ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Մեր կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք միայն կը խօսին: Խօսելու, լաւ խօսելու կողքին, ճարտասան եւ տպաւորիչ ելոյթներ ալ կ՛ունենան: Մեր դպրոցական տարիներուն կային ուսուցիչներ, որոնք միայն դասը կը բացատրէին, եւ երբ հարցում ուղղէինք, անպատասխան կը մնայինք: Նոյնիսկ հարցումը լսելու ճիգ չէր ըլլար անոնց կողմէ:
Աւելի ուշ, երբ երիտասարդ դարձանք, միութենական եւ ժողովական կեանքի մէջ միշտ ալ հանդիպեցանք մարդոց, որոնք միայն իրենց ըսելիքը կ՛ըսէին եւ դիմացինին խօսածը մտիկ չէին ըներ:
Տարիներու վրայ կեանքի, գործի, ընտանեկան եւ հասարակական կեանքի մէջ խօսելու եւ դիմացինը չլսելու վնասները միշտ ալ կրած ենք: Ուրիշին ըսածը լսելու կարեւորութիւնը որքան արդիւնաւէտ կ՛ըլլար, երբ փոքր տարիքիդ գիտնաս լսելու կարեւորութիւնը:
Պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնն ալ նոյն սկզբունքով կը գործէ: Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւնը, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի լարուածութիւնները, Լիբանանի ժողովրդային պոռթկումի եւ իշխանութեան հարցը, իշխանութիւնը ինքնիր մէջ, ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ ուժերու յարաբերութիւնը… Ոչ ոք լսելու պատրաստ է: Միայն ըսելիքը ըսելու, ըսելիքը շեշտելու ու ծայրայեղութիւններու երթալու արուեստ մը կայ:
Իսկ մեր հայրենիքին մէջ, Եռաբլուրի յստակ պատգամէն անկախ, ոչ ոք պատրաստ է դիմացինը լսելու: Միայն պահանջելով եւ հակադարձելով երկիր չի կառուցուիր: Եռաբլուրի պատգամը միասնակամ ըլլալու, Նոր Հայաստան կերտելու պատգամ է: Տակաւին հողը թաց է, եւ մենք իրար բզքտելու ախորժակներ կը սրենք:
Որքան կարեւոր է իրարու լսելը: Մտածենք եւ ըստ այնմ քայլեր առնենք:
Որքան կարեւոր է դիմացինին ըսածը հասկնալը, նոյնիսկ եթէ քեզի հաճելի չէ ըսուածը: Իրականութիւնը ընդունիլը եւ նոր սկիզբ դնելը հաւաքական ճիգ կ՛ենթադրէ:
Հաւաքական ճիգն ալ երեք բան կը պահանջէ.
1.- Խելք
2.- Քաջութիւն
3.- Սիրտ
Խելք` լաւ մտածելու, խօսելու եւ լսելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ եզրակացնել:
Քաջութիւն` սխալը ընդունելու եւ համապատասխան քայլեր առնելու համար, որպէսզի սխալը սրբագրուի:
Սիրտ, որովհետեւ եթէ բոլորս մեր սրտով չաշխատինք հայրենիքի բարօրութեան եւ հզօրացման համար, չգործենք անանձնականութեամբ եւ նուիրումով ոչինչ իմաստ կ՛ունենայ, եւ ոչ մէկ տեղ կը հասնինք:
Լսելու կարեւորութիւնը ճի՛շդ ասոր համար է: