ԺԻՐԱՅՐ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Ֆրանսական մեծ պաստառներու վրայ յաջողութեամբ կը ցուցադրուի հայ բեմադրիչ եւ դերասան Ժիրայր Փափազեանի «Մուհամմէտ Տիուպուաօ» խորագրով ժապաւէնը: Ժապաւէնին գլխաւոր դերերուն մէջ նկարահանուած է նաեւ Էրիք Ժիուտորը:
Բացի այդ, Ժիրայր Փափազեան նկարահանուած է հեռատեսիլային շարք մը հաղորդաշարներու մէջ: Չափազանց զբաղած ըլլալով հանդերձ, Փափազեան չի մոռնար հայկական օփերաները օտար շրջանակներու ծանօթացնելու շնորհակալ աշխատանքը: Փափազեան յառաջիկայ Նոյեմբերին, Մարսէյի մէջ պիտի բեմադրէ Տիգրան Չուխաճեանի «Լեպլեպիճի Հօրհոր Աղան»՝
ՓԱՐԱՃԱՆՈՎ- ՎԱՐԴԱՆՈՎ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ՈՒԻԼԻՅՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԸ
«Փարաճանով-Վարդանով» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Գալիֆորնիայի Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Պեվըրլի Հիլզ ֆիլմարուեստի փառատօնը, որուն ընթացքին կազմակերպիչները մեծարած են հայ մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանը: Մրցանակը ստացած է մեծ գրողին թոռնիկը՝ Քրիմ Քէյթ Սարոյեանը՝ աշխարհահռչակ դերասան Ճան Վոյթի ձեռամբ:
Հիմնարկը աշխատանք կը տանի լուսարձակի տակ պահելու հայազգի Սերկէյ Փարաճանովի (1924-1990) եւ Միխայիլ Վարդանովի (1937-2009) ստեղծագործութիւնները: Վերջերս, առաջին անգամ ըլլալով, Փարաճանովի եւ Վարդանովի ֆիլմերէն հատուածներ ցուցադրուեցան Հարաւային Քորէայի Պիուսան քաղաքին մէջ կազմակերպուած ֆիլմարուեստի միջազգային փառատօնին:
ՄԱՐՍԷՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻ ՀԱՅ-ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ
17-էն 23 Յունիսի միջեւ, Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, «Terre d`Armenie» կազմակերպութեան, «ARARAT TV»-ի, Մարսէյի փոխքաղաքպետ Տիտիէ Պարաքեանի, Մարսէլի Հայ-ֆրանսական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Մարսէյի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան ղեկավար Կարօ Յովսէփեանի հետ համատեղ Մարսէյի մէջ պիտի կազմակերպէ «Հայ-ֆրանսական գերազանցութեան շաբաթ»: Ծրագիրի ծիրէն ներս կը կայանայ հայազգի բեմադրիչ, դերասան «Հանրի Վերնոյ»ի նուիրուած ցուցահանդէսի եւ Հանրի Վերնոյի անուան հրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Շառլ Ազնաւուրին պիտի շնորհուի Մարսէյի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում: Պիտի կազմակերպուին գիրքերու շնորհանդէսներ, պիտի ցուցադրուին ծանօթ շարժանկարներ: Այս միջոցին տեղի պիտի ունենայ հայկական աւանդական ճաշատեսակներու ցուցադրութիւն եւ համտես, նաեւ պիտի ներկայացուին Հայաստանի գարեջուրի գործարաններու ապրանքատեսակները:
ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԻ ԳԱՓՐԻՕ ՍԻՐԱՅԻՆ ՆՈՐ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԷՋ
Հանրածանօթ դերասան Լէոնարտօ Տի Գափրիօ նոր սիրավէպ մը սկսաւ գերմանացի բնորդ Թոնի Գառնի հետ: Լրագրողները, 38-ամեայ դերասանը եւ անոր 20-ամեայ սիրուհին նկատած են Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ՝ Նիս մեկնելու միջոցին: Տի Գափրիօ, Նիսէն անցաւ Գանն, ուր ներկայ գտնուեցաւ Գաննի 66-րդ ֆիլմարուեստի միջազգային փառատնին, ապա վերադարձաւ սիրուհիին մօտ՝ Վենետիկ:
Թոնի Գառն, Victoria’s Secret-ի թիւով չորրորդ բնորդն է, որուն հետ կը հանդիպի Տի Գափրիօ:
ՓԵՆԵԼՈՓԷ ԳՐՈՒԶ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԱՅՐ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ
Սպանացի դերասանուհի Փենելոփէ Գրուզ կը սպասէ իր երկրորդ զաւակին ծննդեան: 39-ամեայ դերասանուհին եւ անոր ամուսինը Խաւիէ Պարտէմ արդէն ունին Լէօ անունով մանչ մը: Նշենք, թէ Փենելոփէի քոյրը՝ 36-ամեայ Մոնիքան, արհեստական բեղմնաւորման միջոցաւ աղջնակ մը ծննդաբերեց վերջերս:
ԾԱԽՈՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐ…
Միացեալ Նահանգներու տնտեսական կացութիւնը իր ծանր ազդեցութիւնը կ’ունենայ Հոլիվուտի աստղերուն վրայ, ալ ուր մնաց սովորական մարդոց…: Աշխարհառչակ երգչուհի Մատոննա վաճառքի հանած է Մանհեթէնի մէջ գտնուող 554 քառակուսի մեթր տարածութեամբ իր ապարանքը: 56-ամեայ երգչուհին մտադրած է փոխադրուիլ աւելի համեստ վայր մը: Գայթակղութիւններու թագուհին ընդամէնը 24 միլիոն տոլար գումար մը կը պահանջէ վերոյիշեալ կալուածին համար:
Հոլիվուտի շրջաններուն մէջ բնակարան փնտռողները անպայման պիտի նկատեն, թէ դերասան Պրուս Ուիլիս նոյնպէս զբաղած է անշարժ գոյքի վաճառքով: Վերջինս վաճառքի հանած է Պեւերլի Հիլզի մէջ 964 քառակուսի մեթր տարածութեամբ իր առանձնատունը: «Տայ Հարտ» ժապաւէններուն հերոսը պատրաստ է 22 միլիոն տոլարի փոխան հրաժարելու իր կալուածէն:
Միւս կողմէ, Ալ Փաչինօ քիչ մը աելի բախտաւոր դուրս եկաւ Մատոնայէն եւ Պրուս Ուիլիսէն: 73-ամեայ աստղը յաջողեցաւ 3.3 միլիոն տոլար գումարի մը վաճառել Նիւ Եորքի արուարձաններէն մէկուն մէջ ունեցած իր փոքր ապարանքը:
ՌԻՆԿՕ ՍԹԱՐ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՏԸ ՊԻԹԼԶ-Ի ՄԱՍԻՆ
Փոփ երաշժտութեան պատմութեան ամենասիրուած քառեակի «Տը Պիթըլզ»ի անդամներէն՝ Ռինկօ Սթար նոր գիրք մը լոյս ընծայեց խումբին առօրեային մասին: 149 էջերէ բաղկացած գիրքը կը յատկանշուի ցարդ չհրապարակուած լուսանկարներով: Գիրքին ելեկտրոնային օրինակը հրապարակ պիտի իջնէ 12 Յունիսին: Տպագիր օրինակը պիտի ըլլայ սահմանափակ: Դեկտեմբերին վաճառուելիք օրինակները պիտի կրեն Ռինկօ Սթարի մակագրութիւնը:
ՄԵՆՏԷԶ ՊԻՏԻ ՆԿԱՐԱՀԱՆԷ ՊՈՆՏԻ 24-ՐԴ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Օսքարի մրցանակակիր բեմադրիչ Սէմ Մենտէզ հաւանութիւն տուաւ նկարահանելու Ճէյմս Պոնտի նորագոյն՝ 24-րդ արկածախնդրութիւնը: Մենտէզի նկարահանած Պոնտի 23-րդ եւ վեջին «Սքայֆոլ» արկածախնդութիւնը լայն ընդունելութիւ գտաւ հանդիսատեսներուն մօտ եւ կիշէներուն առջեւ: Մենտէզ նախապէս մերժած էր դարձեալ Պոնտի ժապաւէն մը նկարահանել: Ֆիլարտադրիչներ Պարպարա Պրոքոլի եւ Մայքըլ Ուիլսըն սկիզբը փորձած էին «Պեթմէն» ժապաւէններու բեմադրիչ Քրիս Նոլանը հրաւիրել, սակայն ի վերջոյ Մենտէզ վերանայեցաւ իր որոշումին: Պոնտի նոր ժապաւէնին նիւթը եւ անունը ցարդ կը մնան անորոշ: «Սքայֆոլ» դարձաւ Պոնտի 50-ամեայ պատմութեան ամենայաջող ժապաւէնը:
ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ 94 ԵՐԿԻՐՆԵՐԷ 1200 ԴԻՄՈՒՄ
«Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային 10-րդ շարժապատկերի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 7-14 Յուլիս: Այս տարի եւս փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը: «Ոսկէ Ծիրան»ին համար 2013 թուական առանձնայատուկ է, որովհետեւ յոբելենական է: Փառատօնին ընթացքին պիտի հիւրընկալուին շարժապատկերի կեանքին մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար «Փարաջանովեան թալեր»ի արժանացած նշանաւոր գործիչներ Քշիշտոֆ Զանուսին, Կոտֆրի Ռեճիոն եւ Ճոս Ստելինկը: Շառլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ պիտի տեղադրուի աշխարհահռչակ արուեստագէտ, դերասան Շառլ Ազնաւուրի աստղը:
Այս մասին նշուած է «Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային 10րդ շարժապատկերի փառատօնին նուիրուած առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որուն մասնակցած են Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը, փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեանն ու գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանը:
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»ի մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, փառատօնը այս տարի ստացած է շուրջ 1200 դիմում՝ աշխարհի 94 երկիրներէ (2012ին՝ 67 երկիր), ինչ որ կը հաստատէ, որ «Ոսկէ ծիրան»ին հանդէպ հետաքրքրութիւնը տարուէ տարի կ՛աւելնայ:
«Ոսկէ ծիրան» կինօփառատօնն այս տարի եւս կը ներկայանայ լիամետրաժ, վաւերագրական եւ «Կորիզ» կարճամետրաժ ֆիլմերի միջազգային մրցոյթային ծրագրերով, ինչպէս նաեւ «Հայկական համայնապատկեր» ազգային մրցոյթային ծրագրով: Մրցոյթային ծրագրերում ընդգրկուած ֆիլմերը գնահատելու է չորս ժիւրի: «Խաղարկային ֆիլմերի միջազգային մրցոյթ»ի ժիւրին կը գլխաւորի հունգարացի ականաւոր կինօռեժիսոր, համաշխարհային կինոյի դասական՝ Իշտուան Սաբոն, իսկ «Վաւերագրական ֆիլմերի միջազգային մրցոյթ»ի ժիւրին կը գլխաւորի 2012-ի «Ոսկէ Ծիրան»ի դափնեկիր, նշանաւոր կինօռեժիսոր Սերգէյ Լոզնիցան:
Փառատօնի օրերին կ՛աշխատեն նաեւ Կինօգետների եւ կինօքննադատների միջազգային ֆեդերացիան (ՖԻՊՐԵՍՍԻ) եւ Էկումենիկ ժիւրին: Հարուստ են «Ոսկէ ծիրան»ի արտամրցոյթային ծրագրերը: Դրանց թւում առանձնակի նշանակութիւն ունեն «Երեւանեան պրեմիէրաներ», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք» ծրագրերը, որոնցում անակնկալներ են սպասւում համաշխարհային կինոյի վարպետներից: Փառատօնի շրջանակում յարգանքի տուրք կը մատուցուի Արամ Խաչատրեանի 110, Արտաւազդ Փելեշեանի եւ Ներսէս Յովհաննիսեանի 75ամեակների առթիւ», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
«Արուեստը ձգտում է ազատութեան: Որպէս երեւակայականի արուեստ, կինոն հսկայական դեր է կատարում անհատի կրթութեան եւ զարգացման գործում: Հետեւաբար, Հայաստանում կինօարուեստի սիրահարների համար բացառիկ արժէք ունեցող, առաւել նրբաճաշակ, հետաքրքիր եւ լուրջ ֆիլմերը հասանելի դարձնելն աջակցութեան արժանի կարեւորագոյն գործ է: Միւս կողմից, «Ոսկէ Ծիրան»ի շնորհիւ, Հայաստանի երիտասարդութիւնը սկսել է աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել կինօարուեստի եւ կինօարտադրութեան հանդէպ: «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»ի համար «Ոսկէ Ծիրան»ի առաքելութիւնը չի սահմանափակւում կինօմատոգրաֆիկ նշանակութեամբ. կինոփառատօնը կարեւոր քայլ է աշխարհի մշակութային քարտէզի վրայ Հայաստանի ուրոյն տեղն ամրապնդելու ուղղութեամբ», նշած է «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.» գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
«Ոսկէ Ծիրան» յոբելեանական տասներորդ փառատօնին մասին հրապարակումներ պիտի կատարեն նաեւ միջազգային պատկերասփիւռի կայաններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։
Փառատօնէն առաջ միջազգային մակարդակի մասնագէտներու եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներէ ժամանած շարժապատկերի երիտասարդ վարպետներ, քննադատներ՝ «Կինօլրագրութիւն առանց սահմաններ»ի խորագիրով դասընթացք պիտի տան: Այս ծիրին մէջ պիտի հրատարակուի «Ոսկէ Ծիրան» տարեկան պարբերականը:
ԺԻՐԱՅՐ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Ֆրանսական մեծ պաստառներու վրայ յաջողութեամբ կը ցուցադրուի հայ բեմադրիչ եւ դերասան Ժիրայր Փափազեանի «Մուհամմէտ Տիուպուաօ» խորագրով ժապաւէնը: Ժապաւէնին գլխաւոր դերերուն մէջ նկարահանուած է նաեւ Էրիք Ժիուտորը:
Բացի այդ, Ժիրայր Փափազեան նկարահանուած է հեռատեսիլային շարք մը հաղորդաշարներու մէջ: Չափազանց զբաղած ըլլալով հանդերձ, Փափազեան չի մոռնար հայկական օփերաները օտար շրջանակներու ծանօթացնելու շնորհակալ աշխատանքը: Փափազեան յառաջիկայ Նոյեմբերին, Մարսէյի մէջ պիտի բեմադրէ Տիգրան Չուխաճեանի «Լեպլեպիճի Հօրհոր Աղան»՝
ԳԼԷՈՓԱԹՐԱՅԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Չորս Օսքար մրցանակներու դափնեկիր «Գլէոփաթրա» պատմական ժապաւէնը տօնեց իր պատրաստութեան Ոսկէ տարեդարձը: Հոլիվուտի պատմութեան ամենասուղ ժապաւէններէն մէկը նկատուող «Գլէոփաթրա» մինչեւ օրս կը մնայ ֆիլմարուեստի սիրահարներուն ամենափնտռած ժամանցներէն մէկը: Այսօրուան գնահատութիւններով, ժապաւէնին նկարահանումները արժած են մօտաւորապէս երեք հարիւր միլիոն ամերիկեան տոլար գումար մը:
Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ սրահներ այս օրերուն կը ցուցադրեն Էլիզապէթ Թէյլըրի, Ռիչըրտ Պըրթընի, Ռեքս Հերիսընի եւ այլ փնտռուած դերասաններու փայլուն խաղարկութեամբ անմահանուն այս ժապաւէնը: