ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄՈՎ
Շաբաթավերջին աւարտեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան 10-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը՝ տարբեր բնագաւառներու մասնակցած ժապաւէններուն յաղթողներուն մրցանակներու յանձնումով։
Ըստ փառատօնի պաշտօնական կայքէջին՝ «Միջազգային խաղարկային մրցոյթ»ի «Ոսկէ Ծիրան»ի գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ սերպ բեմադրիչ Սրճան Կոլուպովիչի «Պարունակներ» ժապաւէնը: «Արծաթէ Ծիրանը» ստացաւ իրանցի բեմադրիչ Մաճիտ Պարզեկարի «Փարվիզ»ը: Դատական կազմի յատուկ մրցանակը շնորհուեցաւ «Մէջտեղում ինչ որ տեղ» (Թուրքիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, 2012) ժապաւէնին:
«Միջազգային վաւերագրական մրցոյթ»ի գլխաւոր մրցանակի արժանացաւ պուլկարացի բեմադրիչ Սվէատոսլաւ Ստոյանովի «Սեւ ծովի վերջին ծովահէնները» ժապաւէնը, իսկ բրիտանացի բեմադրիչ Մահտի Ֆլէյֆըլի «Աշխարհ, որ մերը չէ» ժապաւէնը ստացաւ յատուկ մրցանակ:
«Հայկական համայնապատկեր»ու «Ոսկէ Ծիրան»ը տրուած է Մարիա Սահակեանի «Այդ ես չեմ» ժապաւէնին, իսկ «Արծաթէ Ծիրանի»ն արժանացած է Լուսին Տինքի «Սարոյան լենդ»ը:
«Կորիզ» կարճ ժապաւէններու մրցումի գլխաւոր մրցանակը տրուած է իսրայէլացի Լէոն Փրուտովսքիի «Բարի գալուստ եւ ցաւակցում ենք» ժապաւէնին: Դատական կազմի յատուկ մրցանակներու արժանացած են Լուքաշ Օստալսքիի «Մայրը», Էլմար Իմանովի «Դագաղագործի ճօճանակը»:
Խրախուսական մրցանակ ստացաւ նաեւ գերմանացի բեմադրիչ Էրիք Շմիթի «Քառատրոփ սլացող ռնգեղջիւր»ին:
ՖԻՊՐԵՍԻ մրցանակին արժանացաւ իրանցի բեմադրիչ Սալեմ Սալաւաթի «Վերջին ձմեռը», «Էկումենիկ» մրցանակին՝ վրացի Ռուսուտան Չկոնիայի «Ժպտացէք»ը: Ուքրանացի բեմադրիչ Տարեայ Օնիշչենքոյի «Արեւելաբաղձութիւնը» ստացաւ խրախուսական մրցանակ:
Թամարա Ստեփանեանի «Անթեղ»ը ստացաւ Հայաստանի մէջ Բրիտանական խորհուրդի մրցանակը, իսկ Ջիւան Աւետիսեանի «Ընդհատուած մանկութիւնը»՝ Հրանտ Մաթեւոսեանի անուան մրցանակ:
10-րդ «Ոսկէ Ծիրան»ի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՓԵԼԵՇԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին առիթով Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ սահմանած «Եղիցի Լոյս» մրցանակի յանձնման արարողութիւն:
Հայոց եկեղեցւոյ հաստատած այս մրցանակը այս տարի տրուեցաւ շարժապատկերի մեծանուն բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանին:
Արարողութեան սկիզբը «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը ողջունեց Մայր Աթոռի հոգեւոր կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ Գէորգ եպս. Սարոյեանը: Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը, որ շնորհաւորեց մեծարեալ արուեստագէտը՝ հայ եկեղեցւոյ մրցանակին արժանանալուն համար:
Յովակիմ եպս. Մանուկեան ընթերցեց հայրապետական վկայագիրը, ապա Ամենայն Հայոց հայրապետը «Եղիցի լոյս» մրցանակը յանձնեց Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, ժողովրդական արուեստագէտ, շարժապատկերի բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանին՝ հոգեւոր, մշակութային ու մարդասիրական արժէքներու քարոզչութեան եւ համաշխարհային շարժապատկերի արուեստին մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք, Արտաւազդ Փելեշեան ներկաներուն հետ կիսեց իր զգացումները։
ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՀՆՉԵՂՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Հանրածանօթ դերասանուհի, ֆիլմարտադրիչ եւ բեմադրիչ Նորա Արմանիի նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ տարուան Մարտին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆիլմերու իւրայատուկ փառատօն, նուիրուած «Հասարակական Հնչեղութեան Ժապաւէններու» ցուցադրմանը: Գաղտնիք մը չէ, որ ժամանակակից ժապաւէններու մեծ մասը առնչուած է վայրագութիւններու, բռնութիւններու եւ յարակից բացասական երեւոյթներու հետ, որոնցմէ ձանձրացած է հասարակութիւնը: Փառատօնի ընթացքին պիտի ցուցադրուին դաստիարակչական ժապաւէններ
Փառատօնը նախատեսուած է յառաջիկայ տարուան 14- 21 Մարտի միջեւ:
ՊՐԷՏ ՓԻԹ ԵՒ ԱՆՃԵԼԻՆԱ ՃՈԼԻ ՊԻՏԻ ՊՍԱԿՈՒԻՆ ՆԱՒՈՒ ՎՐԱՅ
Հոլիվուտեան ամենավառ զոյգերէն՝ Պրէտ Փիթ եւ Անճելինա Ճոլի ամոլը որոշած է պսակուիլ նաւու մը վրայ: Հարսանեկան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիին սիրելի Hebridean Princess նաւուն վրայ: Նաւուն վարձքը պիտի արժէ 300 հազար սթերլին գումար մը: Հարսանիքը նաւու վրայ կայացնելու գաղափարը յղացած է զոյգի որդեգիր՝ 11-ամեայ Մետոքսը:
Նշենք, թէ Ճոլի վերջերս գրաւեց Forbes ամսագրի ամենաազդեցիկ կին աստղերու վարկանիշի առաջին հորիզոնականը:
ԿԼԷՈՓԱԹՐԱՅԻ ԳԼԽԱՐԿԸ ԱՃՈՒՐԴԻ ՀԱՆՈՒԵՑԱՒ
Julien’s Auctions աճուրդի տան մէջ վաճառքի հանուեցան Էլիզապէթ Թէյլըրի երեկոյեան զգեստները: Վաճառքի հանուած իրերուն մէջ էր Թէյլըրի ոսկերչական զարդերու հաւաքածոն: Վաճառքի պիտի հանուի նաեւ Կլէոփաթրայի գլխարկը, որուն հետ Էլիզապէթ Թէյլըր 1961-ին նկարահանուած էր համանուն ժապաւէնը:
Էլիզապէթ Թէյլըր, 1961-ին Կլէոփաթրայի դերը կատարելու համար, ստացաւ այդ օրերու համար աստղաբաշխական՝ մէկ միլիոն տոլար գումար վարձատրութիւն մը: Մեծածախս ժապաւէնը նիւթական գետնի վրայ մեծ ձախողութիւն մըն էր: Նկարահանումներու ընթացքին սկսաւ Էլիզապէթ Թէյլըրի եւ Ռիչարտ Պըրթընի սիրավէպը: 1964-ին անոնք ամուսնացան, տասը տարի ետք ամուսնալուծուեցան: 1975-ին վերամիացան, սակայն տարի մը ետք վերջնականապէս բաժնուեցան: Այդ միջոցին, Թէլըր եւ Պըրթըն նկարահանուեցան 11 ժապաւէններու մէջ:
ՊԵՐՃ ԶԷՅԹՈՒՆՑԵԱՆԻ «ԱՍԱԼԱ-Ի ԴԱՏԸ ՓԱՐԻԶՈՒՄ» ԳՈՐԾԸ ԲԵՄ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐԻ
Հայ անուանի արձակագիր, դրամատուրգ, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան, 18 Յուլիսին դարձաւ 75 տարեկան: Այս առիթով, անուանի մտաւորականը յայտարարեց, թէ 2014-ի Գարնանը, Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոնի բեմը պիտի բարձրանայ «ԱՍԱԼԱ-ի Դատը Փարիզում» ներկայացումը՝ Արմէն Խանդիկեանի բեմադրութեամբ: Ան նշեց, թէ սոյն ներկայացումը իրմէ խլած է ութ ամիս ժամանակ:
ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՈՒՐՈՒՎԻԺԸՆԸ՝ 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
Այս տարուան մանկական երգերու Եուրովիժընի մրցանքը տեղի պիտի ունենայ 30 Նոյեմբերին, Քիեւի մէջ: Նշենք, թէ 2012-ի Եուրովիժընի գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ ուքրանուհի Անասթասի Փեթրիքը: Հայաստան պիտի մասնակցի մանկական Եուրովիժընին, սակայն անոր ներկայացուցիչը մինչեւ օրս կը մնայ անորոշ:
Միւս կողմէ, «Եուրովիժըն -2014»ի եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ 10 Մայիսին, Դանիոյ մէջ: Միջազգային երգերու այս փառատօնը Դանիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ «Եուրովիժըն – 2013» վերջ գտաւ դանիացի երգչուհի Էմիլի Տը Ֆորեսթի «Օնլի Թիրտրոփս» երգին յաղթանակով:
ՆՇՈՒԵՑԱՒ « ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐԸ» ՔԱՆԴԱԿԻ ՀԵՂԻՆԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԸ
Մեր յարգելի ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը վերոյիշեալ խորագիրը կարդալով անմիջապէս պիտի յիշէ հայկական ֆիլմարուեստի գոհարներէն, համանուն « Մենք ենք, Մեր սարերը» ժապաւէնը: Արդար ակնկալութիւն: Սակայն այստեղ չաւարտիր պատմութիւնը:
Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ 18 Յուլիսին տեղի ունեցաւ հայ քանդակագործութեան դասական, « Մենք ենք, Մեր սարերը» կամ՝ «Արցախցիները» ծանօթ քանդակի հեղինակ, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Սարգիս Բաղդասարեանի ցուցահանդէսին բացումը, նուիրուած՝ անոր ծննդեան 90-մեայ յոբելեանին:
Աւելի քան յիսուն նախագիծերու հեղինակ Սարգիս Բաղդասարեանի զաւակը Աշոտ Բաղդասարեան պատմեց, թէ «Մենք ենք,Մեր սարերը» յուշարձանը ստեղծուած է 1964-ին, զայն նկատելով իր հօր վարպետութեան մեծագոյն ուժի ցուցադրութիւնը:
Արցախի այցետոմսը նկատուող այս քանկադի հոգեւոր նշանակութիւնը կարելի է համեմատել Փապլօ Փիքասոյի «Խաղաղութեան Աղաւնի» ստեղծագործութեան հետ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՏԻԱՆԱՆ
Քիչերու ծանօթ է, որ Ֆրանսացի դաշնակահարուհի, հաղորդավարուհի, դերասանուհի, բնորդ Տայան Սենտսը զտարիւն հայ է: Անոր իսկական անունն է Տիանա Շնորհիկեան:
Տիանա կը յայտնէ, թէ մանկութենէն սիրած է երաժշտութիւնը, զայն ընդունելով իբրեւ իր կեանքի նպատակը: Ան կ’ընդունի, թէ պատահականօրէն յայտնուած է ձեւագիտութեան աշխարհին մէջ: Խաժ աչքերով,իր սիրահարները խելքահան դարձնող երիտասարդուհին կը խոստովանի, որ բարձրահասակ չըլլալով հանդերձ, անոր լուսանկարները ձեռնտու են առեւտրական լուսանկարահանումներու համար:
Տիանա սովորաբար կը նախընտրէ սեւ գոյնի զգեստ, արծաթէ զարդեր: Ան Հայաստանը կը ներկայացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ « Les origins de la beaute» նախագիծին մէջ: Այս մէկը լուսանկարիչներու եւ ոճաբաններու հայկական խումբի հետ աշխատանքի առաջին փորձն է: Տիանա կ’ըսէ, թէ մականունը ֆրանսացիներու համար դժուար կարդալու եւ արտաբերելու պատճառով փոխած է Սենտսի: Տիանա նաեւ կը խոստովանի, թէ կ’ապրի հայկական ոգիով:
ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ Ի ՊԱՏԻՒ ԵՐԵԿՈՅ
Երեւանի «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Թալալեան Եղբայրներու անուան միջազգային ամենամեայ 4-րդ փառատօնը: Այս ծիրին մէջ կայացաւ երաժշտագէտ, յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի հեղինակային երեկոն: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին մեծ յօրինողին գործերէն: Ապա խօսք առաւ հեղինակը:
Նուագախմբային, երգչախմբային ստեղծագործութիւններու հեղինակ Տիգրան Մանսուրեան ծնած է 27 Յունուար 1939-ին, Պէյրութի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները մեծ յաջողութիւն կը վայելեն համաշխարհային երաժշտութեան բազմաթիւ մայրաքաղաքներու մէջ:
ԱՐՄԵՆՉԻԿԸ ՀԱՄԵՐԳ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկաբնակ երգիչ Արմենչիկ 25 Օգոստոսին, Երեւանի՝ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ պիտի տայ համերգ: Համերգին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի «Նուիրիր Կեանք» հիմնադրամին:
ՏՕՐԻԱՆՍ ԽՈՒՄԲԸ ՆՇԵՑ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Հայկական «Տօրիանս» ռոք-երաժշտական խումբը բացառիկ համերգով մը նշեց իր հիմնադրութեան հնգամեակը: Համերգին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գոռ Սուջեանի քոյրը՝ երգչուհի Եւա Սուջեանը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ
Սուրիոյ ամենածանօթ արուեստագիտուհիներէն, երգչուհի Լենա Շամամեան պիտի մասնակցի Իսթանպուլի Եըլտըզ համալիրին մէջ տեղի ունենալիք երաժշտական համերգին: Շամամեան ելոյթ պիտի ունենայ թուրք արուստագէնտերու ընկերակցութեամբ:
Լենա Շամամեան՝ 2002-ին աւարտած է Դամասկոսի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը: 2007-ին՝ Դամասկոսի պետական երաժշտանոցի դասական երաժշտութեան բաժինը: Ան աշխատած է տարբեր երկիրներու երաժիշտներու հետ: