ըլլայ զանոնք ամրապնդելու եւ խորացնելու: