ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի չդիմէ Սահմանադրական դատարան՝ քանի մը օր առաջ Ազգային ժողովին մէջ ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններու սահմանադրականութիւնը վիճարկելու համար:
Նշենք, որ այս հարցով Սահմանադրական դատարան դիմելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը եւ միանալու առաջարկով դիմած էր «Լուսաւոր Հայաստան»ին:
«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան յայտնեց, որ այս հարցերով իրենք կը դիմեն Սահմանադրական դատարան Ռոպերթ Քոչարեանի գործի քննութենէն ետք:
«Այժմ Սահմանադրական դատարանում ընթանում է Ռոբերտ Քոչարեանի գործի քննութիւնը: Մենք այժմ չենք դիմի ՍԴ, որպէսզի մեր դիմումը չընկալուի միջամտութիւն: Մենք կ՛աշխատենք դիմումի վրայ, կ՛ուժեղացնենք, եւ հէնց որ երկրորդ նախագահի գործով նիստը տեղի կ՛ունենայ եւ կ՛աւարտուի, ՍԴ կը մուտքագրուի հակասահմանադրական ճանաչելու հետ կապուած մեր դիմումը», յայտնեց Մարուքեան։
Նշենք, որ դատարանը 7 յուլիսին պիտի սկսի քննարկել Ռ. Քոչարեանի դիմումը։