ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Մարդիկ, ի մասնաւորի` հայերս խօսիլը լսելէն աւելի կը սիրեն: Օրինակի համար, կը սիրենք ամէն առիթի (անխտիր) սրտի խօսք արտասանել: Երբ հեռաւոր երկրէ բարեկամ մը ժամանէ, փոխանակ իր «լուրերը առնելու»` իր բացակայութեան ընթացքին մեզի հետ պատահած եղելութիւնները կը սկսինք պատմել: Երբ «հիւանդտես»-ի երթանք, փոխանակ հիւանդը «հանգիստ ձգելու»` իր հիւանդութեան մասին ամէնէն մանրակրկիտ տեղեկութիւնները կը հարցնենք: Տակաւին կարելի է օրինակներու շարքը երկարել…
Զարմանալին այն է, որ մենք Աստուծոյ հետ ալ նոյն ձեւով կը վարուինք: Այլ խօսքով, աղօթքի ընթացքին, Աստուծմէ աւելի մե՛նք կը խօսինք` խնդրանքներու եւ երազներու բերանացի ցանկ մը շարելով: Կը խօսինք առանց հաշիւի, երբեմն միայն բառերու կոյտի մը վերածելով մեր աղօթքը: Մինչդեռ աղօթքի ատեն Աստուած Ի՛նք պէտք է, որ խօսի մեզի հետ եւ ոչ` հակառակը:
Յակոբոս առաքեալ շատախօսութեան գործած աւերներուն առաջքը առնելու համար մեզի գրած է հետեւեալ հատուածը. «[Լեզուն] Թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ… Լեզուն կրակ է: Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա: Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՛ապականէ եւ գեհենի կրակով բռնկած` մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ» (Ընդհանրական նամակ Յակոբոս առաքեալի 3. 5-6): Առաքեալը շարունակելով` կ՛ըսէ. «Ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՛օրհնենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած եւ դարձեալ անով կ՛անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբը ստեղծուած են: Այսինքն նոյն բերանէն կ՛ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը: Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրնե՛րս» (Անդ 3. 8-11):
Լեզուին աւերները շատ են եւ անհամար: Երբեմն մարդիկ իրենց արտասանած մէկ խօսքով կրնան ամբողջ ընտանիք մը քանդել, արեան հեղումի դուռ բանալ, ընկերային յարաբերութիւններու վերջ դնել եւ այլն: Չմոռնանք, որ մեր Տէրն ու Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոսն ալ լեզուի ճամբով (մատնութեան) խաչուեցաւ: Հոս որքա՜ն կը պատշաճի յիշել Զապէլ Եսայեանի հետեւեալ խօսքը. «Մարդիկ այլեւս չեն համարձակիր սպաննել սուրով եւ զէնքով, բայց կը սպաննեն խօսքերով»: Լեզուին միջոցով կատարուած «սպանութիւնը» աւելի ահեղ է, քան` սուրինն ու զէնքինը, որովհետեւ սուրով կամ զէնքով մարդ միայն մէկ անգամ կը սպաննէ, սակայն լեզուով` ամէն օր: Հոս որքա՜ն կը պատշաճի յիշել հետեւեալ ժողովրդական առածը. «Օձին խայթածը կը բուժուի, բայց լեզուինը չի բուժուիր»:
Լեզուն սանձելու լաւագոյն տիպարը մենք կը գտնենք Նոր կտակարանի առաջին էջերուն մէջ: Այդ տիպարը կը կոչուի Հայր Յովսէփ, որ ունի Քրիստոսի ֆիզիքական հօր կամ խնամակալի դերը:
Հայր Յովսէփ այն աստուածաշնչական դէմքերէն մէկն է, որոնք իրենց պէտք եղած արժէքը չեն ստացած քրիստոնեայ աշխարհին եւ յատկապէս հայ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ: Համատեսական կամ համացուցական աւետարաններուն (Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս) մէջ ալ Հայր Յովսէփին մասին տեղեկութիւններ կը պակսին. անոր մասին յիշուած հատուածները միայն «մատներու վրայ կը հաշուուին»: Սակայն այդ քանի մը հատուածները բաւարար են մեզի սորվեցնելու լռութեան առաքինութիւնը: Այս հաստատումը հիմնաւորելու համար դիմենք Աստուածաշունչին:
Երբ Հայր Յովսէփ իմացաւ, որ իր նշանածը` Մարիամ, յղի է, «չուզեց հանրութեան առջեւ խայտառակել զայն, այլ խորհեցաւ ԼՌԵԼԵԱՅՆ ետ ընել իրենց նշանախօսութիւնը» (Մատթէոս 1. 19): Եթէ ուրիշ մէկը ըլլար Հայր Յովսէփին փոխարէն, ան վստահաբար պիտի նախընտրէր եղելութիւնը հանրութեան յայտարարել եւ հրեայ ռաբբիներուն (վարդապետներուն) մօտ երթալով` պատճառ դառնալ Մարիամ Աստուածածինին քարկոծման (Երկրորդումն Օրինաց 22. 23-24): Սակայն Հայր Յովսէփ նախընտրեց իր ունեցած լռութեան առաքինութիւնը օգտագործել:
Երբ Տիրոջ հրեշտակը երազի ճամբով Հայր Յովսէփին յայտնեց, որ իր նշանածին «մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է» (Մատթէոս 1. 20), ան անսակարկօրէն «կատարեց, ինչ որ Տիրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն» (Մատթէոս 1. 24): Ան դարձեալ լռութեան առաքինութիւնը օգտագործեց:
Երբ Տիրոջ հրեշտակը երազի ճամբով Հայր Յովսէփին հրամայեց, որ Եգիպտոս փախչի, մինչեւ որ Հերովդէսը մահանայ (Մատթէոս 2. 13), ան հակառակ 90 տարեկան ըլլալուն, «գիշերով առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ գնաց Եգիպտոս» (Մատթէոս 2. 14): Ան կրնար տրտնջալ, որ ինք ծերունի է եւ դժուար է իրեն համար քալելով ճամբորդել, սակայն ան նախընտրեց դարձեալ իր լռութեան առաքինութիւնը օգտագործել:
Երբ Տիրոջ հրեշտակը երազի ճամբով Հայր Յովսէփին հրամայեց, որ Իսրայէլի երկիրը վերադառնայ, յայտնելով, որ մանուկին սպաննել ուզողները մահացած են, ան չդժգոհեցաւ, այլ «առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձաւ Իսրայէլի երկիրը» (Մատթէոս 2. 21): Ան դարձեալ լռութեան առաքինութիւնը օգտագործեց:
Երբ տասներկու տարեկան մանուկ Յիսուսը կորսուեցաւ, Հայր Յովսէփ Սրբուհի Մարիամ Աստուածածինին հետ երեք օր շարունակ փնտռեց զԱյն (Ղուկաս 2. 46): Եւ երբ գտաւ զԱյն, ան որեւէ յանդիմանական խօսք չըսաւ:
Հայր Յովսէփ շատ պարզ եւ միաժամանակ լուռ անձ մըն էր: Ան իր կեանքին ընթացքին ո՛չ խօսեցաւ, ո՛չ տրտնջաց եւ ո՛չ ալ «քարոզ կարդաց», կարծէք սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքին հնազանդելով` «Լռութեամբ հնազանդէ՛ Տիրոջ» (Սաղմոս 37. 7): Հակառակ դժուար պատահարներուն եւ իր յառաջացած տարիքին, ընդունեց ու խնամեց «ուրիշին» զաւակը եւ յանձն առաւ բազմաթիւ առիթներով Աստուծոյ կամքին հնազանդելով` ճամբորդել հեռաւոր մղոններ:
Սիրելի հաւատացեալ ընթերցող, սորվինք լռութեան առաքինութիւնը Հայր Յովսէփէն: Մեր կեանքին ընթացքին բազմաթիւ առիթներով մեր իրաւունքը կը կորսնցնենք, որովհետեւ կը խօսինք: Մեր կեանքին ընթացքին այնպիսի կացութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուինք, որ չենք հասկնար Աստուծոյ ծրագիրը, որովհետեւ կը խօսինք: Սակայն նախընտրելի է, որ լռենք, որպէսզի Աստուած Ի՛նք խօսի: Ս. Աթանասիոս կ՛ըսէ. «Բազմաթիւ անգամներ զղջացի խօսելուս համար, սակայն լռութեանս համար երբե՛ք չզղջացի»:
Սիրելի՛ ընթերցող, երբեմն թոյլ տուր, որ Աստուած Ի՛նք խօսի: Թոյլ տուր, որ Տէրը լսէ լռութեան ճամբով քու ըսածդ, որպէսզի քեզի ճի՛շդ պատասխանը տայ: Միշտ մտաբերէ, որ Աստուած լռութիւնդ կը լսէ եւ հաշուի կ՛առնէ: Կրնայ ըլլալ, որ քու ամէնէն մօտ բարեկամներդ չլսեն քու լռութիւնդ, սակայն Աստուած կը լսէ, որովհետեւ սիրտիդ մէջ կը բնակի:
Անթիլիաս, Լիբանան