«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆԸ ԱՆԻՒՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ» ՖԻԼՄԱՐՈՒԵՍՏԻ ՓԱՌԱՏՕՆ ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԻ ՄԷՋ
«Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային փառատօնը արդէն 6-րդ անգամ հիւրընկալուեցաւ Ջաւախքի մէջ: «Ոսկէ Ծիրանը Անիւներու Վրայ» ծրագիրի ծիրէն ներս նոյեմբեր 8-9-10 Ախալքալաքի մէջ ցուցադրուեցան փառատօնի շարժանկարի ընտրանին, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ազգային կինոկեդրոնի կողմէ վերջին տարիներուն ստեղծուած լաւագոյն շարժանկարները: Շաբաթ, 9 Նոյեմբերին, «Ոսկէ Ծիրան» շարժանկարի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը:
Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդ` Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ բարձր գնահատեց «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի անձնակազմը, որ արդէն 6-րդ անգամ փառատօնին լաւագոյն ժապաւէնները կը ցուցադրեն Ջաւախքի մէջ: Այնուհետեւ մասնակցութեամբ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի փոխառաջնորդը կատարեց օրհութեան կարգ:
Փառատօնի նախագահ` Յարութիւն Խաչատրեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց ֆիլմարուեստի դերն ու նշանակութիւնը մարդոց կեանքին մէջ: «Ոսկէ Ծիրան»-ը Ջաւախքի մէջ փառատօնը կազմակերպուեցաւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամի, ՀՀ-ի մօտ Վրաստանի դեսպանութեան, Վրաստանի Ազգային Ֆիլմարուեստի Կեդրոնի հետ համագործակցութեամբ:
Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին՝ «Փարաջանով», Շաբաթ 9 Նոյեմբերին՝ «Ընդհատուած Մանկութիւն», «Ջաւախք, Յաւերժական հայրենիք», «Ժպտացէք», «Անվերջ փախուստ,«Յաւերժ վերադարձ» շարժանկարները, իսկ Կիրակի, 10 նոյեմբերին, «Հայկական Անիմացիա-75» կենդանի գծանկար ծրագիրը եւ «Աղի Պէս Ճերմակ» շարժանկարը:
«Ոսկէ Ծիրան» կինոփառատօնի փակումը Ախալքալաքի մէջ ազդարարուեցաւ «Եթէ Բոլորը…» շարժանկարով:
ԿԵՆԴԱՆԻ ԳԾԱՆԿԱՐ ԺԱՊԱՒԷՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ «ԾԻՏԸ» ՀԵՔԻԱԹԸ
Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» հեքիաթի հիման վրայ նկարահանուած է կենդանի գծանկար շարժանկար, որ արուեստասէր հանրութեան դատին պիտի ներկայացուի Շաբաթ, 23 Նոյեմբերին, «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան սրահին մէջ:
Շարժանկարի բեմադրիչն է Մայտա Շանտէզ Աւագեանը, արտադրողը` Արեւիկ Աւանեսեանը: Նկարահանումը կատարած է լուսանկարիչ Արեւիկ Դանիէլեանը «Նարեկացի» Միութեան Շուշիի կեդրոնին մէջ:
Շարժանկարին մէջ կը հնչէ Արտօ Թունճպոյաճեանի երաժշտութիւնը, որ երգահանը սիրով տրամադրած է Միութեան: Կենդանի գծանկարը ձեւաւորած են Արմէն Եգանեանը եւ Գայիանէ Խաչատրեանը կեդրոնի երեւանեան մասնաճիւղի ձայնագրման արուեստանոցին մէջ:
Իբրեւ հեքիաթ պատմող հանդէս կու գայ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնի դերասան Կարէն Ջանգիրեան, իսկ գլխաւոր հերոսի ձայնը, երկար փնտռտուքներէ ետք վստահուած է հնգամեայ Աւետիս Իսկէնեանին:
Մայտան, իբրեւ կամաւոր, «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Շուշիի կեդրոնին մէջ կենդանի գծանկար հերոսներ պատրաստելու արուեստը երեք ամիս ուսուցանած է Միութեան սաներուն, եւ դասերու արդիւնքով երեխաներու ձեռքով պատրաստուած են կենդանի գծանկարի բոլոր հերոսները: Անդրանիկ ելոյթին օրը այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան տեսնելու տիկնիկները, որոնք յատուկ այդ իրադարձութեան համար բերուած են Շուշիէն:
ԹԱԼԼԻՆԻ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ 17 ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան Նոյեմբերի վերջաւորութեան, իբրեւ ժիւրիի անդամ պիտի մասնակցի Թալլինի «Սեւ Գիշերներ» ֆիլմարուեստի միջազգային փառատօնին:
«Թալլինի «Սեւ Գիշերներ» միջազգային կինոփառատօնը կարեւոր իրադարձութիւն է եւ համարւում է նախկին խորհրդային երկրների լաւագոյն փառատօններից մէկը: ժիւրիի նախագահ ամէն անգամ չես կարող լինել, որովհետեւ մեծ մրցակցութիւն կայ: Այս անգամ ժիւրիի կազմում եմ, եւ ուրախութեամբ կը մեկնեմ Էստոնիա». նշեց Յարութիւն Խաչատրեան:
Թալլինի «Սեւ Գիշերներ» միջազգային փառատօնին առանձին ծրագիրով, 21-26 Նոյեմբերին պիտի ներկայացուի հայկական 17 շարժանկար:
Ցուցադրման համար ընտրուած են այն երիտասարդներու աշխատանքները, որոնք սկսած են ստեղծագործել 2000-էն ետք: Ցուցադրութիւնը նպատակ ունի հնարաւորութիւն տալ երիտասարդներուն, արտերկրի մէջ ներկայացնելու իրենց շարժանկարները , իսկ իւրաքանչիւր փառատօն այդ իմաստով հրաշալի հնարաւորութիւն է:
Յարութիւն Խաչատրեան, 10-18 Հոկտեմբերին մասնակցեցաւ Մոսկուայի արդի գիտական շարժանկարներու «360 Աստիճան» երրորդ միջազգային փառատօնին` ղեկավարելով փառատօնի ժիւրի կազմը: Այս փառատօնը իր ուղղուածութեամբ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ մասնագէտներու եւ հանդիսատեսներու լայն շրջանակին մէջ: Յարութիւնեան նշեց, որ մասնակցութիւնը հրաշալի առիթ կը ստեղծէ «Ոսկէ Ծիրան» եւ «360 Աստիճան» միջազգային փառատօններու միջեւ կապի ամրապնդման եւ մօտ ապագային համատեղ ծրագիրներով ներկայանալու համար:
«360 Աստիճան» փառատօնի առաջնահերթ նպատակը հաւաքել եւ ներկայացնել գիտութեան եւ գիտական աշխատանքի վերաբերեալ հեղինակային վաւերագրական շարժակարներ: Փառատօնի չորս մրցութային ծրագիրներու շարժանկարները վաւերագրական պատմութիւններ են` գիտութիւն-իրականութիւն, գիտութիւն-կեանք շղթայական փոխյարաբերութիւններու եւ անհատներու կենսակերպի վերաբերեալ: Փառատօնը կ’իրականացուի Մոսկուայի կառավարութեան հովանիի ներքոյ:
«Վաւերագրական ֆիլմերի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը գնալով աճում է: Այս փառատօնն արդէն երեք տարի ցուցադրում է գիտական-վաւերագրական ֆիլմեր` հաւաքելով ամբողջ աշխարհի լաւագոյն գործերը: Առաջին երկու տարիներին փառատօնն անցել է կիսով չափ դատարկ դահլիճներում, իսկ այս տարի բոլոր դահլիճները լեփ-լեցուն էին: Ֆիլմեր էին ներկայացուած բազմաթիւ խնդիրների
վերաբերեալ, նոյնիսկ գիտական ֆանտաստիկայից նմոյշներ կային: Շատ բարձր որակի եւ մակարդակի ֆիլմեր էին, բեմադրիչներու մեծ մասը նաեւ այլ մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ էին` ֆիզիկոսներ, քիմիկոսներ, կենսաբաններ, ովքեր զբաղւում են եւ՛ գիտութեամբ, եւ՛ բեմադրութեամբ: Ժիւրիի վեց անդամներէն չորսը լուրջ գիտնականներ են»,-նշեց Խաչատրեան:
Բեմադրիչը չի բացառեր, որ «360 Աստիճան» փառատօնի շարժանկարներէն մէկ քանի հատը պիտի ցուցադրուին «Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս` Թումօ կեդրոնին մէջ:
Յարութիւն Խաչատրեան բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր է: 2003թ. արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակի:
2004 թուականէն` «Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային փառատօնի հիմնադրման պահէն, փառատօնի գլխաւոր տնօրէնն է:
Արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման եւ 2006 թուականին դարձած է եւրոպական ֆիլմարուեստի ակադեմիայի ընտրող անդամ:
2007 թուականին ստացած է Հոլանտայի արքայազն Քլաուսի մրցանակը, իսկ 2008թ. արժանացած Ֆրանսայի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախարարութեան «Ordre des Arts et des Lettres» շքանշանին:
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ ՄԱՐՏԻՆ ՎԱՐԴԱԶԱՐԵԱՆԻ 75- ԱՄԵԱԿԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի երաժշտասէր Մարտին Վարդազարեանի ծննդեան 75-ամեակը հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերին: Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ կայացող երեկոն կազմակերպած էր ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը:
«Իրականում իմ ծննդեան օրն Ապրիլին է, եւ ես արդէն Ապրիլին դարձայ 75 տարեկան: Այս համերգը գնահատական է եւ իւրայատուկ վերաբերմունք իմ համեստ անձի նկատմամբ եւ հաշուետուութիւն` իմ եւ երաժշտասէրի առջեւ:
Իսկ ես սիրում եմ Հայաստանը, հայ լինելը եւ հայերէնով շրջապատուած լինելը:
Իւրաքանչիւր սիրոյ անդրադարձ պարտաւորեցնող է». թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին նշած է Մարտին Վարդազարեան:
Երաժշտահան, Ճազմէն Մարտին Վարդազարեան ծնած է 1938 թուականին: Խմբավար, շեփորահար Ցոլակ Վարդազարեանի որդին է:
Յաճախած է Երեւանի Չայքովսկիի անուան երաժշտական դպրոցը, այնուհետեւ` Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը: 1956-60թթ. նուագած է Հայաստանի պետական ռատիոկոմիտէի երաժշտական հնգեակին հետ: Ղեկավարած է նաեւ «Մոսկուա» կինոթատրոնի նուագախումբը: 1966-72թթ. եղած է Հայաստանի պետական ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան էսթրատային խումբի գեղարուեստական ղեկավարը:
Հեղինակած է շարք մը սիմֆոնիք, կամերային, երգչախմբային ստեղծագործութիւններ, 150 ներկայացումներու եւ 40 շարժանկարներու երաժշտութիւն:
1990 թուականէն Հայաստանի հանրային ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան էսթրատային սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավարն ու խորհրդատուն է: 1990թ. արժանացած է ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչման: Կը դասաւանդէ երաժշտանոցի ճազ-էսթրատային բաժանմունքին մէջ: 2007թ. ստացած է Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում: 2009 թուականէն Երեւան քաղաքի աւագանիի անդամ է: 2011թ. արժանացած է ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտի կոչման:
ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏՐՈՍ ԱԴԱՄԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻՆ
Թիֆլիսի մէջ Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական պետական թատրոնը մեր հնագոյն թատրոնն է` ստեղծուած 1858 թուականին: Այն նաեւ միակ հայկական պետական թատրոնն է, որ կը գործէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս: Հայաստանի կառավարութիւնը միշտ ալ իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահած է այս թատրոնը. արդէն մէկ անգամ, տեղի ունեցած պայթիւնէ ետք, իրականացուցած է որոշակի վերանորոգչական աշխատանքներ, իւրաքանչիւր տարի ՀՀ պետական պիւտճէէն թատրոնին կը տրամադրուի որոշակի գումար աշխատավարձերու բարձրացում կատարելու համար:
Օրերս ՀՀ Սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու, Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ քննարկում, որուն ընթացքին որոշուեցաւ ՀԹԳՄ միջոցով թատրոնին փոխանցուող 10 մլն ՀՀ դրամը նպատակաուղղել ոչ թէ ընկերային խնդիրներու լուծման, այլ ստեղծագործական նոր ծրագիրներու եւ նախագիծերու իրականացման: Ինչպէս նշեց ՀԹԳՄ նախագահ Յակոբ Ղազանչեան, տրամադրուող ֆինանսական միջոցները հնարաւորութիւն կու տան թատրոնին ընդլայնելու իր խաղացանկային հետաքրքրութիւնները, կեանքի կոչելու նոր ու ինքնատիպ բեմադրութիւններ, իրականացնելու համատեղ բեմադրութիւններ հայաստանեան բեմադրիչներու եւ դերասաններու հետ: Այսպիսով կը ձեւաւորուին ստեղծագործական նոր կապեր, Թիֆլիսի մէջ հայկական թատրոնը գործուն կերպով կը ներգրաւուի հայաստանեան թատերական իրաղութիւններուն, կապը հայրենիքի հետ կը դառնայ իրական: Վերջին տարիներուն յատկապէս մեր հնագոյն թատրոնը յայտնուած է բարդ իրավիճակներու մէջ, թատրոնի շէնքի անմխիթար վիճակը, Վրաստանի մէջ իրականացուած հակահայ քաղաքականութիւնը զրկած են թատրոնին գործունէութեան լայն հնարաւորութիւններէն, նուազեցուցած է կապը հայկական դպրոցներուն հետ, բուն Թիֆլիսի մէջ դժուարին դարձուցած ներկայացումներու կազմակերպումը: Ահա ինչու նոր նախաձեռնութիւնը կրնայ խթան հանդիսանալ, Թիֆլիս բերել ժամանակակից հայ բեմադրիչներու, առիթ տալ թատրոնին յաճախակի իր ներկայացումներով հանդէս գալու հայրենիքի մէջ, ինչպէս նաեւ առաւել սերտ դարձնել կապը վիրահայ համայնքներու, մասնաւորաբար Ջաւախքի հայ բնակչութեան հետ: