Եմէն դարձեալ կ’այրի: Սանաայի մէջ ժողովուրդը երկար եւ ճակատագրական պատերազմի մը վերջին նախապատրաստութիւնները կը կատարէ: Յաջորդական երեք օրերու ընթացքին բանակի երկու զօրավարներ սպաննուեցան, օդանաւ մը վար առնուեցաւ: Նախագահ Սալեհի հաւատարիմ հարիւրէ աւելի բանակայիններ ինկան մայրաքաղաքին արուարձաններուն մէջ:
Միջազգային ընտանիքը, յատկապէս արաբական աշխարհը կ’ակնկալէր, որ Եմէնի նախագահը դասեր քաղած ըլլար իր սխալներէն: Սակայն, Ալի Սալեհ ոչինչ սորված է իր անցեալէն, ոչ իսկ հետեւած՝ իր դրացի պետութիւններուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Համախոհութիւն ստեղծելու արաբական եւ միջազգային ճիգերը մատնուեցան ձախողութեան: Ոչ ոք կ’ակնկալէր, որ Եմէնի նախագահը վերադառնայ Սէուտական Արաբիայէն: Բանակը կը հետեւի անոր զաւկին հրահանգներուն:
Տակաւին քան՞ի հարիւր քաղաքացիներ պիտի զոհուին, որպէսզի Եմէնի նախագահը հասկնայ, թէ իր իշխանութեան ժամանակաշրջանը հասած է վերջակէտին: Տակաւին քանին՞ր պէտք է զոհուին, որպէսզի միջազգային ընտանիքը սանձէ Սալեհի քմահաճութիւնները: Արաբական, իսլամական, արեւմտեան պետութիւններու ղեկավարներ՝ առանց յաւելեալ արիւնահոսութեան իշխանութենէն հեռանալու խորհուրդներ կու տան Սալեհին: Արաբական Ծոցի Համագործակցութեան անդամ պետութիւնները տագնապէն դուրս գալու երեք տարբեր նախաձեռնութիւններ ներկայացուց են Սալեհին: Անոնք մինչեւ իսկ անձեռնմխելիութեան երաշխիքներ խոստացան Սալեհին: Վերջինս կը շարունակէ յամառիլ եւ տակաւին չի համոզուիր, թէ մաս չի կրնար կազմել լուծումին, որովհետեւ դարձած է տագնապին հիմնախնդիրը:
Յառաջիկայ օրերուն, յաւելեալ խիզախ քայլեր կ’ակնկալուին միջազգային ընտանիքէն: Եմէնի զարգացումներուն կապակցութեամբ ՄԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու խորհրդաւոր լռութիւնը, զոհերու թիւը ծածկելու ոմանց միտումը, տակաւ անհանդուրժող ու վայրագ կը դարձնեն Սանաայի հեղինակազուրկ վարչակարգը: Ժամանակը հասած է, որ Միացեալ Նահանգներ հրաժարի «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ի պատրուակելով Եմէնի հողերուն վրայ ռազմական խարիսխներ կառուցելու ճիգերէն եւ մատը դնէ Եմէնի իսկական վէրքին վրայ: Միացեալ Նահանգներ միջնորդի փոխարէն՝ Իսրայէլի պաշտպան Փաստաբանը դարձած է դժբախտաբար: Միջազգային ընտանիքին անտարբերութիւնը պատճառ պիտի դառնայ յաւելեալ անմեղներու կորուստին: Լռութիւնը բարոյական սնանկութեան նախանշան է միաժամանակ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com