ԱՆՈՅՇ-Ը ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ համատեղ համաձայնութեան մը լոյսին տակ, «Անոյշ» օփերան նոր մեկնաբանութեամբ պիտի ներկայացուի Երեւանի եւ Փարիզի մէջ: Երեւանի մէջ «Անոյշ»ի ներկայացումները տեղի պիտի ունենան 26, 27 Ապրիլ եւ 3 Մայիսին, Սունդուկեանի անուան ազգային թատրոնին մէջ: Փարիզի մէջ, հանդիսատեսները «Անոյշ»ը պիտի վայելեն 22 եւ 26 Մայիսին: Անոյշի դերը պիտի կատարէ Սոֆիա Սայադեանը, Սարոյի՝ Լիպարիտ Աւետիսեանը, Մոսիի՝ Գուրգէն Բաւէյեանը: Նոր բեմադրութեան հեղինակնէ է Սերժ Աւետիքեանը: Նշենք, թէ «Անոյշ» օփերան առաջին անգամ բեմադրուած է 1912-ին:
ՔԷՅԹ ԱՓԹԸՆ ՍԻՐՈՒՀԻԻ ԴԵՐՈՎ
Ամերիկացի բնորդ Քէյթ Ափթընին առաջարկած են նկարահանուիլ « Ատըր Ուայֆ» կատակերգութեան մէջ: Ժապաւէնին մէջ դերեր պիտի ստանձնեն նաեւ Գամերոն Տիազը եւ Լեզլի Մենը: Ըստ ժապաւէնին սենարիոյին, գլխաւոր հերոսուհիներէն մէկը՝ Տիազ կը յայտնաբերէ, որ իր ընկերը ( Նիքոլ Քոսթէր Վալտաու) ընտանիքի տէր անձնաւորութիւն մըն է: Երկու խաբուած կիները կ’որոշեն լուծել իրենց վրէժը, սակայն կը պարզոի, որ մէկ այլ կին նոյնպէս խաբուած է…: Վերջաւորութեան, երեք խաբուած կիները կ’որոշեն պատժել բախտախնդիր երիտասարդը:
ՃԵՆԻՖԸՐ ԷՆԻՍԹԸՆ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Հոլիվուտեան դերասանուհի Ճենիֆըր Էնիսթըն եւ անոր ընկերը Ճասթին Թերու բնակարան կը փնտռեն Նիւ Եորքի արուարձաններուն մէջ: Թերու գտած է երկու միլիոն տոլար արժողութեամբ յարկաբաժին մը, որ նախապէս եղած է ոստիկանութեան գրասենեակ: Սակայն ամոլը կը շարունակէ փնտռել աւելի յարմարաւէտ կալուած մը : Յիշեցնենք, որ Ճենիֆըր եւ Ճասթին կը մտադրեն պսակուիլ ամրան ընթացքին: Ճենիֆըր իր բարեկամներէն խնդրած է յետ այսու իրեն դիմել իբրեւ՝ տիկին Թերու:
ՎՈՒՏԻ ԱԼԷՆ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՆԿԱՐԱՀԱՆԷ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
Ամերիկացի բեմադրիչ Վուտի Ալէն նոր ժապաւէն մը մտադրած է նկարահանել Աթէնքի մէջ: Ժապաւէնը սկզբունքով պիտի կոչուի « Նայթ Ին Աթենզ»: Ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարը պիտի ըլլայ Ալէնը, որ Յունաստանի մայրաքաղաքին մէջ ապրելով կ’որոշէ վէպ մը գրել երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին մասին: Գլխաւոր դերերուն մէջ պիտի նկարահանուին Պրէտ Փիթը եւ Փենելոփէ Գրուզը: Նկարահանման խումբը արդէն ժամանած է Աթէնք: Նկարահանումները պիտի սկսին Մայիսին:
«ԶՈՒԼՈՒ» ՊԻՏԻ ԵԶՐԱՓԱԿԷ ԳԱՆՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Այս տարուան ֆիլմարուեստի Գաննի փառատօնին վարագոյրը պիտի իջնէ «Զուլու» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ: Ժպաւէնին գործողութիւնները տեղի կ’ունենան Հարաւ Ափրիկէի մէջ , ցեղային խտրութեան ժամանակաշրջաններուն: Գլխաւոր դերերուն մէջ նկարահանուած են Օրլանտօ Պլումը եւ Ֆորէսթ Ուիթըքըրը: Երկու ոստիկաններ կը քննեն 18-ամեայ աղջնակի մը սպանութիւնը: Հետաքննութիւնները վտանգաւոր կացութիւններ պիտի ստեղծեն անոնց առջեւ: Նշենք, թէ փառատօնին բացումը պիտի կատարուի 15 Մայիսին, Պազ Լուհերմանի «Տը Կրէյթ Կեցպի» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ:
ԱՆՈՅՇ-Ը ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ համատեղ համաձայնութեան մը լոյսին տակ, «Անոյշ» օփերան նոր մեկնաբանութեամբ պիտի ներկայացուի Երեւանի եւ Փարիզի մէջ: Երեւանի մէջ «Անոյշ»ի ներկայացումները տեղի պիտի ունենան 26, 27 Ապրիլ եւ 3 Մայիսին, Սունդուկեանի անուան ազգային թատրոնին մէջ: Փարիզի մէջ, հանդիսատեսները «Անոյշ»ը պիտի վայելեն 22 եւ 26 Մայիսին: Անոյշի դերը պիտի կատարէ Սոֆիա Սայադեանը, Սարոյի՝ Լիպարիտ Աւետիսեանը, Մոսիի՝ Գուրգէն Բաւէյեանը: Նոր բեմադրութեան հեղինակնէ է Սերժ Աւետիքեանը: Նշենք, թէ «Անոյշ» օփերան առաջին անգամ բեմադրուած է 1912-ին:
