Ուրբաթ, 18 Յունուարին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած եւ յատկապէս լիբանանեան դարմանատուներուն մէջ առողջապահութեան ու մատուցուած ծառայութիւններու մակարդակի բարձրացման նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին 25 առողջապահական կեդրոններ, որոնց կարգին ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը պարգեւատրուեցան` միջազգային մակարդակով վարկաւորման արձանագրած իրենց յաջողութեան համար:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբանանի տարածքին գործող ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէ աւելի քան 200 ԼՕԽ-ականներ:
Այս առիթով խօսք առաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ նախարարութիւնը յանձնառու կը մնայ բժշկական հոգատարութիւն տրամադրելու բոլոր անոնց, որոնք ապահովագրուած չեն:
Նախարարը ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը առողջապահական նախնական հոգատարութիւն պիտի ապահովէ բոլոր լիբանանցիներուն, նոյնիսկ եթէ անոնք կը գտնուին գաւառներուն մէջ:
Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց առողջապահական նախնական հոգատարութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ այդ ծրագիրին միջոցով կարելի է լաւագոյնս ծառայել լիբանանցի քաղաքացիներուն բժշկական անմիջական կարիքներուն:
Ան մաղթեց, որ 18 Յունուարը Լիբանանի մէջ դառնայ Առողջապահական նախնական հոգատարութեան ազգային օր:
Իր կարգին, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ալի Հասան Խալիլի, որ իրեն շնորհած է այս ձեռնարկը հովանաւորելու պատիւը: Ան շեշտեց, որ նախարարութեան կողմէ առողջապահական նախնական հոգատարութեան այս ծրագիրը յայտարարելու նախաձեռնութիւնը անկիւնադարձային է Լիբանանի պատմութեան մէջ, որովհետեւ այս ծրագիրին շնորհիւ է, որ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն, յատկապէս գիւղերուն մէջ պիտի ապահովուի քաղաքայիններուն բժշկական խնամքը:
Պըրրի նշեց նաեւ, որ առողջապահական նախնական հոգատարութեան այս ռազմավարական ծրագիրին Լիբանանի տարածքին գործող 170 կեդրոնի կողմէ որդեգրումը իր կարգին ազգային այլ նուաճում մըն է եւ անոր գործադրութեան յաջողութիւնը բոլորին պարտականութիւնն է` սկսեալ լիբանանեան պետութենէն հասնելով մինչեւ քաղաքապետարանները, միութիւններն ու բարեսիրական հաստատութիւնները:
Աւարտին յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան 170 կեդրոններէն զատորոշուած այն 25 կեդրոններուն, որոնք վարկաւորման հանգրուանը յաջողութեամբ շրջանցած էին եւ փաստած, որ իրենց ծառայութիւնը միջազգային ճշդուած չափանիշներուն կը համապատասխանէ: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին յուշանուէրը ստանձնեց կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղրեան: