Սիրելի՛ հայորդիներ,
Յառաջիկայ երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի 7,8,9 մարտ 2022-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի անդամ Պերճ Աբգարեանի, բժշկական անվճար ծառայութիւն պիտի մատուցեն լիբանանահայ գաղութին: Բժշկական տարբեր մասնագիտութեանց բժիշկներ, ինչպէս` ներքին հիւանդութիւններ, մանկաբուժ, ատամնաբուժ եւ վիրաբուժ, ըստ իրենց մասնագիտութեանց «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ պիտի ընդունին եւ հոգատարութիւն ցուցաբերեն քրոնիկ հիւանդութիւններէ տառապող, մանր վիրահատութիւններու կարիքը ունեցող, ատամներու հարցեր դիմագրաւող հիւանդներու, ինչպէս նաեւ երեխաներու:
Ֆրեզնոյի հայ բժիշկներու այս նախաձեռնութիւնը իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունի գաղութիս կեանքին մէջ: Այս եզակի երեւոյթը իր մտայղացումով թէ գործնականացումով վստահաբար կը գօտեպնդէ մեզ եւ կը մղէ գիտակցելու, թէ լիբանանահայ գաղութը իր դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ու առողջապահական ներկայ տագնապին մէջ առանձին ու անպաշտպան չէ, եւ թէ Լիբանանի ու լիբանանահայ գաղութի կեանքը առաջնահերթ մտահոգութիւն է սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն համար:
Արդարեւ, Ֆրեզնոյի հայ բժիշկներուն առաքելութիւնը մարդասիրական ու բարեսիրական իր բնոյթով մեծ նպաստ պիտի ունենայ մեր կեանքին մէջ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