«ԳԵՆԵՐԱԼԻ ԱՂՋԻԿԸ» ՀԱՂՈՐԴԱՇԱՐԻ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻՆ ԱՐԿԱԾԻ Կ’ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ
Երեւանի մէջ անյայտ ինքնաշարժ մը հարուածած է հեռատեսիլային «Գեներալի Աղջիկը« հաղորդաշարի դերասանուհի Աննա Գէորգեանը: Չորս զաւակներու մայր, 48-ամեայ դերասանուհին փոխադրուած է հիւանդանոց, ապա վերադարձած է բնակարան: Վարորդը դիմած է փախուստի: Բարեբախտաբար դերասանուհիին կեանքին չսպառնար վտանգ:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍԻ ՄԷՋ ՌՈՔ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ
Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ նախապատրաստութիւններ տեղի կ’ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին: Լոս Անճելոսի բնակիչները տարբեր բնոյթի միջոցառումով մը որոշած են նշել զոհերու յիշատակը: Նախորդ չորս տարիներուն նման, այս տարի եւս անոնք ռոք երաժշտութեան համերգ մը պիտի կազմակերպեն՝ « Լռեցուցէք սուտը, Ճշմարտութեան ռոք» ( Silence the lies, Rock the truth) խորագիրի տակ: Ընկերային արդարութեան խորքով այս համերգը ուղղուածէ Հայոց Ցեղասպանութեան տեղեկացուածութեան աստիճանի բարձրացման:
ԿՈՒԻՆԷԹ ՓԱԼԹՐՕ ԱՄԵՆԱՏՈՒԱԾ ԱՍՏՂԸ
«Սթար Մակազին» հանրածանօթ ամսաթերթին կողմէ կազմակերպուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ դերասանուհի Կուինէթ Փալթրօ կը գլխաւորէ ամենաատելի աստղերու ցուցակը: 40-ամեայ դերասանուհին բ ազմաթիւ քննադատութիւններու կ’ենթարկուի առողջ սնուելու եւ սննդային յատուկ կանոններու հետեւելու պատճառով: Վերջերս ան յայտարարեց, թէ ոչինչով կը զիջի 22-ամեայ մերկապարուհիներէն: Փալթրօ, իր մարզիչին եւ միաժամանկ ընկերուհիին Թրէյսի Անտերսընին կը պարտի իր ֆիզիքականը: Երկրորդ դիրքի վրայ կու գայ Քրիսթէն Սթիուարթը, որ վերջերս ընկերոջ ետին սիրախաղեր սկսաւ՝ ամուսնացած բեմադրիչ Ռոպերթ Սանտերզի հետ: Այնուհետեւ տեղերը բաժնուած են Ճենիֆըր Լոփէզին, Ճոն Մէյըրին եւ Քեթրին Հէյկըլին: Քիմ Քարտաշեան իր մօր հետ կը գրաւէ 10-րդ եւ 11-րդ դիդքերը:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ «ՀԱՅԵԱՑՔ» ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Երեւանի մէջ 1-էն 5 Մայիսի միջեւ պիտի կայանայ «Հայեացք» երիտասարդական փառատօնը: Ֆիլմարուեստի այս փառատօնը կազմակերպած են Հայաստանի Երիտասարդական Հիմնադրամը, Հայաստանի Երիտասարդութեան Ազգային Խորհուրդը եւ Հայաստանի ֆիլմարուեստի Միութիւնը: Փառատօնը առիթ մըն է յայտնաբերելու երիտասարդ տաղանդներ եւ ծանօթանալու անոնց ստեղծագործութիւններուն:
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»
Դերասանուհի Նորա Արմանի եւ թաւջութակահար Դաւիթ Բաքամեանը, Միացեալ Նահանգներու Նիու Ճըրզի նահանգի մշակութային սրահին մէջ պիտի ներկայացնեն «Հայաստանի Յարութիւնը» երաժշտական-բանաստեղծական համադրութիւնը: Համերգը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ Շաբաթ, 20 Ապրիլին: Արմանի ունկնդիրներուն պիտի ներկայացնէ հայկական բանաստեղծութիւնը հեթանոսական ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, որոնց մէջ « Վահագնի Ծնունդը», Աղթամարի դատապարտուած սիրահարները եւ այլն: Բաքամեան պիտի կատարէ Կոմիտասի ժողովրդական մեղեդիները եւ յօրինող Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութիւնները:
ԻՆՔԱ ԵՒ ԱՆՈՅՇ ԱՐՇԱԿԵԱՆՆԵՐ ՄՐՑԱՆԱԿ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆ
Մարան Հրաչեան դարձաւ երգչուհի քոյրեր՝ Ինքա եւ Անոյշ Արշակեաններու յայտարարած մրցոյթին մրցանակակիրը: Երգչուհիները շնորհաւորեցին Մարանը եւ յանձնեցին իրենց միջոցներով պատրաստուած մրցանակը: Արշակեան քոյրերը, 2000-ին՝ արհեստավարժ դառնալէ ետք, յաճախակի կը կազմակերպեն բարեգործական նման մրցոյթներ: Ինքա եւ Անոյշ Արշակեաններ սոյն ամսուան 22-ին համերգներու շարք մը պիտի տան Պանքոքի մէջ:
ԱՇԽԱՐՀԱՌՉԱԿ ԵՐԱԺԻՇՏ ԵԱՆՆԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Եաննի իր երաժշտական խումբին ընկերակցութեամբ ժամանեց Երեւան: Ծագումով յոյն երաժիշտը այսօր՝ Շաբաթ երեկոյեան համերգ մը պիտի տայ Կարէն Դեմիրճեանի անուան համերգասրահին մէջ: Համերգին նաեւ պիտի մասնակցի հայ ջութակահար Սամուէլ Երվինեանը: Համերգին պիտի հնչեն Եաննի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնները:
ՊԻՈՆՍԷ- ՃԷՅ ԶԻ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ԶՈՅԳԸ
Պիոնսէ – Ճէյ Զի զոյգը ամենահարուստն են «Շօ-պիզնես»ի ասպարէզին մէջ: Անոնց եկամուտը կը գնահատուի մէկ միլիառ տոլար: «Ռեփըր» Ճէյ Զիի իր երաժշտական ասպարէզին ընթացքին վաճառած է աւելի քան 50 միլիոն ձայնասկաւառակ: Առեւտրական կարգ մը մանր ձեռնարկներուն կողքին,անոր կը պատկանին Rocawear հագուստի եւ Roc –A-Fella Records ձայնագրութեան ընկերութիւնները: Գալով անոր կնոջ՝ Պիոնսէին, համաշխարհային շուկաներուն վրայ վաճառուած է անոր ձայնապնակներէն աւելի քան 75 միլիոն օրինակ:
ՍՈՖԻԱ ԼՈՐԷՆ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԹԵՆԿԱԾՈՒ…
Հաւատաք կամ ոչ՝ Իտալիոյ խորհրդարանականները կազմած են երկրի նախագահի թեկնածուերու ցուցակ մը, որուն մէջ ընդգրկուած են Սոֆիա Լորէնի եւ Լէոնարտօ Տի Գափրիոյի անունները: Քուէաթերթիկներուն մէջ յայտնաբերուած են այլ սադրիչ անուներ, օրինակ Պենիթօ Մուսոլինիի եւ Ճիանի Վերսաչիի անունները: Առ ի տեղեկութիւն, Իտալիոյ Խորհրդարանը անցնող Հինգշաբթի համախմբուեցաւ ընտրելու երկրին նախագահը, սակայն թեկնածուներէն ոչ ոք յաջողեցաւ ստանալ քուէներու երկու երրորդը: Գլխաւոր կուսակցութիւնները յայտարարեցին, թէ յարմար անուն մը չկայ թեկնածուներուն մէջ..:
ԹՐԱՎՈԼԹԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՄՈՒՐԻ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ
Ամերիկացի դերսան Ճոն Թրավոլթայի կողակիցը՝ Քելլի Փրեսթըն յոգնած է ամուսնոյն անփոյթ վարքէն: Թրավոլթա՝ սեփական հաճոյքներու համար մնայուն շրջապտոյտներու մէջ ըլլալով, Քելլի ստիպուած կ’ըլլայ տունը մնալ եւ զաւակները խնամել: Սակայն Քելլի յոգնած է ընտանեկան ամենօրեայ մտահոգութիւններէն եւ չի կրնայ հաշտուիլ Ճոնի ընթացքին հետ: Նշենք նաեւ, թէ վերջերս գայթակղութիւններ սկսան լսուիլ Թրավոլթայի սեռական կողմնորոշման վերաբերեալ: Մէկ քանի մերսողներ մինչեւ իսկ դատ բացին դերասանին դէմ:
2014-Ի ՕՍՔԱՐՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐՏԻՆ
Ամերիկեան ֆիլմարուեստի ակադեմիան յայտարարեց, թէ Օսքարներու 86-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2 Մարտ 2014-ին: Հանդիսութիւնը պիտի կայանայ Հոլիվուտ Էնտ Հայլէնտ համալիրին մէջ, որուն մէջ կը գտնուի հանրածանօթ «Տոլպի» թատրոնը: Անոնք նաեւ նշեցին, թէ 87-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 22 Փետրուար 2015-ին: