ՊԷՅՐՈՒԹ, «Զարթօնք».- Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը 21 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր նիստին ընթացքին ամփոփեց առցանց ձեւաչափով տեղի ունեցած տարածաշրջանային խորհրդաժողովներու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրեց համահայկական խորհրդաժողովի կազմակերպման հնարաւորութիւնը 2022ի Գարնան:
Համակարգող խորհուրդը քննարկեց համահայկական յառաջիկայ համաժողովի հնարաւոր թեման եւ օրակարգը, կայացման վայրին եւ թուականին վերաբերեալ առաջարկութիւները, նաեւ որոշեց համաժողովին մէջ ընդգրկուելիք հարցերու վերաբերեալ ստանալ եւ ամփոփել հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն լրացուցիչ առաջարկները, եթէ անոնք չեն հնչած առցանց համաժողովներու ընթացքին:
Արձանագրուեցաւ, որ առցանց խորհրդաժողովները ձեւաւորած են ժամանակակից միտումներու հետ համահունչ օրակարգ, որուն նպատակն է զարգացնել հայկական լրատուամիջոցները եւ ապահովել համագործակցութեան շարունակականութիւնը:
Համակարգող խորհուրդը որոշեց իր յառաջիկայ լիագումար նիստը գումարել մինչեւ տարեվերջ.
Լրագրողներու համահայկական համաժողովի օրակարգին լրացուցիչ թեմաներու վերաբերեալ նիւթերու համար, լրատուամիջոցները համակարգող խորհուրդին հետ կարելի է կապ հաստատել [email protected] ելեկտրոնային հասցէով:
Համակարգող խորհուրդի կազմի անդամներն են. Արամ Անանեան՝ «Արմէնփրէս» պետական լրատուական գործակալութեան տնօրէն, Սաթիկ Սէյրանեան՝ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, Տիգրան Յարութիւնեան՝ «Նոյեան Տապան» լրատուական գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն եւ Լրատուամիջոցներու համա հայկական ընկերակցութեան նախագահ, Միքայէլ Հաճեան՝ լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան, Շահան Գանտահարեան՝ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, եւ Սեւակ Յակոբեան՝ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր: